«Ես Կ’աղօթեմ Հալէպի Համար». Յարութիւն Սէլիմեանին Ըսած Է Հռոմի Պապը - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

01 Temmuz 2016  

«Ես Կ’աղօթեմ Հալէպի Համար». Յարութիւն Սէլիմեանին Ըսած Է Հռոմի Պապը -

«Ես Կ’աղօթեմ Հալէպի Համար». Յարութիւն Սէլիմեանին Ըսած Է Հռոմի Պապը «Ես Կ’աղօթեմ Հալէպի Համար». Յարութիւն Սէլիմեանին Ըսած Է Հռոմի Պապը

Հալէպի իրավիճակի, Հռոմի պապի Հայաստան կատարած այցի շուրջ է «Հայերն այսօր»-ը հարցազրոյց մը ունեցած է Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի հետ:

– Վերապատուելի՛, ինչպիսի՞ իրավիճակ էայսօր Հալէպի մէջ:

– Անցած շաբաթ սուրիական օդուժը, ռուսական օդուժի օգնութեամբ` հարուածներ ուղղեց Հալէպի խաղաղ բնակչութեան թիրախ դարձուցած ահաբեկիչներուն ուղղութեամբ: Շատ ուժգին ռմբակոծութիւններ, օդային մարտեր տեղի ունեցան: Այնպիսի կրակէ ամպ գոյացած էր, այն տպաւորութիւնն էր, թէ Հալէպը կ’այրի: Ռմբակոծութիւններու թիրախը, բնականաբար, Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը չէր, սակայն յարձակողական հարուածները մեծ իրարանցում յառաջացուցին մարդոց մէջ:

Երէկ եւ այսօր Հալէպի մէջ իրավիճակը համեմատաբար խաղաղ է:

Այս անելանելի կացութեան մէջ նոյնիսկ` ժողովուրդը վճռականութեամբ եւ մեր գործունէութիւնները` ազգային, մշակութային, եկեղեցական, կրթական, ծաւալելու յանձնառութեամբ լի է:

Երէկ Հայ աւետարանական երկրոդական վարժարանի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցած ձեռնարկը մէկ անգամ եւս փաստեց, որ մեր ժողովուրդը կրթութեան, մշակոյթի ծարաւ է: Հայապահպանութեան գործօնը միակ երաշխիքն է մեր ժողովուրդին: Միաժամանակ ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն օրինակը, որովհետեւ անկախ դժուարութիւններէն, մեր ժողովուրդը կարեւոր կը համարէ նաեւ գիտութեամբ, մշակոյթով զինուած ըլլալը: Երբ երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները բեմի վրայ հայերէն կ’ասմունքէին, կ’երգէին, կը պարէին, մեծ յուզմունք յառաջացուց ներկաներուն մօտ:

Այս է մեր դրուածքը, մեր ժողովուրդի նկարագիրը: Նոյնիսկ պատերազմական պայմաններուն մէջ ժողովուրդը ջանք կը թափէ կառչած մնալ իր աւանդոյթներուն, մշակոյթին, եկեղեցւոյ:

– Վերջին օրերուն, երբ Սուրիոյ մէջ վերջացած են աւարտական քննութիւնները շա՞տ մարդ հեռացած է Հալէպէն:

– Այս թեման վերջին օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ շատ կը շահարկուի: Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, որ այո՛, Հալէպի մէջ բնակչութեան մէկ մասը կը սպասէր պետական քննութիւններու աւարտին, որպէսզի Հալէպէն ժամանակաւոր դէպի առաւել ապահով վայր տեղափոխուի: 2-3 շաբաթներու ընթացքին անոնք հեռացան Հալէպէն դէպի Սուրիոյ առաւել ապահով շրջաններ, ինչպէս օրինակ` Քեսապ, Լաթաքիա եւ այլն: Սա ներքին տեղափոխութիւն է` ապահովական նկատառումներէ ելլելով: Թէեւ, եթէ պատերազմը ուժգնութեամբ շարունակուի, այս ընտանիքները դեռ երկար կը բացակային Հալէպէն:

– Վերապատուելի՛, օրերս Դուք Քեսապի մէջ էիք: Որ՞ն էր այցի պատճառը:

– Երկու տարի առաջ, երբ գրոհայինները ներխուժեցին Քեսապ, մեծ վնաս պատճառեցին, հրկիզեցին մեր բնակարանները, եկեղեցիները, ակումբները, վարժարանները: Երբ ամիսներ անց, Քեսապի ազատագրումէն ետք վերադարձան` հանգրուան առ հանգրուան սկսաւ քաղաքի վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքները ` տուն, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ:

Քեսապի Հայ առաքելական եկեղեցին նորոգուեցաւ նոյն տարին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին շատ վնասներ չէր կրած, իսկ Աւետարանական եկեղեցւոյ Քեսապի մէջ գտնուող բոլոր 4 եկեղեցիները հրկիզուած էին ու քանդուած: Հերթով սկսանք եկեղեցիներու նորոգման աշխատանքները: Երկար ժամանակ մեզմէ պահանջուեցաւ եւ հիմա գրեթէ վերջին հանգրուանին հասած ենք: Գրեթէ երկու ամիսէն տեղի կ’ունենայ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաբացումը: Շուտով կը վերաբացուի նաեւ Քեսապի հրապարկին վրայ գտնուող Հայ աւետարանական միութեան մշակութային կեդրոնը: Ատիկա 1880 թուականին կառուցուած Հայ աւետարնական առաջին վարժարանն է, որ մշակութային կեդրոնի վերածուած է:

Միեւնոյն ժամանակ այցը նպատակ ունէր ժողովուրդին խրախուսել, քաջալերել, օժանդակութիւններ հասցնել: Քեսապի վերջին տեղահանութենէն ետք` բնակչութեան մօտ 60 տոկոսը վերադարձած է, 20-25 տոկոսը Լաթաքիոյ մէջ հաստատուած են, իսկ 10-15 տոկոսը հեռացած են Հայաստան կամ այլ ուղղութիւններով:

Քեսապը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի բոլորիս համար` որպէս Կիլիկեան Հայաստանէն ժառանգուած հարստութիւն: Մեր նախնիներէն ժառանգուած հողերուն վրայ շուրջ 1000 տարի կառչած իր արմատներուն` կ’ապրի մեր ժողովուրդը: Քեսապը մեր հարստութիւնն է: Մեր մշակութային, ազգային աւանդոյթները պահպանելու, մեր կեանքը այդ հողերուն վրայ շարունակելու համար` ամէն զոհողութեան պատրաստ ենք:

Այսօր Քեսապի ապահովական վիճակը, կենցաղը շատ աւելի լաւ է, քան օրինակ` Հալէպի մէջ: Այստեղ կայ ելեկտրականութիւն, ջուր: Ու եթէ Հալէպի մէջ իրավիճակը սրուի եւ մարդիկ ստիպուած ըլլան քաղաքէն հեռանալու` առաջին հանգրուանը, կը կարծեմ, Քեսապը կրնայ ըլլալ: Իսկ եթէ երկարի այս իրավիճակը Սուրիոյ մէջ, ապա ես միշտ յայտարարած եմ, որ ուղղութիւնը միայն Հայաստան պէտք է ըլլայ, եւ ոչ թէ ուրիշ երկիր:

– Վերապատուելի՛, Դուք նախորդ շաբաթ մասնակցեցաք նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի այցի ծիրէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ նշանակութիւն ունէր այցը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հայ ժողովուրդին համար:

– «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսը ինքնին մեծ խանդավառութիւն յառաջացնող եւ ընդհանրական խորհուրդ ունէր մեր ժողովուրդին համար, ինչպէս դիւանագիտական, այնպէս ալ հայկական ներկայութիւնը փաստող ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Հայաստանէն դուրս:

Հռոմի պապի այցը մեծ խորհուրդ ունէր, որոնք ես կը ցանկայի ամփոփել երեք կէտերով:

Առաջին` Հռոմի պապը Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ մէկ տարի առաջ Իտալիոյ մէջ` մեր նահատակներու յիշատակը ոգեկոչող պատարագի ժամանակ, վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Պապի այս քայլը մեզի համար շատ դռներ կրնայ բանալ: Սա շատ լաւ առիթ է, որպէսզի Վատիկանի արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց ցեղասպանութեան վաւերագիրները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով շուրջ 100 տարի ուսումնասիրութենէ դուրս մնացած են, ուսումնասիրուին:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան երկրորդ կարեւոր խորհուրդը այն է, որ վերահաստատուեցաւ Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք պաշտօնականացուած էին եւ ինչ-որ առումով` սառը:

Երրորդ խորհուրդը այն է, որ Հռոմի պապը մեզի փոխանցեց խոնարհութեան, խաղաղութեան, մարդոց ու Աստուծոյ ծառայելու իր վերաբերմունքն ու պատգամը: Անոր` իսկական եկեղեցականի աստուածահաճոյ յայտարարութիւնները ոչ միայն մեծ օրհնանք էին բոլորիս համար, այլեւ ան այդ օրհնութիւնը բաշխեց Հայաստանին եւ Սփիւռքին:

Գիւմրիի մէջ պատարագ մատուցելով, ան` որպէս կաթոլիկ համայնքի Քահանայապետ, վերարժեւորեց Հայ կաթոլիկ համայնքի գործունէութիւնը Հայաստանի, ի մասնաւորի` Գիւմրիի մէջ, ուր մեծ թիւով կաթոլիկ համայնք կայ:

Իսկ Հռոմի պապի այցը, առհասարակ, մեծ ապտակ էր այն պետութիւններուն, մասնաւորապէս Թուրքիոյ, որոնք այսօր կը շարունակեն իրենց պատերազմական գործողութիւնները: Պապի յայտարարութիւնները անարձագանք չմնացին: Թուրքիոյ պատասխանը չուշացաւ, աւելին` ան իր յայտարարութիւններով փորձեց վարկաբեկել Հռոմի պապին:

Իրականութեան մէջ Հռոմի պապի խաղաղութեան պատգամը եւ աւետիսը, մեծ բնաբան ու խորհուրդ կը կրէր իր մէջ: Խաղաղութիւն, որուն կարիքը համայն մարդկութիւնը ունի:

Հայաստանէն Հռոմի պապը ի լուր աշխարհի յայտարարեց, որ հակամարտութիւններու լուծումը պատերազմը չէ: Պէտք է փորձել լեզու գտնել իրարու հետ, հաշտութիւն կնքել, որպէսզի խաղաղութիւն վերահաստատուի: Եկեղեցւոյ առաջնորդը շատ նուրբ դիւանագիտութեամբ կրցաւ քարոզել, որ պատերազմը լուծում չէ ազգերու համակեցութեան:

– Վերապատուելի՛, երեքօրեայ ձեռնարկներէն ո՞րն էր Ձեզի համարամեն ախորհրդանշականը:

– Նախ շնորհակալ եմ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին, որ հրաւիրեց զիս ներկայ գտնուելու Հռոմի պապի եռօրեայ այցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Հրաւէրը ես մեծ հաճոյքով ընդունեցի, իսկ Հայաստանի մէջ` օրհնուեցայ:

Ինծի համար մեծ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ստացաւ առաջին օրը, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան արարողութիւնը: Աւարտին ես հնարաւորութիւն ունեցայ ողջունելու եւ մօտ 1 վայրկեան զրուցելու Հռոմի պապին հետ: Ան շատ հետաքրքիր կերպով արտայայտուեցաւ Հալէպի մասին` ըսելով. «Հալէպը նահատակ ժողովուրդ է, եւ ես կ’աղօթեմ Հալէպի համար»: Այս խօսքերը մեծ կարեւորութիւն ունին ոչ միայն ինծի համար: Այս խօսքերը կը փաստեն, որ Հռոմի պապի աղօթքներուն եւ մտքերուն մէջ Հալէպը եւս տեղ ունի:

Սա պատգամն է նաեւ մեզի, որ իւրաքանչիւրս` որպէս խաղաղութեան աղաւնի, մեր հոգիով, մտքով, համբերութեամբ` շարունակենք խաղաղութեան դեսպան դառնալ Սուրիոյ համար, որպէսզի երկնային, մարդկային իրաւունքով եւ արժանապատուութեամբ կարենանք խաղաղութիւն հաստատել մեր զաւակներուն եւ գալիք սերունդներուն համար:

Զրուցեց` Լուսինէ Աբրահամեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+