01 Temmuz 2016
Երէկ` Յունիս 30-ին սպանական Փայփորթա (Paiporta) քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
Քաղաքային խորհուրդը եւ անոր մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայն կողմ քուէարկեցին ներկայացուած յայտագիրին:
Այս քայլով Փայփորթան համալրեց շուրջ երկու տասնեակ սպանական քաղաքներու ցանկը, որոնց քաղաքապետարանները արդէն իսկ ընդունած են նման օրինական յայտարարութիւններ:
Քաղաքային խորհուրդի նիստի աւարտին, յայտագիրը ներկայացուցած «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան, միութեան եւ Սպանիոյ ամբողջ հայ համայնքի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքային խորհուրդին` ընդունուած օրինական յայտարարութեան համար: