13 Haziran 2016
Ամերիկահայութիւնը ներկայացնող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ Ուրբաթ, Յունիս 10-ին, Լոս Անճելըսի մօտ Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան գերմանացի պաշտօնատարներու հետ, քննելով Գերմանիոյ խորհրդարանին (Պունտեսթակ) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ համայնքային պատուիրակութիւնը բաղկացած էր հետեւալներէն. Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), Գաբիրէլ Մոլոյեան (Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն), տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն), Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմ), Բագրատ վրդ. Պերճէքեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմ), վեր. Պերճ Ճամպազեան (Հայ աւետարանական եկեղեցի), Թալին Եագուպեան (ՀԲԸՄ) եւ Մարօ Փափազեան (ՀՕՄ)։
Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնակատար Սթեֆան Պէյտերմանի կողքին, սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քայ Ուվէ Սփայշըր եւ Փիթեր Շմիթ։
Խորհրդակցութեանց կիզակէտը Յունիս 2ին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւն էր. հայկական պատուիրակութիւնը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ նշեալ բանաձեւով ոչ միայն Գերմանիան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կ՛ընդունի Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը եւ կոչ կը կատարէ վնասուց հատուցումներ կատարելու, ներառեալ՝ հայութեան բռնագրաւուած ստացուածքներուն եւ եկեղեցիներուն վերադարձը։ Քննուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքի ելոյթը, ուր կոչ եղած էր Գերմանիոյ իշխանութեանց եւ Թուրքիոյ, որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Գերմանացի պաշտօնատարները շեշտեցին, թէ Գերմանիոյ պատմական պատասխանատուութիւնն էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը՝ պատմական իրողութիւնները հաստատելու համար, որպէսզի անոր միջոցաւ նպաստէ համաշխարհային արդարութեան հաստատման եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան։