13 Haziran 2016
Հանրայայտ երգահան ու երաժիշտ Սերժ Թանկեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի թրքական ծագումով բոլոր պատգամաւորներուն, որոնք արիաբար կողմ քուէարկած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Այս մասին երգիչը գրած է Facebook-ի իր էջին։
«Կ՝ուզեմ անձամբ շնորհակալութիւն յայտնել Գերմանիոյ խորհրդարանի թրքական ծագումով բոլոր խորհրդարանականներուն, որոնք արիաբար քուէարկեցին համաձայն իրենց խղճին` Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օգտին:
Իբրեւ միջազգային հանրութիւն, մենք երբեք պէտք չէ արտօնենք, որ ճշմարտութիւնը բարձրաձայնողները հետապնդուին բռնակալներու հետ կապուած յանցագործներու կողմէ»,- գրած է Սերժ Թանկեան:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 2–ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, որուն կողմ քուէարկեցին նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք պատգամաւորները: