23 Mayıs 2016
Անտոնեան միաբանութեան համալսարանի հիմնադրութեան տօնին առիթով, համալսարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց «Հայկական օր» մը, որ ստացաւ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու բնոյթ:
Ուրբաթ, 20 մայիսին Անտոնեան միաբանութեան համալսարանի Հատաթի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ ինք լիբանանցի քաղաքացի մըն է, որ միայն մէկ քաղաքացիութիւն` լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունի, աւելցնելով, որ ինք զաւակն է այնպիսի ժողովուրդի մը, որ պայքարած է իր ազատութեան համար, ինչպէս նաեւ զաւակն է այն ժողովուրդին, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ճանչցող առաջին ժողովուրդն է` հայութիւնը, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած է, որովհետեւ մերժած է նուաստացումը, ճնշումը եւ անձնատուր ըլլալը:
Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ ինք զաւակն է այն մարդուն, որ իր հայրը չէ ճանչցած, որովհետեւ ան զոհուած է 1915-ին թուրքերուն ձեռամբ գործուած Ցեղասպանութեան ընթացքին: «Ես զաւակն եմ Լիբանան հաստատուած այն մարդուն, որ ուզեց աշխարհին ապացուցել, թէ հայերը անբաժանելի մասնիկն են այս երկրին, ինչպէս նաեւ Լիբանան կոչուած այս հրաշքին սիւներէն են», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք` իբրեւ Արարատ լերան երկրէն եկող հայ մը, Լիբանանի Մայրիին եւ Սաննին լերան մէջ կը տեսնէ իր ինքնութիւնը, իր պայքարը, եւ անիրաւութեան ու ցեղասպանութեան դէմ իր դիմադրութիւնը:
«Ես լիբանանահայ մըն եմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կը յիշեմ եւ կը յիշեցնեմ, որ մայիս ամսուան ընթացքին կը նշենք Լեռնալիբանանի սովը, 6 մայիսի կախաղանները, որոնց վրայ բարձրացան քրիստոնեան եւ իսլամը: «Հայկական օր»-ը առիթ մըն է միասնաբար յիշելու, որ մենք մէկ երկրի զաւակներ ենք, մեր պատմութիւնը եւ աւանդութիւնները միացեալ են: Մենք նոյն ճակատագիրը եւ նոյն ապագան ունեցող ժողովուրդներու զաւակներ ենք, եւ կը պայքարինք նոյն թշնամիին դէմ, որ միայն սով կը տարածէ, ցեղասպանութիւններ եւ ամէն տեսակի սպանդներ կը գործէ: Մենք այսօր անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնը համերաշխութեան եւ արեամբ մկրտուելու յարաբերութիւն մըն է, որ սկսած է դարեր առաջ եւ հզօր կերպով պիտի գոյատեւէ առյաւէտ», ըսաւ ան:
Իր խօսքի աւարտին, Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց ուսանողներուն եւ համալսարանի տնօրէնութեան` մաղթելով, որ համալսարանը մնայուն յառաջդիմութիւն կ՛ապրի` մնալով գիտութեան, մշակոյթի, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքակրթութեան փարոս մը:
Ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուեցան լիբանանահայ անձնաւորութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնց շարքին էր նաեւ «Ազդակ» օրաթերթը:
«Հայկական օր»-ը խորհրդանշուեցաւ նաեւ այդ ձեռնարկին բոլոր մասնակիցներուն կողմէ իրենց անունները հայերէնով գրելու պաստառով մը: