16 Mayıs 2016
Վաղը` երկուշաբթի, 16 մայիսին, Թուրքիոյ Ազգային ժողովը օրակարգի վրայ պիտի ունենայ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագիծը: Ասիկա խիստ վտանգաւոր քայլ մըն է, որ պիտի նուիրագործէ ընդդիմադիր երեսփոխաններու դէմ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնած մարդորսութիւնը:
Կարելի չէ այլ կերպ բնութագրել այս օրինագիծը, որովհետեւ այդ մարդորսութիւնը գործադրութեան մէջ է տարիներէ ի վեր: Աստիճանաբար ան զարգացաւ` հասնելու մինչեւ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի դահլիճները եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններուն: Մէկ շաբթուան ընթացքին Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) անդամները երեք տարբեր առիթներով ֆիզիքական յարձակումի ենթարկեցին ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) երեսփոխաններուն:
Թրքական մամուլը սոյն բռնարարքները կ՛որակէ «քաւկա», այսինքն` վէճակռիւ: Իսկ Արեւմտեան մամուլը զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ «բռնցքամարտ»: Սակայն այս արարքները աւելի վախազդու են, քան «քաւկա»-ն կամ «բռնցքմարտ»-ը: Եղածը պարզապէս ընդդիմադիր երեսփոխաններու դէմ մարդորսութիւն է, որ կրնայ աւարտիլ անոնց ֆիզիքական ոչնչացումով: Այս եղերական վախճանը աւելի քան իրական է ԺԺԿ-ի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի պարագային: Բռնարարքներու յարաճուն զարգացումը խօսուն է այս մասին:
Բռնարարքներու առաջին գրոհը կատարուեցաւ անցեալ ապրիլ 27-ի խորհրդարանի լիագումար նիստին, երբ ԺԺԿ-ի քիւրտ երեսփոխան Ֆերհատ Էնչիւ խիզախութեամբ ամբաստանեց կառավարութիւնը անմեղ քաղաքացիներու դէմ կատարուող անխնայ ռմբակոծումներուն համար:
Խորհրդարանական բռնարարքներու երկրորդ հանգրուանը սկսաւ ապրիլ 28-ին` անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագծի քննարկման համար կայացող սահմանադրական յանձնաժողովի նիստին: Նիստի սկիզբը ԱԲԿ-ի երեսփոխանները պահանջեցին բոլոր լրագրողներու ժողովասրահէն հեռացումը, ինչպէս նաեւ` նստավայրի փոփոխութիւնը: Երբ ԺԺԿ-ի երեսփոխանները ընդդիմացան այս կրկնակ պահանջներուն, ԱԲԿ-ի անդամները դիմեցին ֆիզիքական յարձակումներու:
Յարձակումներու երրորդ ալիքը ծայր առաւ մայիս 2-ին` սահմանադրական յանձնաժողովի յաջորդող նիստին: Հազիւ նիստը սկսած` ԱԲԿ-ի մարդիկը կրկին դիմեցին իրենց աքացիներու եւ բռունցքներու գրոհին` ընդդէմ ԺԺԿ-ի երեսփոխաններուն: Սակայն այս անգամ ԱԿԲ-ականները ուղղակի թիրախ ընտրած էին Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլանը:
Ըստ Փայլանի, իր անձին դէմ ԱԲԿ-ի երեսփոխաններու յարձակումը ծրագրուած ըլլալու տուեալները կը պարունակէր: Իր անձը ուղղակի թիրախ էր: Ան հարիւրէ աւելի աքացիի ու բռունցքի հարուածներ ստացաւ 20-30 երկվայրկեաններու մէջ:
Դէպքէն անմիջապէս ետք, Պոլսոյ երեսփոխան Մեհմէթ Մեթիների գլխաւորութեամբ ԱԲԿ-ն սկսաւ մամուլի ճամբով ծրագրուած քարոզարշաւի` մեղադրելով Փայլանը իբրեւ պատահարին գրգռիչը: Սակայն յանձնաժողովի արձանագրութիւնները ճիշդ հակառակը կ՛ապացուցեն: Մայիս 2-ի նիստի բացման, ակնարկելով նախորդող` ապրիլ 28-ի նիստի դէպքերուն, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը յայտարարեց, թէ այդ նիստը կասեցուեցաւ ԺԺԿ-ի կողմնակիցներու գործադրած բռնարարքներուն պատճառով: Փայլան անմիջապէս պատասխանեց` «Այդպէս չեղաւ»: Եւ այս պատասխանին անմիջապէս հետեւեցաւ ԱԲԿ-ի գրոհը: Ապրիլ 28-ի նիստի արձանագրութիւնները կը հաստատեն, որ արդարադատութեան նախարարը պարզապէս կը ստէ:
Ասիկա յստակօրէն կ՛ապացուցէ, որ եղածը ի սկզբանէ պատրուակ մըն էր, որպէսզի Փայլան ծրագրուած յարձակման ենթարկուի: Միասնաբար 10-15 ԱԲԿ-ի երեսփոխաններ շրջապատած են Փայլանը ու սկսած են պոռալ` «Կարոն հո՛ս է, Կարոն հո՛ս է», եւ անցած են աքացիի ու բռունցքի հարուածներու:
Այս բոլորը չարագուշակ զարգացումներ կը հանդիսանան: Ասկէ ետք Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր երեսփոխանները դէմ յանդիման կը գտնուին բանտարկութեան կամ սեփական անէացման վտանգին, որուն սկսած են հետամուտ ըլլալ թրքական իշխող ուժերը:
Այս վտանգաւոր զարգացման ազդանշանն է երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագիծը, որ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ յանձնաժողովի ԱԲԿ-ի, Ժողովրդավարական հանրապետական կուսակցութեան եւ Ազգային շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ` ի բացակայութեան ընդդիմադիր ԺԺԿ-ի անդամներուն: Ազգային ժողովի կողմէ օրինագծին որդեգրումը անակնկալ պիտի չըլլայ, քանի որ անիկա նախաձեռնութիւնն է նախագահ Էրտողանի: Իր այս քայլով Էրտողան կը փորձէ լուծում մը գտնել լռեցնելու կամ մինչեւ իսկ անէացնելու Ազգային ժողովի ազգային այլ ժառանգութեամբ երեսփոխանները:
Թրքական իշխանութիւնները արդէն իսկ իրաւասու նախարարութեանց ներկայացուցած են քրէական թղթածրարներ` ընդդէմ ընդդիմադիր երեսփոխաններու: ԺԺԿ-ի 59 երեսփոխաններէն առնուազն 50-ին դէմ գոյութիւն ունին նման թղթածրարներ: Անմիջապէս որ Ազգային ժողովը օրէնքի վերածէ անձեռնմխելիութեան վերացումը, այս երեսփոխանները պիտի ձերբակալուին, ամբաստանուին քրէական լուրջ յանցանքներով ու յանձնուին դատավարութեան:
Անշուշտ Կարօ Փայլան անմասն պիտի չմնայ այս գործընթացէն: Իր պարագային մեղադրանքները կրնան շատ աւելի խիստ ըլլալ` իր հայկական ծագումին համար: Ինչպէս Փայլան կը բացատրէ, իր անձին թիրախաւորման պատճառը իր հայ ինքնութիւնն է: Իրեն դէմ նախաձեռնուող մարդորսութիւնը ան յստակ կերպով կը բնութագրէ. «Ինչ որ անոնք չեն կրնան մարսել, այն իրողութիւնն է, որ հայ ինքնութեամբ անհատ մը իրենց սուտերը կը քողազերծէ… Անոնք կ՛ուզեն հայը տեսնել իբրեւ իրենց ենթարկուող անձ»:
Կարօ Փայլանի ու ընդդիմադիր երեսփոխաններու դէմ էրտողանեան մարդորսութիւնը պէտք է կասեցուի, քանի ուշ չէ: Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական միութիւնը չեն կրնար ձեռնածալ մնալ, ինչպէս` անցեալին:
Վերջին անգամ, երբ Թուրքիոյ մէջ նման մարդորսութիւն սարքուեցաւ, զոհը Հրանդ Տինքն էր: Հակառակ բոլոր դիմումներու` ո՛չ Միացեալ Նահանգներ եւ ո՛չ ալ Եւրոպան որեւէ գործնական քայլի դիմեցին` կանխելու համար այդ մարդորսութեան վախճանը: Եւ 19 յունուար, 2007-ին Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ:
Վերջին անգամ, երբ թրքական իշխանութիւնները ի մի հաւաքեցին օսմանեան խորհրդարանի «անբաղձալի» երեսփոխանները, այդ մէկը պատահեցաւ 24 ապրիլ, 1915-ի երեկոյեան: Այդ անգամ հայ երեսփոխանները դուրս բերուեցան իրենց սեփական «ապահովութեան» համար, ղրկուեցան հեռաւոր վայրեր ու ապա մէկ առ մէկ սպաննուեցան: Այդ անգամ սկիզբն էր Հայոց ցեղասպանութեան:
Այս անգամ պէտք չէ թոյլ տանք, որ հոն հասնի թրքական նոր մարդորսութիւնը:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ