12 Mayıs 2016
11 մայիսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող «Հայփոստ»-ի բաժանմունքին դիմացէն ընթացք առաւ «Ես Կարոն եմ» խորագրեալ երթ` դէպի ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակ` ի պաշտպանութեան թրքական խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի: Երթին մասնակիցները բարձրացուցած են պաստառներ` «Ես Կարօ Փայլանն եմ», «Իւրաքանչիւր հայ սիրում եւ աջակցում է քեզ, Կարօ», «Stop fascism» գրութիւններով:
Երթին կազմակերպիչներէն Մարք Յովհաննիսեան նշեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է բարձրաձայնել, չլռել, որովհետեւ յաճախ նման պարագաներու բոլորը կը լռեն: «Միջազգային կազմակերպութիւններէն մեծ ակնկալութիւններ չունինք: Ծայրայեղական թուրքերուն կողմէ հնչած են յայտարարութիւններ, թէ Կարոն պէտք է ենթարկել Տինքի ճակատագիրին, բայց մենք պէտք չէ թոյլատրենք, որ ատիկա տեղի ունենայ: Մենք հարիւր տարի առաջուան հայերը չենք, փոխուած ենք: Մենք անձամբ պէտք է լուծենք մեր հարցերը», ըսաւ ան:
Մարք Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ քայլարշաւ-ցոյցը կազմակերպուած է հայրենասիրական մղումներով, ինչպէս նաեւ Կարօ Փայլանի նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելու միտումով: «Նաեւ պատուի հարց է. Կարոն մեր շահերը կը պաշտպանէ հոն, մենք ալ հոս պէտք է թիկունք կանգնինք անոր, ան պէտք է զգայ, որ իր հայրենակիցները իրեն հետ են ու մինչեւ վերջ պիտի շարունակեն ըլլալ: Մեծ բան է, որ ան կրնայ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ բարձրաձայնել Հայոց ցեղասպանութեան, հայերու իրաւունքներուն ու համամարդկային արժէքներուն մասին», շեշտած է ան: Մ. Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ ՄԱԿ-ին ուղղուած նամակին մէջ ներկայացուցած են իրենց պահանջը միջազգային կազմակերպութեան` հետամուտ ըլլալ ու ստիպել Թուրքիոյ իշխանութիւնները Կարօ Փայլանի կեանքին անվտանգութիւնը ապահովելու, քանի որ արդէն ակնյայտ սպառնալիքներ կը հնչեն անոր հասցէին: «Կ՛ուզեն զայն արժանացնել Հրանդ Տինքի ճակատագիրին, մենք պէտք է ձայն բարձրացնենք, որ ամբողջ աշխարհը գիտնայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ», հաստատած է կազմակերպիչը` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ը պէտք է հաւատարիմ մնայ իր առաքելութեան:
Մասնակիցները ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին պէտք է յանձնէին նամակ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէին երաշխաւորելու Կարօ Փայլանի ապահովութիւնը եւ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներէ կազմուած յանձնախումբով զբաղելու դէպքին հետաքննութեամբ:
Սակայն ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մէջ երթի մասնակիցները «ընդունեցին» միայն ապահովական աշխատակիցները: Արդարեւ, սկիզբէն երթի կազմակերպիչներուն մօտեցաւ ապահովութեան աշխատակիցներէն մէկը եւ ըսաւ, որ նամակը կրնան իրեն յանձնել: Բայց եւ այնպէս կազմակերպիչները նշեցին, որ իրենք նամակը պիտի յանձնեն միայն հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի աշխատակիցներուն կամ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ոեւէ պատասխանատուի: Երկրորդ անգամ նամակը ստանալու համար մօտեցաւ գրասենեակի ապահովութեան պետը, եւ կազմակերպիչները, թիւրիմացաբար, նամակը յանձնեցին անոր: Անդրադառնալով տեղի ունեցածին, երթին նախաձեռնողները պահանջեցին, որ իրենց մօտենայ ՄԱԿ-ի աշխատակիցներէն մէկը եւ բացատրէ, թէ ինչո՛ւ միայն ապահովականի պատասխանատուները կապ կը հաստատեն իրենց հետ: Մինչ այդ, կազմակերպիչներէն Հայկանուշ Ալոյեանին հեռաձայնեց գրասենեակի անվտանգութեան մէկ այլ աշխատակից` ըսելով, որ անհանգստանալու կարիք չկայ, նամակը արդէն փոխանցուած է քարտուղարութեան գրասենեակ: Ան նաեւ խոստացաւ ապագային գրաւոր պատասխան տալ նամակին:
«Այնպէս եղաւ, որ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մէջ կ՛աշխատին միայն ապահովութեան հսկողները, քանի որ ոչ ոք չբարեհաճեցաւ գոնէ գալ ու մեր պահանջը լսել: Նման անյարգալից վերաբերմունքին համար մենք պիտի դիմենք ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակ», ըսաւ Ալոյեան: