12 Mayıs 2016
Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը պաշտօնապէս նախազգուշացուցած է Հայաստանի հանրային հեռարձակողը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը հայաստանեան պատուիրակ Իվետա Մուկուչեանի կողմէ ծածանելուն համար:
Այս մասին գրած է eurovoix.com կայքը: Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը նշած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշը կրկին ծածանի մրցումին ընթացքին, հայաստանեան պատուիրակութիւնը ինքզինք պիտի դնէ այս եւ հետագայ տարիներու մրցումներէ որակազրկուելու վտանգին դէմ յանդիման: Հայաստանի նկատմամբ պատիժ պիտի սահմանուի մինչեւ յունիս` դրօշը պարզելուն համար: