Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Անգարայի Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի». Մոսկուա Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Թր - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

15 Aralık 2015  

Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Անգարայի Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի». Մոսկուա Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Թր -

Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Անգարայի Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի». Մոսկուա Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Թր Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Անգարայի Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի». Մոսկուա Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Թրքական Անխոհեմ Քայլերու Աղէտալի Հետեւանքներէն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը թրքական իշխանութիւնները զգուշացուց «թրքական անխոհեմ միջոցառումներու աղէտալի հետեւանքներէն»` նշելով, որ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդին խիստ կերպով բացատրուած են «Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պարտականութիւնը ստացած ռուսական զօրքերուն դէմ Անգարայի անխոհեմ հաւանական միջոցառումներու աղէտալի հետեւանքները»:

«Խոր մտահոգութիւն յայտնեցինք թրքական կողմէն Եգէական ծովուն մէջ ռուսական յածանաւին նկատմամբ կատարուած սադրիչ արարքներուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով յածանաւը ստիպուեցաւ զգուշացման համար կրակ բանալ այնպիսի ձեւով, որ թրքական նաւու չվնասուիլը կ՛երաշխաւորէ, թրքական նաւը բախումի վտանգէն զգուշացնելու համար», ընդգծեց նախարարութիւնը:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իտալական «Քուրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նկատմամբ Անգարայի համբերութիւնը չափ ու սահման ունի, որովհետեւ Մոսկուա Եգէականի մէջ տեղի ունեցած ծովային միջադէպին ընթացքին «չափազանցուած» հակազդեցութիւն ունեցաւ: «Մեր նաւը պարզապէս ձկնորսական նաւ մըն էր, եւ ինծի կը թուի, թէ ռուսական մարտանաւին հակազդեցութիւնը չափազանցուած էր»:

«Անշուշտ, Ռուսիան ու Թուրքիան պէտք է վերականգնեն այն վստահութեան յարաբերութիւնները, որոնք միշտ զիրենք միացուցած են, սակայն մեր համբերութիւնը չափ ու սահման ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ռուսիա ինքզինք «զաւեշտալի» կացութեան մէջ դրած է, երբ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ Թուրքիան ռուսական ռմբաձիգը վար առած է ՏԱՀԵՇ-էն իր քարիւղի մատակարարումները պաշտպանելու համար:

«Դժբախտաբար Ռուսիա ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու համար չէ, որ Սուրիա կը գտնուի», ըսաւ Չաւուշօղլու: Ըստ իրեն, ռուսական օդային հարուածներուն միայն 8 առ հարիւրը թիրախ դարձուցած են ՏԱՀԵՇ-ը, իսկ մնացեալ 92 առ հարիւրը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հակառակորդ մնացեալ խմբաւորումները:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատէն Անգարա վերադառնալու ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւնները պէտք չէ «օդաչուի մը մէկ սխալէն» ազդուին: «Ո՞վ սխալը գործեց: Անշուշտ ոչ վարիչը: Օդաչուներն էին, որոնք անփութ էին եւ զգուշացումները չլսեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Արկածին երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնը իսկապէս կը տխրեցնէ մեզ»:

«Մենք լարուածութեան կողմնակից չենք: Մենք կ՛ուզենք շարունակել Ռուսիոյ հետ ռազմավարական համագործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները այնպէս, ինչպէս մինչեւ հիմա էր: Մենք անցնող 10-11 տարիներուն յաջող կերպով միասին աշխատած ենք: Կ՛ուզենք այդ մէկը շարունակել», ըսաւ Էրտողան:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ այսօր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած Փութին-Էրտողան վեհաժողովը ջնջուած է: Աւելի ուշ, Թուրքիոյ նախագահական պալատը եւս յայտարարեց, որ այս ամսուան կիսուն նախատեսուած ռուս-թրքական վեհաժողովը տեղի պիտի չունենայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+