Հիւրրիյէթ-ի Խմբագրատունը Դարձեալ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ. Քըլըճտարօղլու Թուրքիան Կը Նմանցնէ Կիսաբաց Բանտի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

15 Aralık 2015  

Հիւրրիյէթ-ի Խմբագրատունը Դարձեալ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ. Քըլըճտարօղլու Թուրքիան Կը Նմանցնէ Կիսաբաց Բանտի -

Հիւրրիյէթ-ի Խմբագրատունը Դարձեալ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ. Քըլըճտարօղլու Թուրքիան Կը Նմանցնէ Կիսաբաց Բանտի Հիւրրիյէթ-ի Խմբագրատունը Դարձեալ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ. Քըլըճտարօղլու Թուրքիան Կը Նմանցնէ Կիսաբաց Բանտի

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի Անգարայի գրասենեակը դարձեալ ենթարկուած է յարձակումի: Անծանօթ զինեալներ ընթացքի մէջ եղող ինքնաշարժէ կրակ բացած են գրասենեակին վրայ: Փշրուած են ապակիներ, սակայն մարդկային վնասներ չկան: Դէպքի վայր հասած են մեծ թիւով ոստիկաններ եւ ձեռնարկած հետաքննութեան:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրները 6 սեպտեմբերին առաջին յարձակումը գործած էին «Հիւրրիյէթ»-ի խմբագրութեան դէմ: Յարձակումին պատճառը պատկերասփիւռի յայտագիրներէն մէկուն ժամանակ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած մեկնաբանութիւններու հրապարակումն էր օրաթերթին մէջ, ինչ որ իշխող կուսակցութեան կողմնակիցներուն կարծիքով, ներկայացուած է խեղաթիւրուած ձեւով: Ցուցարարները կոտրած էին շէնքի մուտքի ապակիներն ու դռները եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն վրայ քարեր նետած:

Երկրորդ յարձակումը տեղի ունեցած էր 8 սեպտեմբերին` Պոլսոյ եւ Անգարայի խմբագրատուներուն դէմ: Ցուցարարները դարձեալ մահակներով եւ քարերով մեծ վնաս հասցուցած էին շէնքերուն: Ոստիկանութիւնը ցուցարարները շէնքէն դուրս բերած էր, սակայն ձերբակալութիւններ չէր կատարած:

Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու այցելած է թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի երկու բանտարկուած լրագրողներ Ճան Տիւնտարին եւ Էրտեմ Կիւլին: Այցելութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ան յիշեցուցած է, որ ներկայիս թրքական բանտերուն մէջ կը գտնուին 32 լրագրողներ, ինչ որ անընդունելի է. լրագրողները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին:

«Վստահ եղէք, որ շատ քիչ է տարբերութիւնը Թուրքիոյ մէջ բանտի մէջ կամ անկէ դուրս ըլլալուն միջեւ: Երկիրը կիսաբաց բանտի վերածուած է: Մարդու իրաւունքները կը խախտուին, ժողովրդավարութիւնը առկախուած է: Բազմիցս ըսած եմ, որ այս ձերբակալութիւնները ժողովրդավարական ամօթ են: 21-րդ դարու Թուրքիոյ մէջ 32 լրագրողի բանտի մէջ գտնուիլը մեծագոյն խայտառակութիւններէն մէկն է: Թուրքիան համաշխարհային օրակարգի վրայ կը յայտնուի ձերբակալուած լրագրողներու նիւթով: Այս իրավիճակը անընդունելի է: Մենք այդ մէկը սխալ կը նկատենք ու կը պահանջենք 32-ն ալ ազատ արձակել», ըսած է Քըլըճտարօղլու:

Յիշեցնենք, որ «Ճումհուրիյէթ»-ի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտար եւ օրաթերթի Անգարայի թղթակից Էրտեմ Կիւլ ձերբակալուած են Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի պատկանող բեռնակառքերով ՏԱՀԵՇ-ին զէնք մատակարարելու մասին նիւթ հրապարակելնուն համար: Լրագրողները կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեան առնչութեան եւ լրտեսութեան համար:

Մինչ այդ, գրականութեան Նոպելեան մրցանակակիր թուրք գրող Օրհան Փամուք խօսելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին նշած է, որ ինք այդ անդամակցութիւնը ճիշդ չի նկատեր:

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Փամուք ըսած է. «Անկարելի է ցանկալ, որ Թուրքիան դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ, այնքան ատեն որ երկրին մէջ յարգանք չկայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, իսկ լրագրողները բանտերու մէջ են: Թուրքիոյ մէջ շատերը կը ձերբակալուին միայն սեփական կարծիքներու պատճառով: Չձերբակալուելու պարագային ալ վարչակարգը մեծ լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն մեծ տուրքեր կը նշանակէ կամ իր կողմէ ոչ ցանկալի անձերու դէմ մերձաւոր լրատուամիջոցներու միջոցով մեղադրանքներ կը հնչեցնէ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+