21 Ekim 2015
Սեպտեմբեր 3-էն Նոյեմբեր 1 Սթամպուլի մէջ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած «Թոռներ» ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսը համակարգողը ծնունդով արժանթինահայ, այժմ Պերլին բնակող նկարչուհի Սիլվինա Տէր-Մկրտչեանն է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Bianet.org» կայքը լայնօրօէն անդրադարձած է ցուցահանդէսին, անոր ստեղծման պատմութեան, պատմական ու հոգեբանական կողմերուն եւ նշանակութեան:
Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած են Մարիա Պետոյեանի, Մարթին Գարատաղեանի, Արման Թադէւոսեանի, Միքայէլ Օհանեանի, Աշոտ Աշոտի, Թալին Պիւեուքքիւքչեան –Տէմիրճեանի, Անի Սէթեանի, Հերա Պիւեուքթաշչեանի, Մարիա Զոլամեանի, Արչի Գալենցի, Լինտա Գանջեանի աշխատանքները:
Նշենք, որ Սիլվինա Տէր – Մկրտչեանը կը սերի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանէն Արժանթին տեղափոխուած հայ ընտանիքէ մը: Պերլինի մէջ բնակելէ ետք սկսած է զբաղելու իր ընտանիքի պատմութեամբ, Անատոլիոյ հետ ունեցած կապերու հետազօտութեամբ, սկսած է ուսումնասիրելու օսմանեան ժամանակներու հայերու կենցաղը, նիստուկացը, մշակոյթը: Այդ ուսումնասիրութիւնները իրենց արտացոլումը գտած են անոր «Յուշամատեան» նախագիծին մէջ: Տէր- Մկրտչեանը բազմաթիւն անգամներ եղած է Սթամպուլ, կազմակերպած է երկու անհատական ցուցահանդէս եւ շարք մը այլ մշակութային ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կուտակուած փորձն ու ստեղծուած արժէքները հիմք հանդիսացած են նաեւ «Թոռներ» ցուցահանդէսի ստեղծման համար: