Հին, Բայց Ապրող Հրատարակութեան Մը Առթիւ - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

17 Ekim 2015  

Հին, Բայց Ապրող Հրատարակութեան Մը Առթիւ -

Հին, Բայց Ապրող Հրատարակութեան Մը Առթիւ Հին, Բայց Ապրող Հրատարակութեան Մը Առթիւ. Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ Կամ Ա. Աշխարհամարտի Արեւելեան Ճակատը Եւ Հայ Գողգոթան Պատմաքաղաքական Վէպի Մը Լայն Պաստառին Վրայ

Լեւոն Մեսրոպի այս գործը, պատմաքաղաքական վէպ` որուն առաջին էջերը պիտի բանաք, անմիջականօրէն կը դնէ քանի մը հարցեր, կապուած` մտքի ամենատարրական գործունէութեան ու մշակոյթի:

Պատմաքաղաքական վէպ. այսի՞նքն: Ի՞նչ է այսպիսի գործի մը տեղը, իմաստը: Ինչո՞ւ յանձնարարել անոր ընթերցումը, ի՞նչ արժէքը ու արժանիքի յղուելով:

Միանուագ պատասխանելու համար անմիջապէս ըսեմ. այս վէպը չի պատկանիր «լուրջ», «ծանր» գրական գործերու շարքին: Գործերու որոնց կը մօտենանք պատկառանքով, աչք մը կը նետենք` օտարոտի, եւ ի վերջոյ մէկդի կը դնենք` ընթերցումը նկատելով «գրոց-բրոց մարդու գործ», քիչ մըն ալ ծածուկ արհամարհանքով: Ո՛չ, այս վէպը գրուած է առաջին հերթին` հաճելի պատում մը տրամադրելու համար, եւ տրամադրելու` բոլորի՛ն: Գրուած է վառվռուն, կենդանի հայերէնով մը, բաւական հազուադէպ բան` մեր մէջ, սրամտութեամբ եւ հիւմորով` ա՛լ աւելի հազուադէպ: Գրուած է` կարծես փաստելու համար, որ ընթերցում ըսուածը հաճելի բան է, կամ կրնայ ըլլալ, հակառակ մեր մէջ բաւական տիրական դարձած կարծիքին, ըստ որուն, գրուած նիւթը պիտի ըլլայ ծանրաշուք, քիչ մը անշնորհք լրջութեամբ: Որ` գրաւոր խօսքը ժամանակավրէպ է. մանաւանդ երբ… հայերէն է, թուղթի վրայ տպուած է, ոչ ալ կը ներկայանայ թապլէթի լուսաւոր պաստառի մը վրայ… Իր ատենին` 1930-ական տարիներուն գրուած, երբ հաւանօրէն մարդիկ քիչ մը տարբեր կ՛ընկալէի՛ն գրական ընթերցում կոչուած բանը, ան կարծես սահմանուած ըլլար այսօ՛ր մեզ չափով մը հաշտեցնելու` այդ գործունէութեան հետ, որմէ օրէ օր աւելի հեռաւորութիւն կ՛առնե՛նք, երեւի անտեղեակ, որ աշխարհ կը կարդա՛յ տակաւին, կը կարդայ թերթ ու գիրք` իրենց բոլո՛ր ձեւերուն տակ, ներառեալ տպագիր…

Բայց «Ֆրէտ Հարթման»-ը, հաճելի պատումի առաջարկ ըլլալով` նաեւ աւելին է: Առանց «յոգնեցուցիչ» կերպարներ եւ հոգեբանական բարդ վիճակներ հրամցնելու, առանց ծանր պատգամներ փոխանցելու, անիկա նաեւ կը վկայէ: Ու կը վկայէ` կենսական ծանրութեամբ, ճակատագրական դէպքերէ:

Բայց այս մասին` քիչ մը աւելի վար: Ու նախքան այդ` երկու նշում պատմաքաղաքական վէպին մասին ընդհանրապէս:

Գրական պատումային սեռի գլխաւոր տեսակներէն` վէպի այս ենթատեսակը, իր կարգին, կը ներկայացնէ տարբերակումներ, կախեալ` հեղինակի առաջադրանքէն, խառնուածքէն, լեզուա-ոճային մասնայատկութիւններէն: Ասոնցմէ առաջինը, որ կոչեցի առաջադրանք կամ ընտրանք, յատկապէս ունի որոշիչ դեր, պայմանաւորող նաեւ մնացեալը:

Ու այսպէս է, որ երբեմն կ՛ունենա՛նք գործեր, որոնք կը փոխանցեն գաղափարական-քաղաքական շեշտ պատգամ` համապատասխան ոճով ու բովանդակութեամբ: Կամ, հեռանալով անցեալին մէջ, կը մեղմացնեն քաղաքական շեշտը, կը հարստանան պատմա-յօրինումի հակումով կամ հնագիտութեան ճաշակով. կամ` միշտ պահելով պատմավէպի ընդհանրական դիմագիծը, զայն կը բարեխառնեն ազգագրական-բարացուցական երանգներով կամ իմաստասիրական լիցքով: Կամ դեռ, կ՛ուղղուի՛ն դէպի տիպարակերտումի հոգեբանական ոլորտը` ոգեկոչելով ընտրեալ, խորհրդանշական ճակատագիր ապրած անձնաւորութիւններ, կը կերտեն տրամային մթնոլորտով պատմա-քաղաքական պատումներ, յաճախ ողբերգական, երբեմն ալ` ողբերգակատակերգական ոլորտի: Ու այսպէս` շարունակաբար:

Այսպէս, հայու եւ օտարի, հինի, նորի ու նորագոյնի բոլորովին պատահական համախառնումով օրինակներ տալով` կ՛ունենանք «Կայծեր» (Րաֆֆի) կամ «Զայրոյթի խաղողները» (Սթայնպեք), կ՛ունենա՛նք «Երկունք Թ. դարու» (Ծերենց) կամ «Սալամպօ» (Ֆլոպեր), կամ «Ատրիանոսի յուշերը» (Մ. Եուրսընար), կ՛ունենա՛նք «Վարդանանք» (Դ. Դեմիրճեան), կամ` «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» (Լ. Թոլսթոյ), կամ` «Թշուառներ» (Վ. Հիւկօ), կամ «Վարդին անունը» (Ու. Էքօ): Կ՛ունենա՛նք դեռ` «Սէրը Եղեռնին մէջ» (Ա. Ծառուկեան), «Բանկ Օտտոման» (Ալ. Թօփչեան), «Ժամանակի գետը» (Վ. Գրիգորեան): Եւ… շարունակաբար:

Տակաւի՛ն. պատմաքաղաքական վէպի լայն ծիրին մէջ, վաւերական ներկայութիւն է նաեւ «գործողութիւն-վէպ», կամ «արկածային-ոստիկանական վէպ» տեսակը, հերոսներու սահմանափակ հոգեբանական ներկայութեամբ, յաճախ սահմանափակ մտածողական տարրերով, եւ որ իր էանիւթը կ՛առնէ՛ պատումէ՛ն իսկ, գործողութիւններու հեւքոտ շարահարումէ մը: Եւ ուրեմն հիմնական առաջադրանքը կ՛ըլլա՛յ պատմել-վկայելը: Պատմել-վկայել` անշուշտ` պատմելին, վկայելին, այսինքն` միանգամայն յղուելով ներքին, ներյայտ արժէքի մը, բխող պատմուածէն, առնչուող անոր:

«Գործողութեան» կամ «արկածային» վէպի տեսակը, ուրեմն, հինէն մաս կազմած է պատմաքաղաքական վէպի ընտանիքին: Եթէ չըլլար այդպէս, իրենց օրին համբաւ ու մեծ յաջողութիւն չէին ունենար արեւմտեան գրականութիւններու դաշտերուն մէջ` ո՛չ Ալ. Տիւմա մը` իր «Երեք հրացանակիրներ»-ով, ո՛չ Էօժէն Սիւ մը` «Գաղտնիք Փարիզի»-ով, ո՛չ Մարկարեթ Միչըլ մը` «Հովին հետ անցած»-ով: Ո՛չ ալ` թէկուզ աւելի խորքային, բայց միշտ «գործողութիւն-վէպ»-ի սահմաններուն մէջ` Սթենտալ մը եւ իր «Կարմիրն ու սեւը»: Ասոնք, եթէ այսօր, որոշ բացառութիւններով, ա՛լ չեն բազմիր իրենց մշակոյթի գրապատմական դահլիճի բարձրագոյն աթոռներուն վրայ, առնուազն տեղ ունին հոն, հսկայ յաջողութիւն արձանագրելէ ետք իրենց օրին, գերազանցող իրենց իրական արժէքը: Անոնց պատմաքաղաքական վէպի բնոյթն իսկ երբեմն վիճելի է, դժուար տեղաւորելի են իբր, ենթասեռ կամ տեսակ: Սահմանումի անորոշութիւն, որ ի զօրու է նաեւ սկիզբը նշուած աւելի «լուրջ» երկերու մէկ մասին համար:

«Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» կը պատկանի պատմա-քաղաքական վէպի այս վերջին տեսակին` «գործողութեան» պատմաքաղաքական վէպին: Ա. Աշխարհամարտի եւ անոր միջին-արեւելեան ճակատի դէպքերու լայն, հսկայ պաստառն է իր նիւթը: Պաստառ, որուն վրայ, կեդրոնի՛ն, հրեղէն գիծերով եւ թանձր գոյներով կը պատկերուի Հայ Գողգոթան` կազմելով գործին յաւելեալ, կարելի է ըսել` բու՛ն շահեկանութիւնը: Ամբողջութիւնը տրուած` պատումի հարազատ շեշտերով, կերպարներու եւ երկխօսութիւններու անվիճելի բնականութեամբ, ազգագրական տիրական իրազեկութեամբ մը: Նոյնիսկ եթէ կերպարներու հոգեբանական լուրջ սեւեռումի եւ մտածողական խորքի պակասը կրնայ հեղինակին արժէլ դիւրութեան, աժանութեան մեղադրանք մը. արժած է արդէն` իր օրին: Ինչպէս արտօնած է հայ գրականութեան պատմութեան գործերու` փառաւորապէս անգիտանալ այս հեղինակի անունն իսկ, թէկուզ պարզ յիշատակումի համար…

Համաձայն չենք այսպիսի «չհաւանութեան», անկեղծ եղած ըլլան անոնք, թէ մասամբ պարագայական նկատումներէ եկած: Չենք բաժնէր կեցուածքը հայ գրականութեան մուտքը ենթարկելու միարժէք կամ կարծրատիպ չափանիշներու: Գրական գործը կեանքէն իբրեւ թէ վեր դասելու, իբր թէ «մտաւորական ընտրանի»-ի մը վերապահելու այս կեցուածքը լաւագոյն ձեւը չէ՞ զայն կեանքէն կտրելու, փաստօրէն մեր իրականութենէն հեռացնելու, եւ ի վերջոյ ծածկօրէն արհամարհելու… Մեր թեկնածու-ընթերցող զանգուածը խրտչեցնող, նուազեցնող, չորցնո՛ղ այս վերաբերումին փոխարէն, ընդհակառակը, պէտք է անոր մէջ տեղ բանալ նաեւ կեանքը գրկող, անոր թարմ ու անմիջական բոյրը տուող աշխուժ, սրամիտ գործերու, թո՛ղ ըլլայ` նուազ ծանր «գրական արժէքով»:

Մանաւանդ որ Լեւոն Մեսրոպի վէպը «օշարակի պէս խմուող» բայց ոչ սննդարար գործ ալ չէ, ինչպէս ըսեր են օրին չկամ գրախօսողներ: Անիկա վկայութիւն է, եւ վկայութիւն է ու պատկերում` 20-րդ դարը բացող համաշխարհային տրամի մը, մանաւանդ մարդկութեան դէմ առաջին Մեծ ոճիրին, Հայոց ցեղասպանութեան: Պատկերում` թէեւ անխուսափելիօրէն մասնակի, բայց իր ուժգնութեամբ տպաւորող, ցնցող: Եւ որ կ՛արժէ՛ր անպայման, 100-ամեակի այս օրերուն, վերագտնել, վերըմբոշխնել, վերարժեւորել անպայման:

Լեւոն Մեսրոպի Մասին
Լեւոն Մեսրոպ ծնած է 1880-ին, Կ. Պոլիս, ուր ստացած է կրթութիւնը (1904-ին աւարտած` Ռոպերթ Քոլեճը): Եւրոպա մեկնած, ապա պատերազմէն ետք վերջնականապէս Փարիզ հաստատուած, զբաղած է նախ` գորգի առեւտուրով, յետոյ վերջնականապէս նուիրուած` գրականութեան: Ֆրանսահայ մամուլին եւ Միաց. Նահանգներու «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ հրատարակած է վիպակներ, բանասիրական աշխատանքներ, վէպեր, որոնցմէ է «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ»ը, եւ որոնցմէ անջատ հատորով հրատարակուած են «Զարի», «Հաշիշին», Քերպելային գիշերները» եւ այլն: Ինչպէս եւ թատերակներ` «Մատաթ Րէիս», «Օտարականը», «Շամիրամ Երկրորդ»:

«Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» իբրեւ թերթօն հրատարակուած է «Ազդակ»-ի մէջ, 1988-1989 տարիներուն:

Ուսումնասիրութիւններէն եւ ժողովածուներէն` «Քիւրտիստան եւ քիւրտերը», «1915 – աղէտ եւ վերածնունդ», «Տէր Զօր»` մեծ մասամբ կ՛արտացոլացնե՛ն հեղինակին խոր շահագրգռութիւնն ու կեդրոնացումը Հայոց ցեղասպանութեան հիմնահարցին վրայ:

Լ. Մեսրոպ մահացած է 1960-ին:


(Տեղեկութիւններու աղբիւր` «Կենսագրական բառարան», Գառնիկ Ստեփանեան, Գ. հատոր, Երեւան, 1990):





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+