16 Ekim 2015
Հալէպի մէջ վերջին շրջանին թէեւ իրավիճակը աւելի հանգիստ է, այնուամենայնիւ, ռումբերու ձայներ մերթ ընդ մերթ լսելի են տարբեր կողմերէ: Այս մասին «Արմէնփրես>>-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է Հալէպի իր աղբիւրը` աւելցնելով, որ երէկ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ ռումբեր ինկած են, բարեբախտաբար, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան: Զինուած խմբաւորումները փորձած են ներխուժել անվտանգ թաղամասեր, սակայն անոնց փորձերը ձախողած են:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ քաղաքին մէջ կը շարունակուի ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապը: Գրեթէ ամբողջ քաղաքը այժմ հոսանք ունենալու համար կ՛օգտուի վճարովի ելեկտրածին սարքաւորումներէ, որոնք բաւական թանկ կ՛արժեն: «Միակ դրական փոփոխութիւնը Հալէպի մէջ զարկերու համեմատական նուազումն է>>,- նշած է աղբիւրը: