Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուէր Եւ Դատապարտուէր, Միջին Արեւելքի Այսօրուան Վիճակը Չէր Ըլլար. Գերմանացի Պ - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

16 Ekim 2015  

Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուէր Եւ Դատապարտուէր, Միջին Արեւելքի Այսօրուան Վիճակը Չէր Ըլլար. Գերմանացի Պ -

Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուէր Եւ Դատապարտուէր, Միջին Արեւելքի Այսօրուան Վիճակը Չէր Ըլլար. Գերմանացի  Պ Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուէր Եւ Դատապարտուէր, Միջին Արեւելքի Այսօրուան Վիճակը Չէր Ըլլար. Գերմանացի Պատմաբան

Գերմանացի գրող եւ պատմաբան Միքայէլ Հեսեման արդէն 20 տարիէ կ՛ուսումնասիրէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը եւ 3500 էջ ուսումնասիրութիւն ունի: «Արմէնփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին Հեսման շեշտած է, որ հարցը դիտարկած է բոլոր կողմերէն, եւ կասկած չկայ, որ հարիւր տարի առաջ կատարուածը Ցեղասպանութիւն է:

«Ես կը կարծեմ, որ Պունտեսթակը պէտք է անյապաղ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել պէտք չէ յապաղի, քանի որ ասիկա շատ կարեւոր հարց է: Ես Գերմանիոյ մէջ յայտարարած եմ, այստեղ ալ կ՛ըսեմ, այո, Գերմանիան կը կրէ պատասխանատուութիւն: Ի հարկէ, Գերմանիան մեղաւոր չէ այնքան, որքան Օսմանեան կայսրութիւնը, սակայն Գերմանիան տեղեակ եղած է, թէ ինչ կը կատարուի, եւ ոչինչ ձեռնարկած է: Ատիկա պատասխանատուութիւն է, եւ, կը կարծեմ, Պունտեսթակը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,­- ըսած է Հեսեման:

Ան շեշտած է, որ եթէ 100 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտուէր, ապա այսօր Միջին Արեւելքի մէջ բռնութիւնները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չէին կատարուիր: «Այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ինչ կը կատարուի Միջին Արեւելքի մէջ, թէ ինչպէս մարդոց կը սպաննեն: Գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ ատիկա այսօր կը կատարուի, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան մեղաւորները հպարտ կը քալեն եւ կը յայտարարեն, թէ նման բան տեղի չէ ունեցած: Անոնք վստահ են, որ ոչ ոք կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ ատիկա է պատճառը, որ այսօր մարդոց կը սպաննեն, ցեղասպանութեան կ՛ենթարկեն, կը ստիպեն, որ անոնք դառնան գաղթական: Եթէ հարիւր տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտուէր, յետագայ ցեղասպանութիւններն ալ չէին ըլլար»,-­ ըսած է Հեսեման:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ մեկնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին նուիրուած «Հայոց ցեղասպանութիւն­100. ճանաչումէն` հատուցում» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որուն կը մասնակցի աւելի քան 100 մասնագէտ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+