16 Ekim 2015
Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր` 14 հոկտեմբերին կ՛այցելէ Հայաստան:
Իրանական «Ֆարս» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` երկօրեայ այցելութեան մը ծիրին մէջ Իրանի առաջին փոխնախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` Հայաստանի վարչապետին եւ Իրանի նախագահի առաջին տեղակալին դռնփակ հանդիպումին պիտի յաջորդէ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որմէ ետք Յովիկ Աբրահամեան եւ Էսհաղ Ճահանկիրի հանդէս պիտի գան լրատուամիջոցներուն ուղղուած յայտարարութեամբ մը:
Հինգշաբթի օր Աբրահամեանի եւ Ճահանկիրիի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ – իրանական գործարար համաժողովը:
Նախատեսուած է նաեւ Իրանի նախագահի առաջին տեղակալի այցելութիւնը Մատենադարան, ուր ան պիտի մասնակցի Անթուան եւ Անտրէ Սեւրուկեաններու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան: Էսհաղ Ճահանկիրի պիտի այցելէ նաեւ Երեւանի «Կապոյտ» մզկիթ, պիտի մասնակցի «Կապոյտ» մզկիթի հիմնադրութեան 250-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան: