Ո՞վ Պէտք է Պահանջէ Հայկական Տարածքները Թուրքիայէն - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

14 Ekim 2015  

Ո՞վ Պէտք է Պահանջէ Հայկական Տարածքները Թուրքիայէն -

Ո՞վ Պէտք է Պահանջէ Հայկական Տարածքները Թուրքիայէն Ո՞վ Պէտք է Պահանջէ Հայկական Տարածքները Թուրքիայէն

«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Նոր տեղեկացայ Սերժ Սարգսեանի խիստ հետաքրքրական հարցազրոյցին մասին, որ ան տուած էր թրքական «Հիւրիեթ» թերթի լրագրող Ճանսու Չամլիպելին 2015 թ. Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ: Յօդուածը թաղուած էր լրատուական հեղեղի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու օրերուն:

Ահա կարեւոր հատուածներ նախագահ Սարգսեանի ընդարձակ հարցազրոյցէն, որ հրապարակուած է «Թըրքիշ տէյլի նիւզ»-ի մէջ` «Հիւրիեթ» թերթի անգլերէն տարբերակին մէջ.

– Նախագահը արդարացիօրէն նշած է, որ «Թուրքիոյ ղեկավարութեան զգացմունքային եւ ոչ դիւանագիտական բնոյթի արձագանգը (Ֆրանչիսկոս պապի կողմէն Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ) եւս մէկ ապացոյց էր, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր բացայայտ ժխտողական քաղաքականութիւնը պետական մակարդակով` ատով իսկ իր վրայ վերցնելով Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած ոճրագործութեան պատասխանատւութեան բեռը»:

– «ԱՄՆ»-ը իբրեւ գերհզօր տէրութիւն եւ ժողովրդավարական արժէքներու ջատագով բազմաթիւ առիթներով յայտնած է իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: ԱՄՆ 51 նահանգներէն 44-ը ընդունած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պատմութեան ընթացքին ամերիկեան տարբեր նախագահներ, օրինակ` Ռոնալտ Ռէկընը, Ճերալտ Ֆորտը, հայ ժողովուրդի նկատմամբ կոտորածները բնորոշած են իբրեւ ցեղասպանութիւն: Նոյնիսկ ԱՄՆ այն նախագահները, որոնք պաշտօնավարման ընթացքին չեն կիրառած «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` զայն օգտագործած են իրենց նախընտրական արշաւներուն ընթացքին: Ատիկա կը նշանակէ, որ անոնք երբեք կասկածի տակ չեն դրած կատարուածի հաւաստիութիւնը եւ միայն քաղաքական որոշ նկատառումներէն մեկնելով խուսափած են արտաբերել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը»: Մինչ նախագահ Սարգսեան ճիշդ բնութագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ-ի կողմէն, անոր պատասխանին մէջ կային քանի մը անճշտութիւններ. Միացեալ Նահանգները ունի ոչ թէ 51, այլ 50 նահանգ, եւ Ճերալտ Ֆորտը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է իբրեւ քոնկրէսական` ոչ իբրեւ նախագահ:

– «Թուրքիոյ առաջարկը, ստեղծել այսպէս կոչուած պատմաբաններու յանձնաժողով, կը հետապնդէ միայն մէկ նպատակ` ձգձգել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը եւ շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այդ ոճրագործութենէն: Ասիկա ոչ միայն մեր տեսակէտն է, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան, որ շարունակաբար կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: (Հայ-թրքական) Արձանագրութեան մէջ չկայ դրոյթ պատմութեան ուսումնասիրութեան յանձնաժողով ստեղծելու մասին: Արձանագրութեան համապատասխան կէտով երկու ժողովուրդներուն միջեւ պէտք է իրականացուի փոխվստահութեան վերականգնման ուղղուած երկխօսութիւն, որուն համար ալ կը նախատեսուէր ենթայանձնաժողովի ստեղծում: Բանակցութիւններու ընթացքին հայկական կողմը տարբեր մակարդակներով բազմիցս շեշտած է նաեւ թրքական կողմին, որ Ցեղասպանութեան փաստը որեւէ պարագայի կասկածի տակ չի կրնար դրուիլ»: Անոնք, որոնք դէմ էին Արձանագրութիւններուն, ներառեալ նաեւ այս յօդուածին հեղինակը, շատոնց ներկայացուցած էին համանման առարկութիւններ:

– «Արդէն վեցերորդ տարին է, որ ստորագրուած են արձանագրութիւնները. ե՞րբ յարմար է պահը (վաւերացնելու)…. Անցած տարիները ցոյց տուին, որ Թուրքիան ոչ թէ յարմար պահի կը սպասէ, այլ կը փորձէ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացի նմանողութիւն ստեղծելու միջոցով կանխել միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշման արտայայտումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ` փորձելով ճանաչումները ներկայացնել իբրեւ խոչընդոտ հայ-թրքական հաշտեցման ճանապարհին: Իմ նախաձեռնութեամբ սկսած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը հետապնդէր միայն մէկ պարզ նպատակ` առանց նախապայմաններու հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը` ապահովելով մեր ժողովուրդներու խաղաղ եւ բարեկեցիկ գոյակցութիւնը: Ցաւօք, Թուրքիոյ իշխանութիւններու քաղաքական կամքի բացակայութիւնը, արձանագրութիւններու տառի ու ոգիի աղաւաղումները, ժխտողականութեան նոր դրսեւորումները եւ Ատրպէյճանի անհիմն պահանջներուն յագուրդ տալու նպատակով նախապայմաններու շարունակաբար արծարծումը խափանեցին այդ արձանագրութիւններուն կեանքի կոչումը…. Վեց տարի չարդարացուած սպասումներէն յետոյ ես որոշեցի ետ կանչել զանոնք խորհրդարանէն: Առիթով մը ես ըսած եմ, որ հայ ժողովուրդը յաւէրժ չի պատրաստուիր սպասել, թէ երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի բարեհաճին յարմար պահ գտնել եւ ի վերջոյ վաւերացնել զանոնք»: Իմ կարծիքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է անյապաղ ետ կանչէ իր ստորագրութիւնը Արձանագրութիւններուն տակէն եւ չեղեալ յայտարարէ զանոնք:

– «Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր անկախացումէն ի վեր, երբեք Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ երկրի տարածքային պահանջներ չէ ներկայացուցած: Մեր պետութեան արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ նման խնդիր չէ եղած եւ այսօր չկայ: Ասիկա յստակ դիրքորոշում է»:

Նախագահ Սարգսեանի վերջին պատասխանը անուշադիր ընթերցելու պարագային, հաւանաբար կրնայ սխալ հասկցուիլ: Ան չ՝ըսեր, որ Հայաստանը տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն, բայց նաեւ չ՝ըսեր, որ չունի… Հայաստանը պարզապէս այս հարցը պաշտօնապէս չէ բարձրացուցած, քանի որ ատիկա կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ ազգային անվտանգութեան վրայ արեւմտեան սահմանին անոր հզօր եւ թշնամի հարեւանին կողմէ: Կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ անհատները, ինչպէս նաեւ այս տողերուն հեղինակը, յաճախ կը խօսին Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու մասին, սակայն հասկնալի է, որ Հայաստանի առաջին դէմքը պէտք է շատ աւելի զուսպ ըլլայ իր հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ:

Նախագահ Սարգսեան քանի մը տարի առաջ յայտարարած էր, որ հայկական տարածքներու պահանջը կը ձգէ գալիք սերունդներուն, որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանը իսկապէս տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն…





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+