Զուգահեռներ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

14 Ekim 2015  

Զուգահեռներ -

Զուգահեռներ Զուգահեռներ

15 Յուլիս 2015-ին հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող «Տարուլհիլաֆէ» թրքերէն կայքը սպառնալիքներ տարածած է Թուրքիոյ հասցէին: Այդ յարձակումէն 6 օր ետք` 21 Յուլիսին Սուրուճի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուց Արաբ Բունարի մէջ մարդասիրական կամաւոր աշխատանք տանելու համար հաւաքուած քիւրտեր եւ Թուրքիոյ մէջ քրտական քաղաքական շարժումին համակիր աշխարհիկ ու ձախակողմեան թուրքեր: Արձանագրուած զոհերուն թիւն էր 32: Օգոստոսի վերջաւորութեան ՏԱՀԵՇ-ի` թրքերէնով նիւթեր հրապարակող մէկ կայքը դարձեալ սպառնաց Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ նախագահ Էրտողանի: Այդ սպառնալիքէն ետք եւս յարձակումի ենթարկուեցան քիւրտեր եւ անոնց համակիր ձախակողմեան թուրքեր: Անգարայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւն էր 128: Երկու յարձակումներն ալ այն սխալ տպաւորութիւնը ստեղծեցին, որ յարձակումը գործողը ՏԱՀԵՇ-ն է (այդ տպաւորութեան ամրագրման համար իշխանութիւններուն կողմէ աշխատանք ալ տարուեցաւ), թէեւ վերջինս երկու յարձակումներուն պարագային ալ պատասխանատուութիւն չստանձնեց: 7 Յուլիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ Տիգրանակերտի մէջ ականահարումի թիրախ դարձած էր վերոնշեալ քրտամէտ կուսակցութեան ընտրական հաւաքը: Աւելի՛ն. թրքական ոստիկանութիւնը Սուրուճի յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարողներուն դէմ եւ Անգարայի յարձակումին դէպքին վայրը ծաղկեպսակ դնողներուն դէմ բռնի ուժ կիրարկեց:


Վերոնշեալները յստակօրէն երեւան կը հանեն յստակ դրդապատճառի մը եւ թիրախի մը գոյութիւնը: Թուրքիոյ 1 Նոյեմբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն 3 շաբաթ առաջ յարձակումները դարձեալ թիրախ դարձուցին այն կողմը, որուն 7 Յուլիսին ապահոված քուէներու համեմատութենէն կախեալ էր եւ այժմ ալ կախեալ է Էրտողանի մեծ երազի իրականացման ճակատագիրը: Ինչպէս Տիգրանակերտի եւ Սուրուճի ոճրային արարքներուն պարագային, այս անգամ եւս ո՛չ յարձակումին ծրագրողներն ու կազմակերպիչները յայտնաբերուեցան, ո՛չ ներքին գործոց նախարարը հրաժարեցաւ, ո՛չ ալ ապահովական մարմիններու որեւէ պատասխանատու պատասխանատուութեան կանչուեցաւ: Աւելի՛ն. անպատիժ կը մնան Էրտողանը քննադատող լրատուամիջոցներուն դէմ յարձակում գործողները, Թուրքիոյ նախագահը «վարկաբեկող» խմբագիրները կը ձերբակալուին, դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին եւ կը պաշտօնազրկուին, իսկ ուրիշներ կը դիմեն ինքնագրաքննութեան:


7 Յուլիսի ընտրութիւններուն պայմանները անարդար էին, սակայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յաջողեցաւ հարուածել նախագահական դրութիւն հաստատելու Էրտողանի ծրագիրը: Այսօր պայմանները առաւել անարդար են: Կը մնայ տեսնել, եթէ քրտամէտ կուսակցութիւնը պիտի յաջողի առնուազն պահպանել 7 Յուլիսին իր ստացած քուէներուն համեմատութիւնը: Այդպիսի ձեռքբերում մը պիտի վիժեցնէ Էրտողանի սուլթան դառնալու փորձը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+