Տեղի Ունեցաւ «Շուշի» Պարաուեստի Դպրոցի Սաներուն Ելոյթը Հալէպի Մէջ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

06 Ekim 2015  

Տեղի Ունեցաւ «Շուշի» Պարաուեստի Դպրոցի Սաներուն Ելոյթը Հալէպի Մէջ -

Տեղի Ունեցաւ «Շուշի» Պարաուեստի Դպրոցի Սաներուն Ելոյթը Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Շուշի» Պարաուեստի Դպրոցի Սաներուն Ելոյթը Հալէպի Մէջ

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի վարչութեան եւ «Շուշի» պարարուեստի դպրոցի յանձնախումբին, Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի «Շուշի» պարարուեստի դպրոցի սաներու պարային ելոյթը: Այս մասին կը յայտնէ Perio news-ը:


Հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայսով եւ Սուրիոյ ու Հայաստանի քայլերգներով:
Ձեռնարկի բեմավարուհին էր ընկհ. Բալիկ Աւագեանը, իրեն կ՛ընկերակցէին փոքրիկներ՝ Վանա Պարմաքսզեան եւ Մեղրիկ Մելքոնեան:
Ապա բեմ բարձրացան «Շուշի» պարարուեստի դպրոցի 64 սաները:

Ա. մասին մէջ տեղի ունեցաւ Կարմիր գլխարկիկ հեքիաթի պարային ներկայացումը:

Բ. Մասին մէջ յաջորդաբար ներկայացուեցաւ. Ազգագրական, Սպանական, Չաչա, Վալս, Ռուսական, Արաբական, Շալախօ, Մաութինի եւ Ֆինալ պարերը:
«Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարներ՝ Պետիկ Գրքեսերեան եւ Հայկազ Պէթէրեան բծախնդիր եւ կարգապահ մօտեցումով կրցած էին փոքրիկներուն մէջ ներթափանցել մշակոյթի եւ յատկապէս պարային արուեստի հեզաճկուն, արնական եւ ճկունութեան գաղտնիքները:
Գեղեցիկ բեմայարդարումը կատարած էր ընկ. Յարութ Լախոյեանը:
«Շուշի» պարարուեստի դպրոցի սաներուն կատարումները արժանանացաւ ներկաներուն հպարտալի ծափահարութեան:

Արդարեւ, այս տեսակի աշխատանքներ յատկապէս Հալէպի պատերազմի օրերուն իրագործելը մեծ հերոսութիւն կը պահանջէ, եւ այս հերոսութեան ամէնէ մեծ բաժինը վստահ կ՛երթայ պարարուեստի դպրոցի յանձնախումբի ամէն մէկ անդամին, որոնք քուլիսներու ետին ամիսներէ ի վեր միայն աշխատեցան լաւագոյնը ներկայացնելու համար: Ինչպէս, որ ձեռնարկի յայտագրին վրայ Վարչութեան Խօսքին մէջ կը կարդանք. «Մենք կը հաւատանք, որ մշակոյթը հաստատ կը մնայ երբ միութեան ոգիով, համայնօրէն եւ բծախնդիր աշխատինք: Մենք կը հաւատանք, որ գաղութիս ժողովուրդը Համազգայինի ոլորտին մէջ քաշելով կրնանք թէ զիրենք զբաղ պահել մշակոյթով որ կը թեթեւցնէ ծանր առօրեան եւ թէ զիրենք հեռացնել մօտալուտ օտարացումէ: Մենք պիտի չյանձնուինք եւ տակաւին հայ մշակոյթի պահակներն ենք, կեցած իբրեւ պատուաւոր տագնապալից օրերու եւ օտար հոսանքներու դիմաց»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+