Իսլամացուած Հայերու Մասին «Լռութեան Ժառանգութիւնը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Կը Հասնի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

30 Eylül 2015  

Իսլամացուած Հայերու Մասին «Լռութեան Ժառանգութիւնը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Կը Հասնի -

Իսլամացուած Հայերու Մասին «Լռութեան Ժառանգութիւնը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Կը Հասնի Իսլամացուած Հայերու Մասին «Լռութեան Ժառանգութիւնը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Կը Հասնի

Ֆրանսայէն Աննա Պենժամէնի եւ Կիյոմ Գլերի պատրաստած իսլամացուած հայերու մասին «Լռութեան ժառանգութիւնը» վաւերագրական ժապաւէնը մուտք գործած է PriMed 2015 ժապաւէնի փառատօնի աւարտական հանգրուան, կը գրէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

52 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը կը ներկայացնէ պատմութիւնը Արմէնի, Տողուքանի, Եաշարի եւ Նազլիի, որոնք թուրք են կամ քիւրտ, որոնք սակայն վերջին տարիներուն յայտնաբերած են, որ հա՛յ են, ինչ որ անոնց կեանքին մէջ կը ստեղծէ իրարանցում։

1915-ին, անոնց ծնողները կամ մեծ ծնողները Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած են իրենց իսկական ինքնութիւնը գաղտնի պահելով։ Ոմանք փրկուած են թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներու կողմէ։ Բոլորը ձուլուած են, իսլամացած եւ մոռցուած։

Այսօր մէկ դար շարունակ վախէ, լռութենէ եւ ամօթէ ետք, այդ պատմութիւնը կը բացայայտուի։ Վերջին տասը տարիներուն հետզհետէ աւելի մեծաթիւ թուրքեր կը յայտնաբերեն իրենց ընտանեկան գաղտնիքը եւ կը յայտարարեն, որ հայկական ծագում ունին։ Մինչ հայերը ամբողջ աշխարհի տարածքին կը նշեն Ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝ «Լռութեան ժառանգութիւնը» ժապաւէնը կը ներկայացնէ իսլամացուած հայերը, որոնց թիւը Թուրքիոյ մէջ այսօր աւելի քան մէկ միլիոն է։

Նազլի

Անոր ընտանիքը երկար ատենէ ի վեր պահած էր իր հայկական ծագումը։ Ազգային մշակոյթի կորուստէն խռոված Նազլի կ՚ուզէ երկար ատենէ ի վեր արգիլուած այդ ինքնութիւնը փոխանցել իր որդիին։ Վճռակամ, ան պետութեան դէմ պայքար կը մղէ իր զաւակը հայկական դպրոց արձանագրելու համար։ Զաւակին հետ միասին հայերէն կը սորվի:
Արմէն

Արմէն միայն իր հօր մահէն ետք է, որ տեղեակ կը դառնայ իր ընտանիքի իսկական պատմութեան։ Անոր հայրը ցեղասպանութեան ընթացքին փրկուած էր քիւրտ ընտանիքի մը կողմէ։ Այսօր, 55-ամեայ Արմէնը այդ յիշատակը յարգելու համար պահապանն է Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցիին։ Կը յուսայ օր մը ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած իր գերդաստանի անդամները գտնել։
Տողուքան

22-ամեայ Տողուքան տարիներէ ի վեր իր շրջապատէն պահած է իր հայկական ինքնութիւնը։ Ողբերգական դէպքէ մը ցնցուելէ ետք, ան վերջապէս կ՚որոշէ յաղթահարել իր վախը եւ կ՚որդեգրէ խիստ խորհրդանշական քայլ մը՝ կը վերադառնայ քրիստոնէութեան վերակենդանացնելու համար իր նախահայրերուն ինքնութիւնը։
Եաշար

Եաշար 39 տարեկանին կը յայտնաբերէ այն իրականութիւնը, որ ինք հայ է։ Նաեւ տեղեակ կը դառնայ, որ գոյութիւն ունի մեծ հօր հայրը, որ վերապրած է ջարդերէն եւ ապաստանած Համշէնի լեռներուն վրայ։ 44-ամեայ Եաշար առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնի Վան այդ նախահայրի եւ իր պատմութեան հետքերով։
Բեմադրիչներ Աննա Պենժամէն եւ Կիյոմ Գլեր

2012-ին, Սթրազպուրկի լրագրութեան դպրոցէն վկայեալ Աննա Պենժամէն «Լռութեան ժառանգութիւնը» վաւերագրական ժապաւէնը կը պատրաստէ աշխատակցելէ ետք բազմաթիւ լրատուամիջոցներու հետ, ինչպէս «Լը Մոնտ»-ի, «Թէ.Էֆ.1»-ի, վերջինիս կայքին «Էլ.Սէ. Ի.»-ի, «Ռիւ89»-ի եւ «Լեսլնրոքս»-ի հետ։ Ան համահեղինակն է համացանցային վաւերագրական երկու ժապաւէններու «Պաղեստինցիներ, Մայրեր հայրենիք» եւ «Պատերազմի ժամանակաշրջանի ուսանողներ»։

Կիյոմ Գլեր ծնած է Սինկափուր եւ մեծցած Փորթուկալի, Ֆրանսայ եւ Լիբանանի մէջ, ապա իր ուսման մէկ մասը կատարած է Լատին Ամերիկայի մէջ։ Ան միշտ ալ հետաքրքրուած է ինքնութեան վերաբերող հարցերով։ Ան եւս ուսանած է Սթրազպուրկի լրագրութեան դպրոցը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+