Քիւրտերը Հրապարակած Են Խաղաղութեան Համար Իրենց Երեք Պայմանները - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

30 Eylül 2015  

Քիւրտերը Հրապարակած Են Խաղաղութեան Համար Իրենց Երեք Պայմանները -

Քիւրտերը Հրապարակած Են Խաղաղութեան Համար Իրենց Երեք Պայմանները Քիւրտերը Հրապարակած Են Խաղաղութեան Համար Իրենց Երեք Պայմանները

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ ինքնավարութեան համար պայքարող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ թեւը հրապարակած է երկրին մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար իր երեք պայմանները՝ սպառնալով, որ հակառակ պարագային՝ քիւրտերու պայքարը պիտի շարունակուի։


Հիւսիսային Իրաքի Կորդուաց լեռներուն վրայ հաստատուած ռազմակայաններէն մէկուն մէջ, քիւրտ ղեկավար Ալի Հայտար Քայթանի հետ զրոյցի մը ընթացքին վերջինս ըսած է, որ Յուլիսէն ի վեր, թուրք-քրտական բախումներու վերսկսման մեղաւորը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: «Էրտողանը մեր դէմ պատերազմ յայտարարած է, եւ մենք մեզ կը պաշտպանենք», ըսած է ան:


Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացող Քայթան նշած է նաեւ, որ տարիներու ընթացքին կազմակերպութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը, եւ այժմ կը ձգտի Թուրքիոյ տարածքին մէջ ոչ թէ անկախ Քիւրտիստան, այլ՝ քրտական ինքնավարութիւն ստեղծելու:


Ըստ Քայթանի՝ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ, եթէ թրքական բանակը դադրեցնէ յարձակումները, բանտէն ազատ արձակէ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը, իսկ չէզոք երկիր մը միջնորդութիւն ստանձնէ թրքական պետութեան ու քիւրտերուն միջեւ: «Իբրեւ միջնորդ կրնայ հանդէս գալ Միացեալ Նահանգները: Այլ տարբերակ չկայ: Քիւրտ նոր մարտիկները աւելի արմատական են: Հաշտութեան համար, իբրեւ տարեց սերունդ, մենք վերջին կարելիութիւնն ենք Անգարայի համար: Հակառակ պարագային՝ պայքարը պիտի շարունակուի յաւելեալ 30 տարի», ըսած է Քայթան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+