Դարադարձի Յաղթական Տօնակատարութիւն - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

26 Ağustos 2015  

Դարադարձի Յաղթական Տօնակատարութիւն -

Դարադարձի Յաղթական Տօնակատարութիւն Դարադարձի Յաղթական Տօնակատարութիւն

Հարցում՝ «Ուրտեղացի՞ ես», պատասխան՝ «Դեռ չեմ ամուսնացած»: Ժողովրդական այս ծիծաղաշարժ ենթադրութիւնը կ՛արդարացնեմ սրտանց իւրացնելով կնոջս ծննդավայրը: Դեռ նշանուած էինք, երբ առայջին անգամ այցելեցի Մուսա լերան լանջին Վաքըֆլը գիւղը: «Վաքըֆլը գիւղ» անուանումի համեստութեան ետին կար վիթխարի պատմութիւն մը: Թէեւ հարեւանցիօրէն լսած էի այդ պատմութեան մասին, սակայն 1982 թուականի այդ այցելութիւնով թափանցեցի պատմութեան կենդանի վկաներու յուշերուն: Ծանօթացայ Մուսա լերան քառասնօրեայ հերոսական դիմադրութեան ականատես եղած ծերունիներու հետ: Այդ պատումները զարմանալիօրէն կը համապատասխանէին անուանի վիպագիր Ֆրանց Վերֆելի վաւերագրական բնոյթ ունեցող «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպին:

Այդ այցելութենէ այս կողմ զանազան առիթներով այցելած եմ Վաքըֆ: Իսկ գիւղի եկեղեցւոյ ի հիմանէ նորոգութենէն ետք ամէն տարուայ աւանդութիւն մըն է տարին գոնէ երկու անգամ գիւղին եւ գիւղացիներուն մտերմութենէն բաժին ստանալու արարողութիւնը: Իրաւ ալ արարողութեան մը բնոյթը ունեն այդ այցելութիւնները ինծի համար, քանի որ ամէն անգամ նոր յուզումներով, նոր հրճուանքով հարստացած կը վերադառնամ:
Տարակոյս չկայ, որ այդ ոգեւորութիւններուն ամենաբարձրը ապրեցանք վերանորոգուած եկեղեցիի բացման օրերուն: 1997ի ամառն էր, եւ Հայաստանի նախագահական աթոռին վրայ կը գտնուէր Լեւոն Տէր Պետրոսեան, իսկ Սուրբ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան գահին վրայ Գարեգին Ա. հայրապետ: Թուրքիոյ Հայոց Մեսրոպ Բ. պատրիարք սրբազանի ճառախօսութեան մէջ հպարտութեամբ արտասանածները այսօրուան նման ականջներուս մէջ է:«Մուսալեռցին նախագահ կը հանէ, մուսալեռցին կաթողիկոս կը հանէ», գոչած էր Մեսրոպ սրբազանը:

Ապա կ՛արժէ յիշել խաղաղութեան երանելի այդ քանի մը տարիները, ուր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը որդեգրած էր հարեւան երկիրներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու ռազմավարութիւնը: Վերացած էր Սուրիոյ եւ Լիբանանի նման երկիրներու հետ վիզայի պարտադրութիւնը: Այդ առիթէն օգտուելով բազմաթիւ նախկին մուսալեռցիներ Հալէպէն, Պէյրութէն, Այնճարէն ու Քեսապէն օթօպիւսներով եկած էին Վաքըֆլը: Ուրախութիւնը եւ թախիծը իրար խառնուած էին անոնց այցելութեան օրերուն: Մէկ կողմէն կ՛ապրուէր հարազատներու հանդիպումով գոյացած ուրախութիւնը, միւս կողմէ նախկին խտրպեկցիներ, եօղունօլուքցիներ, հապլակցիներ, գեպուսիյէցիներ կամ պիթիասցիներ արցունքոտ աչքերով կը դիտէին իրենց նախնեաց երբեմնի տուները, որոնց մէջ այսօր օտարներ կը բնակին: Ակամայ կը մրմնջէին՝ «Սիրտս նման է էն փլած տուներ, կոտրեր գերաններ, խախտել են սիւներ: Բոյն պիտի դնեն մէջ վայրի հաւքեր, տօ լա՜ճ տնաւեր»:

Ափսոս, կարճ տեւեց գիւղապետ Պերճին կամ Շիշմանենց Պետրոսին, Կարպիսին կամ Միհրանին «շաբաթը մէկ-երկու կ՛երթանք, կու գանք իրարու» պատմած այդ ուրախ օրերը: Պատերազմը վրայ հասաւ եւ այս անգամ Քեսապի պապիկներն ու տատիկները շատ աւելի տխուր պայմաններու մէջ հիւրասիրուեցան վաքըֆցիներու կողմէ:

Յաղթանակի դարադարձ 2015ը հայաշխարհի համար միանշանակ Ցեղասպանութեան դարադարձն է:
Աշխարհասփիւռ հայութիւն ամբողջ տարուան ընթացքին յիշեցին իրենց անմեղ զոհերը, անգամ մը եւս մատնուելով սուգի հոգեբանութեան: Պատկերը բոլորովին տարբեր է Մուսա լերան այս համեստ գիւղին մէջ: Վաքըֆցիները այդ տխուր թուականի դարադարձին կը յիշեն իրենց նախնեաց քառասնօրեայ հերոսական դիմադրութիւնը:

Այդ դիմադրութեան շնորհիւ տարածաշրջանի եօթը գիւղերուն շուրջ 5 հազար բնակչութիւնը միայն 18 զոհերով դուրս եկաւ դժոխային արհաւիրքէն եւ յատկապէս ալ վաքըֆցիներ յաջողեցան հայրենի գիւղը վառ պահել մինչեւ օրս: Ճիշդ է, որ տարիներու ընթացքին անոնք ալ ապրեցան մեծ կորուստներ: 1939ին իրենց հարեւանները կրկին բռնեցին գաղթի ճամբան: Նոր օրրաններ դարձան Քեսապ, Այնճար եւ 1945էն ետք ալ Հայաստան: Գիւղի հայկական դպրոցը փակուեցաւ 1940ին: Գիւղացիները ստիպուեցան իրենց հարազատներուն լքած հողատարածքներուն համար վարձք տալ Վաքըֆներու տնօրէնութեան:

Մանաւանդ ալ նոր սերունդը ուսանելու մարմաջով մեկնեցաւ մեծ քաղաք: Անվերադարձ եղաւ այդ մեկնումը, որուն հետեւանքով աւելի նուազեցաւ գիւղի բնակչութիւնը:

Ճիշդ է դարձեալ, որ գիւղը ունի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ խնդիրներ: Սակայն ներկայ դրութեան մէջ կան նաեւ այդ խնդիրները լուծելու կամք ու կորով ունեցող երիտասարդ տարրեր: Անոնց շնորհիւ է, որ գիւղի տարեցները աւելի լաւատես են ապագայի նկատմամբ:

Հարիսայի խրախճանք Աստուածածնի տօնակատարութեան յատկանիշներէն է մատաղներու միսով պատրաստուած հարիսան: Ի յիշատակ եօթը գիւղերու ամէն տարի եօթը կաթսաներու մէջ եփող աւանդական ճաշատեսակին համար այս տարի հարկ եղած էր ութերորդ մըն ալ աւելցնել: Արդարեւ բազմաթիւ ուխտաւորներու համար հազիւ պիտի բաւէր ութ կաթսաներու բովանդակութիւնը: Սակայն հարիսայի պատրաստութիւնը արդէն ինքնին տօնական ապրում մըն է: Այդ օր նախ կանայք ցորենը կը պատրաստեն, կաթսաները կը մաքրեն, երիտասարդներ խարոյկին համար ճիւղեր կը պատրաստեն, իսկ տղամադիկ լծուած են միսի պատրաստութեան: Նոյն պահուն կը հնչէ երաժշտութիւնը: Այս տարի Աստուածածնի տօնակատարութեան համար Իսթանպուլէն ժամանած է «Ոմանք» երաժշտական խումբը: Անոնք նախքան իրենց յայտագիրը, պաստառ մը կը պարզեն, որուն վրայ գրուած է «Քամփ Արմէն»ի զօրակցութեան պատգամ մը: Յիշենք, որ այս միջոցառումէն միայն երկու օր առաջ ֆաշիստներ յարձակած էին «Քամփ Արմէն»ի մէջ հերթապահութեամբ դիմադրող տղոց վրայ:

Արի Հերկել, Սեւան Կարապետեան, Սարօ Ուսթա, Ռուբէն Մելքիսէթօղլու եւ Իլքէմ Պալսէչենէ անդամներէ բաղկացած նուագախումբի մենակատարն է Լարա Նարին, որոնք իրենց առաջին հնչիւններով կը գրաւեն ունկնդիրին ուշադրութիւնը, որ վառ կը մնայ մինչեւ վերջ: Մեծ ուրախութիւն պատճառեց խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորներ Սելինա Տողանի եւ Կարօ Փայլանի ժամանումը: Գիւղացիներ ու ներկաներ երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունեցին անոնց ներկայութիւնը: Գիշերուան մինչեւ ուշ ժամեր տեւող խրախճանքի աւարտին գիւղի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար իր հետ ունենալով զոյգ երեսփոխանները եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ տոք. Թորոս Ալճանը, իր սրտի խօսքը փոխանցեց, թէ՛ ներկաներուն եւ թէ այս հաւաքոյթը պատուող երեսփոխաններուն: Բոլորին համար ուշագրաւ էր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի բացակայութիւնը ժողովրդական այս խանդավառ միջոցառումի ընթացքին:

Յաջորդ օր Արամ սրբազանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ Սուրբ պատարագ ձեռամբ գիւղի երէց Աւետիս քահանայ Թապաշեանի: Ս. պատարագը խորհրդաւոր իմաստ կը ստանար գիւղի պատանիներէն կազմուած եւ ուխտաւոր դպիրներու մասնակցութիւնով զօրացած դպրաց կազմի երգեցողութիւններով: Աւարտին ամէն կողմէ կը լսուէր նոյն բարեմաղթանքը. «Աստուած գալ տարուան արժանի ընէ». «Ըկուզ տարայ սաղ ու բարու»։

«ԱԿՕՍ»





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+