Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրութեան Ձայնը - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

26 Ağustos 2015  

Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրութեան Ձայնը -

Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրութեան Ձայնը Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրութեան Ձայնը

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք՝ հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին». Արամ Ա. կաթողիկոսի խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական պատգամին մէջ:

Վեհափառ հայրապետի թելադրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Շաբաթ, Օգոստոս 22ին այցելեց Սիսի կաթողիկոսարան, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ 1293ին Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915՝ Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

Ապա, կարդացուեցաւ նորին սրբութեան պատգամը: Արդարեւ, 100 տարիներ ետք, Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հնչէ Հայրապետական պատգամ մը՝ ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ կաթողիկոսը, անդրադառնալէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ իր ժողովուրդին հետ Սահակ կաթողիկոսի աքսորին՝ յիշեց իր ժողովուրդին իրաւունքները պահանջելու ծերունազարդ հայրապետին արի կեցուածքը եւ ամբողջական ու անկախ Հայաստանի անոր մարգարէատեսիլ բառերը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը, որպէս պահանջատէր Սիսի կաթողիկոսարանին եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:

Սիսի կաթողիկոսարան մեկնած միաբանական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի Հայոց առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամին բնագիրը, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան այցելութեան տեսաերիզը պիտի հրապարակուին յառաջիկայ քանի մը





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+