Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանը` Հոգեմտաւոր Ու Մշակութային Հարստութեան Մայր Օճախ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

25 Ağustos 2015  

Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանը` Հոգեմտաւոր Ու Մշակութային Հարստութեան Մայր Օճախ -

Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանը` Հոգեմտաւոր Ու Մշակութային Հարստութեան Մայր Օճախ Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանը` Հոգեմտաւոր Ու Մշակութային Հարստութեան Մայր Օճախ

1045 թուականին վերջնականապէս շիջեցաւ 160 բեղուն եւ առլցուն տարիներու անցեալ եւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու տիտղոսով դրոշմուած մշակութային մայրաքաղաք Անին որպէս կեդրոն ունեցող Բագրատունիներու հարստութիւնը:

Սակայն 11-րդ դարու աւարտին, նոր հարստութեան մը սկիզբով, նոր արշալոյս բացուեցաւ հայոց համար: 1080 թուականին Ռուբէն իշխանը Կիլիկիոյ մէջ հիմը դրաւ հայկական նոր թագաւորութեան մը` հայերուն համար քաղաքական կեդրոն դարձնելով Կիլիկիան:

1293 թուականին Եգիպտոսի Աշրաֆ սուլթանին ձեռամբ Հռոմկլան իր անկումը ունեցաւ: Այս պատճառով Գրիգոր Է. Անաւարզեցի կաթողիկոսին օրով, հայոց Հայրապետական Աթոռը փոխադրուեցաւ Սիս` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքը:

Անի-Սիս ժամանակամիջոցին, Հայոց Հայրապետական Աթոռը իբրեւ կեդրոն ունեցաւ նախ Թաւբլուրը, ապա Ծամնդաւն ու Ծովք-դղեակը եւ վերջապէս շուրջ մէկուկէս դար` Հռոմկլան:

Հայոց Հայրապետական Աթոռին Սիս փոխադրութեամբ, Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը դարձաւ նաեւ հայոց նաեւ կրօնական ու հոգեւոր բարձրագոյն կեդրոնը եւ հոգեմտաւոր ու մշակութային վառ օճախ մը:

Կիլիկիան` Հոգեմտաւոր
Առաքելութեան Կեդրոն
Այս նորակերտ հայրենիքին մէջ նոր արարումներով հարստացան հայ եկեղեցին ու հայ մշակոյթը, որոնց գանձարանը լեցուեցաւ ոգեղէն նոր հարստութիւններով:

Վարդապետներ, մատենագիրներ, օրինակողներ ու ծաղկողներ, իրենց հոգիի լոյսէն, մտքի գանձէն ու սրտի արիւնէն լեցուցին հայ դպրութեան անուշահամ գինիի կարասին մէջ` յաւերժացնելով պատմութիւնը հայոց, ի գիտութիւն գալիք բոլոր սերունդներուն: Գէորգ Սկեւռացին, Յովհաննէս Պլուզ վարդապետը, Մովսէս Երզնկացին եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ փառքի դափնեկիրներ չդարձան, սակայն երախտիքի արժանացան յաջորդող սերունդներէն ու յաւերժացան իրենց հոգեմտաւոր արգասիքով:

Կիլիկիան` Մշակութային
Հարստութեան Կեդրոն
Կիլիկեան հայրենիքը նաեւ դարձաւ մշակութային հարստութեան կեդրոն: Այսօր Թորոս Ռոսլինի, Պիծակի նուրբ արուեստի ու գոյներու հիանալի ներդաշնակութեամբ մանրանկարները անկրկնելիութեամբ կը յատկանշուին: Կիլիկեան շրջանի հայկական ձեռագիր մատեաններու անգնահատելի հարստութիւնը, իւրաքանչիւր թերթի խորհուրդը, զայն շօշափող ու դարձնող հայ թէ օտար մարդը իր մատներու ծայրին կը զգայ, թէ ինչպիսի մեծ վերելք արձանագրուեցաւ Կիլիկեան շրջանին:

Թագաւորական օծման արարողակարգը իր մէջ բովանդակող Սսոյ Մայր Մաշտոցը, որուն տառերուն ու տողերուն վրայ հայոց արքաներուն աչքերուն հայեացքը ինկած է ու ընթերցած հայոց ազգին ղեկավարութիւնը ստանձնելու ուխտագիրը, բնաւ պիտի չկորսնցնէ իր հմայքը, դարձեալ կազմելով փառքը այն քաղաքին` Սիսին, ուր գրուեցաւ ան ու կտակուեցաւ հայ ազգին:

Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ճակատները իր դրոշմով իրարու կապող ու իր բոյրով հայը օտարէն զանազանող Սուրբ Միւռոնը քանի-քանի անգամներ օրհնուեցաւ այս յաւերժական մայրաքաղաքին մէջ, հայոց հայրապետներուն ձեռամբ, եւ անոր պարունակին` Միւռոնի հրաշակերտ կաթսային մէջ եկաւ մտնելու հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր Սրբութիւնը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնաբաշխ Աջը: Միւռոնաթաթախ այս Աջին հովանիին տակ բազմիցս փրկուած քաղաքը` Սիսը, միշտ երկիւղածութեամբ վարուեցաւ եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբին նուիրական մասունքին հետ` անոր պաշտպանութեան ու պահպանումին գործը յանձնելով Աջապահեան յատուկ տոհմին:

Իր բերդանման կաթողիկոսարանը, որուն մէջ կը պահուէին այս հարստութիւնները, մնայուն հոգածութեան առարկայ դարձաւ հայոց հայրապետներուն կողմէ, որոնցմէ ամէն մէկը անոր վրայ քար մը աւելցուց, մինչեւ որ Կիրակոս Մեծագործ կաթողիկոսին օրով հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ` զարդարուելով Ս. Սոֆիա հսկայ Մայր տաճարով:

Կիլիկիան` Միջեկեղեցական
Գործունէութեան Կեդրոն
Հայկական սփիւռքի հիմքն է Կիլիկեան Հայաստանը: Աշխարհին բացուելու պատուհանը եղաւ անիկա: Լատիններուն հետ երկխօսութեան, յարաբերութեան տարբեր մակարդակներու աշխատանքները օրուան քաղաքական իշխանութիւններուն կողքին ու երբեմն անոնցմէ աւելի, հայ եկեղեցին ինք կատարեց` իր լուսամիտ հայրերու բանիմաց քաղաքականութեամբ: Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ Լամբրոնացին առաջնակարգ անուններ են հայ եկեղեցւոյ արտաքին քաղաքականութիւնն ու աստուածաբանական երկխօսութիւնը ծաւալելու գործունէութեան մէջ:

Միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն հիմնադիրները ու քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան օրինակելի առաջին արարքները մեր եկեղեցին

կը պարտի Կիլիկեան Հայաստանի հայ հոգեւորականներուն:

Անթիլիասը` Նոր Սիս
Եւ Նոր Կիլիկիա
Կիլիկիան ու անոր արծուեբոյն Սիս մայրաքաղաքը կորսնցնելը` թուրքին նենգ ու ոճրային Ցեղասպանութեան կանխամտածուած արարքով, յուսաբեկման ու քայքայման չառաջնորդեց ազգը, որ բազմաթիւ անգամներ մեռնելու եւ յառնելու վիճակներու մատնուած էր պատմութեան ընթացքին:

1930 թուականը ժամանակն էր դարձեալ ծնելու, այս անգամ Անթիլիասի մէջ, իբրեւ նոր կեդրոնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քանդուած ու աւերուած բոյնին: Այսօր Անթիլիասի մէջ պատմութիւնը կը շարունակուի գրուիլ նուիրեալ աշխատանքով: Աշխատանք, որուն մէջ խառնուած է «ճերմակ արիւնը» հայրապետէն մինչեւ դպիրին, ղեկավարէն մինչեւ սպասաւորին:

Մշակոյթի գանձատունը նոր իրագործումներով հարստացնելը, հայ դպրութիւնը ծաղկեցնելը, հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը պահպանելը, միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն տարածքը ընդարձակելը կ՛իրականանան մարդոց շնորհիւ, եւ անոր մէջ մեծ է դերը նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Սիսի մէջ ջարդուած ու կոտորուած մարդուժը այստեղ նոր սերունդներով կը համալրուի` աւելի՛ պատրաստուած, աւելի՛ բարձրագոյն ուսման հասած, աւելի՛ պատրաստակամ ու յանձնառու:

Վերջապէս, Անթիլիասը այսօր Սիսի հայելիին մէջէն արտացոլացող շողք է, որուն նայելով հայն ու օտարը պիտի տեսնեն փառաւոր անցեալի` թագաւորական ու հայրապետական մականներու վերընձիւղումը, որ երաշխիքն է մեր ազգի ու եկեղեցւոյ վառ արշալոյսներուն ու յաւերժութեան:

ԹՈՐԳՈՄ ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+