22 Kasım 2011
Հռոմի թանգարանէն ներս բացուածէ Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաքի Դուինի եւ անոր մերձակայքի հնագիտական յայտնագործութիւններուն Նուիրուած ցուցահանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Դուինը Եւրոպան կապած է Ասիոյ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է իր աշխարհագրական եւ ռազմավարական դիրքով` գտնուելով Մետաքսի ճանապարհին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտ 40 ցուցանմուշներ, որոնք յայտնաբերուած են Արարատի մարզի մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին:
«Դուինը եղած է արեւելքն ու Արեմուտքը կապող մայրաքաղաք:Հ այ մատենագիր Անանիա Շիրակացին կը վկայէ, որ քաղաքէն ելած են առաեւտրական վեց ուղիներ եւ զայն կապած են Մետքասի ճանապարհի ու աշխարհի տարբեր մասերուն»,- «Romereports.com»-ին ըսած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան:
Քաղաքը ունեցած է 150 հազար բնակիչ եւ եղած է միջնադարեան խոշոր առեւտրական կեդրոններէն: Դուին աւերուած է 893ին` երկրաշարժի հետեւանքով: Պահպանուած են միայն արուեստի տարբեր ստեղծագործութիւններ: Ապակիէ, կաւէ, արծաթէ եւ պրոնզէ պատրաստուած իրերը, ինչպէս նաեւ այդ շրջանի մետաղադրամներն ու սրբապատկերները կը պատմեն Քրիստոսի կեանքի մասին եւ հանդէս կու գան իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդի պատմութեան վկայութիւն:
Ցուցադրուած է նաեւ 5րդ դարու Աստուածաշունչը, որ հայերէն այբուբենով առաջին գիրքն է:
«Մենք կ`ուզենք ցոյց տալ այն ժամանակ գոյութիւն ունեցած բարձր մակարդակի մշակոյթի մէկ մասը միայն»,-նշեց դեսպանը:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը կատարուած է հայկական տուտուկի հնչիւններու ներքոյ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2012ի Յունուար 29: Կը նախատեսուի, որ Իտալիա կատարելիք այցի ծիրէն ներս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյնպէս դիտի ցուցադրութիւնը, կ`ըսէ «Ասպարէզ»ը։
http://tert.am/hy/news/2011/11/18/tvin/