22 Kasım 2011
Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին չեն ներառուիր։ Այս մասին, ըստ ԱՊԱ գործակալութեան, Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըր։
«Իբրեւ յանձնաժողովի նախագահ՝ կրնամ ըսել, որ այդ արձանագրութիւնները չեն ներառուիր խորհրդարանի օրակարգ»,– ըսած է Պոզքըր։
http://tert.am/hy/news/2011/11/21/bozkir/