12 Ekim 2011
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին այսօր իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամատ Ալա ալ Տին Սաատ ալ Լէիս:
Նախագահը շնորհաւորեց դեսպանը` մեր երկրին մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելու առնչութեամբ եւ յոյս յայտնեց, որ իր գործունէութեամբ ան հնարաւորինս պիտի նպաստէ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու ամրապնդման:
Երկուստէք ընդգծուեցան, որ հայ-եգիպտական կապերը, երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնն ու փոխադարձ համակրանքը սկիզբ առած են դարերու խորքէն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Կարեւոր համարուեցաւ նաեւ քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն զուգահեռ տնտեսական, մշակութային կապերը եւս զարգացնելու եւ խորացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահը յոյս յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական կայունութեան հաստատումը նաեւ պիտի նպաստէ տնտեսութեան զարգացման ու այդ ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ փոխգործակցութեան աշխուժացման: Հանրապետութեան ղեկավարն ու Եգիպտոսի դեսպանը, հայ-եգիպտական կապերու ամրապնդման համար, մեծապէս կարեւոր համարեցին նաեւ եգիպտահայ համայնքին դերը:
Նշելով, որ իր նշանակումը կը համընկնի այն ժամանակահատուածին, երբ ՀՀ կը տօնէ անկախութեան 20րդ տարեդարձը, դեսպան Մոհամատ Ալա ալ Տին Սաատ ալ Լէիս շնորհաւորեց Հայաստանն ու Սերժ Սարգսեանը եւ մաղթեց յառաջիկայ յաջողութիւններ: