Եւրոպական Խորհրդարանի Միջազգային Առեւտուրի Յանձնախումբը Հաւանութիւն Տուած Է Հայաստանի Համար Մաքսա - Հայերէն
09 Eylül 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

05 Eylül 2026  

Եւրոպական Խորհրդարանի Միջազգային Առեւտուրի Յանձնախումբը Հաւանութիւն Տուած Է Հայաստանի Համար Մաքսա -

Եւրոպական Խորհրդարանի Միջազգային Առեւտուրի  Յանձնախումբը Հաւանութիւն Տուած Է  Հայաստանի Համար Մաքսա Եւրոպական Խորհրդարանի Միջազգային Առեւտուրի Յանձնախումբը Հաւանութիւն Տուած Է Հայաստանի Համար Մաքսատուրքերու Ժամանակաւոր Վերացման

Եւրոպական խորհրդարանի Միջազգային առեւտուրի յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի համար մաքսատուրքերու ժամանակաւոր վերացման` Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածման նկատմամբ սահմանուած առեւտրական սահմանափակումներու պատճառով ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցած առաջարկը 3 սեպտեմբերին ընդունուած է առանց բարեփոխումներու` 35 թեր, 2 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով:

Առաջարկին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ երկու տարի ժամկէտով վերացնել հայկական շարք մը ապրանքներու նկատմամբ կիրարկուող մաքսատուրքերը:

Միեւնոյն ժամանակ կը նախատեսուի առանց մաքսատուրքի ներածման չափաբաժիններ սահմանել հայկական գիւղատնտեսական ութ տեսակ արտադրութեան համար: Անոնց շարքին են խաղողը, ծիրանը, կեռասը, դեղձը եւ վարունգը:

Նախագիծը նաեւ կը նախատեսէ պաշտպանական մեքանիզմներ, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային Եւրոպական Միութեան կարելիութիւն պիտի տան միջամտելու, եթէ Հայաստանէն ներածման աճը բացասական ազդեցութիւն ունենայ եւրոպացի արտադրողներու վրայ:

Այս քայլը պայմանաւորուած է մայիս 2026-էն Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածման շարք մը կարեւոր ապրանքատեսակներու նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումներով: Անոնք կը վերաբերին, մասնաւորաբար, ոգելից ըմպելիներուն, հանքային ջուրերուն, միրգերուն եւ բանջարեղէնին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ տարածքով անոնց տարանցման:

Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովի, այդ սահմանափակումները խաթարած են Հայաստանի աւանդական մատակարարման շղթաները եւ զգալիօրէն սահմանափակած երկրի հասանելիութիւնը աւանդական արտածման շուկաներուն: Իրավիճակը յատկապէս ծանր ազդեցութիւն ունեցած է փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արտադրողներու վրայ` միեւնոյն ժամանակ մարտահրաւէրներ ստեղծելով Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան համար:

Եւրոպական Միութիւնը նախաձեռնութիւնը կը դիտարկէ իբրեւ հայկական տնտեսութեան աջակցելու եւ արտածողներու համար Եւրոպական Միութեան շուկայ մուտքի լրացուցիչ կարելիութիւններ ստեղծելու ժամանակաւոր միջոց:

Առաջարկին շուրջ յաջորդ քուէարկութիւնը կը նախատեսուի Եւրոպական խորհրդարանի սեպտեմբերեան լիագումար նստաշրջանին` Սթրասպուրկի մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանի հաստատումէն ետք, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի պաշտօնական հաստատումը: Կանոնակարգը ուժի մէջ պիտի մտնէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ հրապարակուելուն յաջորդ օրը:

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը 2 սեպտեմբերին հաւանութիւն տուած էր հայկական արտադրութեան համար առեւտուրի ժամանակաւոր ազատականացման քայլեր սահմանելու առաջարկին եւ նախագիծը ուղարկած էր Եւրոպական խորհրդարանի հաստատման:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+