Արցախի Անկախութեան Օրը` Եռաբլուրի Մէջ - Հայերէն
09 Eylül 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

03 Eylül 2026  

Արցախի Անկախութեան Օրը` Եռաբլուրի Մէջ -

Արցախի Անկախութեան Օրը` Եռաբլուրի Մէջ Արցախի Անկախութեան Օրը` Եռաբլուրի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-ամեակին առիթով երէկ բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ, Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելով «Արցախի կանչը» յուշակոթողին:

«2 սեպտեմբերին արցախահայութիւնը որոշեց տէր կանգնիլ իր իրաւունքներին, իր քաղաքական հեռանկարին, իր ներկային: Ցաւօք սրտի մեր պատմութեան ամէնէն յիշարժան, ամէնէն երեւելի, ամէնէն արժանապատիւ օրերէն մէկը այսօր մթագնած է: Մթագնած է օրուան քաղաքական իշխանութեան վարած անհաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութեան եւ նոյնքան անհաւասարակշիռ ներքին քաղաքականութեան հետեւանքով: Բայց, այնուամենայնիւ, ես կ՛ուզեմ լաւատես ըլլալ, ու պատահական չէ, որ մենք, հակառակ այս մեծ անարդարութեան, այսօր ալ կը գտնուինք Եռաբլուրի մէջ, ուր կը հանգչին արցախեան ազատամարտի եւ մեր բոլորի հաւաքական արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու պայքարին համար նահատակուած մեր հերոսները», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան:

Անոր համաձայն, 2 սեպտեմբերը պիտի արժեւորենք, որովհետեւ մեր երկարատեւ պատմութեան մէջ արժանապատիւ օրերէն մէկն էր` իբրեւ Արցախի ինքնորոշման, ինքնորոշուած ապրելու, արցախահայութեան իրաւունքներու, արժանապատուութեան պաշտպանութեան, պետականութեան գիտակցման օր արցախցիներուն եւ մեզի համար:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Արցախը հայկական է, եւ Նիկոլ Փաշինեանը այս իմաստով այն մարդը չէ, որ պէտք է որոշէ` Արցախը հայկակա՞ն է, թէ՞ հայկական չէ: Բնականաբար, ան կը շարունակէ սպասարկել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնն ու անոնց շահերը Հայաստանի մէջ, բայց, միեւնոյնն է, ըսած եմ եւ կը շարունակեմ պնդել, որ Արցախը հայկական է»:

Ան նշեց, որ բոլոր միջազգային հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅԴ-ն իր Հայ դատի կառոյցներով Արցախի հարցը կը բարձրաձայնէ, բայց հարցը յառաջ չ՛երթար, հարցը շատ դժուար է միջազգային օրակարգի վրայ պահել, քանի որ անոր թիկունքին չկայ պետութիւն: Ու ոչ միայն չկայ պետութիւն, այլեւ պետութիւնը անոր դէմ կ՛աշխատի: «Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք հարցը օրակարգի վրայ պահելու համար, բայց մշտապէս կը հանդիպինք ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու, այլ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան հակահայ քաղաքականութեան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց լրագրողներուն յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ ու լսումներ կազմակերպուած են: «Կը փորձենք բոլոր այն ուժերուն հետ համատեղ, որոնք մտահոգուած են թէ՛ Արցախի ճակատագիրով, թէ՛ անմիջապէս արցախահայութեան խնդիրներով, մշակել քաղաքականութիւն, որ թոյլ չի տար մոռացութեան տալ Արցախը», նշեց ան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Մենք կը պայքարինք Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար: Արցախահայերը պէտք է կարելիութիւն ունենան վերադառնալու հայրենի օճախներ»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+