​Հայաստանի Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Հաստատեց Եւրոմիութեան Անդամակցութեան Գործընթացը Սկսելո - Հայերէն
01 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Արեգ / Օր : Արեգ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

27 Mart 2025  

​Հայաստանի Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Հաստատեց Եւրոմիութեան Անդամակցութեան Գործընթացը Սկսելո -

​Հայաստանի Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Հաստատեց Եւրոմիութեան Անդամակցութեան Գործընթացը Սկսելո ​Հայաստանի Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Հաստատեց Եւրոմիութեան Անդամակցութեան Գործընթացը Սկսելու Օրինագիծը

Երէկ, 26 Մարտին, Հայաստանի Ազգային ժողովը մեծամասնութեամբ՝ 64 թեր եւ 7 դէմ քուէներով ընդունեց Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացին սկսելու օրինագիծը։

Ասիկա Հայաստանի պատմութեան մէջ թերեւս ամէնէն կարճ օրինագիծն է. անիկա բաղկացած է 25 բառերէ կազմուած միայն մէկ նախադասութենէ. օրէնքը խորհրդարանին մէջ ծայրէ ի ծայր կարդաց Եւրոպական համարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, նպատակ ունենալով զարգացնել ժողովրդավարական ինստիտուտները (հիմնարկները, կառոյցները), բարձրացնել հասարակութեան բարեկեցութիւնը, ամրապնդել երկրի անվտանգութիւնը, դիմակայութիւնը եւ իրաւունքի գերակայութիւնը, կը յայտարարէ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացի սկիզբը», կարդաց Եղոյեան։

Նախագիծը Ազգային ժողով բերած էր «Եւրաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը, մինչ այդ անոնք հաւաքած էին ստորագրութիւններ, որպէսզի կարենան օրէնքը խորհրդարանի քննարկութեան ներկայացնել։

Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեան յայտնեց, որ ստորագրութիւնները հաւաքուած են շատ արագ, սահմանուած ժամկէտի կիսուն արդէն պէտք եղած ստորագրութիւններէն կրկնապատիկը հաւաքուած էր։

Առաջինէն երկրորդ ընթերցումին ընթացքին նախագիծէն վերցուեցաւ «արտայայտելով ժողովուրդի կամքը» արտայայտութիւնը. Եղոյեան բացատրեց, որ կառավարութիւնը նկատած էր զայն, բայց չեն կրնար այս բառերը ձգել նախագիծին մէջ, որովհետեւ այդ հարցով հանրաքուէ չէ կատարուած։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ քուէարկութեան պիտի չմասնակցի եւ քննադատեց նախագիծը, գործընթացը նկատեց իշխող մեծամասնութեան արկածախնդրութիւնը, իսկ բուն օրինագիծը՝ բաժակաճառ։

Այս օրէնքի ընդունումը չ'ենթադրեր, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով յառաջիկային հանրաքուէ պիտի կատարուի, Եւրոմիութեան անդամութեան թեկնածու դառնալու գործընթացին Հայաստան տակաւին չէ նախաձեռնած, այդ պատճառով այլ ընթացակարգեր նախատեսուած են։
Հայաստանի Արտաքին Գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը շեշտեց, որ թէեւ օրինագիծը համահունչ է Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները խորացնելու ծրագիրին եւ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան, անիկա Եւրոմիութեան անդամակցութեան դիմում մը չէ։ «Օրինագիծը յայտնի կը դարձնէ Եւրոմիութեան հետ գործընկերութեան գոյացումը նոր մակարդակի հասցնելու ցանկութիւնը, Հայաստանի ժողովուրդի ձգտումը, որ համահունչ է բալանսաւորուած (հաւասարակշռուած) ու բալանսաւորման (հարասարակշռութեան երթալու) արտաքին քաղաքականութեան», ընդգծեց Յովհաննիսեան։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան նախագահ, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխան Նիլս Ուշաքովս եւ Հայաստանի հարցերով զեկուցող Միրիըմ Լեքսման ողջունեցին օրէնքի ընդունումը, ներկայացնելով հետագայ քայլերու յաջորդականութիւնը։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+