Պոլսոյ Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ և աղօթք Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին համար -
Պոլսոյ Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ և աղօթք Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին համար
«Հայր Երկնաւոր, Գոհութիւն կը յայտնենք քեզի Ֆրանչիսկոս Պապի երկար տարիներու սիրալիր ծառայութեան համար, ի սպաս սուրբ Եկեղեցւոյ. Յոյսին համար, զոր ան կը ներշնչէր շատերուն: Կ'աղաչենք Քեզի, ով Երկնաւոր Հայր, գթա՛ իրեն հիւանդութեան պահուն: քու մեծ ողորմութեամբ: Կ'աղօթենք նաեւ, որ լուսաւորես բժիշկները, Որոնք մեծ խնամք կը թափեն իր վրայ: Շնորհէ իրեն խաղաղութիւն և առողջութիւն:
Սուրբ Պատարագը քրիստոնէական հաւատքի և ծիսական արարողութիւններու գերագոյն աղօթքն է: Եկեղեցւոյ հիմնական պարտականութիւնն է աղօթել. Եկեղեցին աղօթքի մեծ դպրոց մըն է, ուր աղօթքը ունի հասարակական բնոյթ։ Ամէն քրիստոնեայ պէտք է աղօթէ, որովհետեւ մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ։
Այսպէս, Կիրակի 23 Փետրուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պոլսոյ Ս. Յովհան Ոսկեբերան հոյակերտ տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ և անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին առողջութեան համար, նախագահութեամբ՝ Թուրքիոյ Հ. Կ. Առաջնորդ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանի, և մասնակցութեամբ՝ վաստակաւոր՝ Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, Թեմական կղերին՝ վարդապետաց, քահանայից, սարկաւագաց և դպրաց դասուն, ինչպէս նաեւ համօրէն հաւատացեալներուն:
Ս. Յովհան Ոսկեբերանի Աւագ Խորանին առջեւ սկիզբ առաւ Ձայնաւոր սուրբ Պատարագը, զոր մատոյց Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան, դպրաց դասի բարձր կատարումով:
Պատարագի ընթացքին՝ Քահանայապետին նուիրուած աղօթքը պարզապէս յիշատակութիւն մը չէ, այլ՝ ինքնին Ս. Պատարագը կը մատուցուի իր յիշատակին համար:
Մինչ դպիրները «Հոգի Աստուծոյ» կ'երգեն, պատարագիչ քահանան բարեխօսական ծածուկ աղօթքներ կը ներկայացնէ Հայր Աստուծոյ՝ գործակից ունենալով Սուրբ Հոգին Աստուած, քանզի Որդին Աստուած՝ Քրիստոս, կը պատարագուի Սուրբ Սեղանին վրայ:
Յիշատակութեանց այս հանգրուանին, ճիշտ ժամանակն է սրբագործուած Ընծաներու միջոցաւ մեր խնդրանքները ներկայացնել առ Աստուած, ինչպէս Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Առաջնորդ՝ Հ. Վարդան Գերապայծառը մատուցեց Սրբազան Քահանայապետին առողջութեան համար.
«Հայր Երկնաւոր,
Գոհութիւն կը յայտնենք քեզի
Ֆրանչիսկոս Պապի երկար տարիներու սիրալիր ծառայութեան համար, ի սպաս սուրբ Եկեղեցւոյ.
Յոյսին համար, զոր ան կը ներշնչէր շատերուն:
Կ'աղաչենք Քեզի, ով Երկնաւոր Հայր,
գթա՛ իրեն հիւանդութեան պահուն:
քու մեծ ողորմութեամբ:
Կ'աղօթենք նաեւ, որ լուսաւորես բժիշկները,
Որոնք մեծ խնամք կը թափեն իր վրայ:
Շնորհէ իրեն խաղաղութիւն և առողջութիւն:
Յիսուս Քրիստոս,
Կեանքի և պատմութեան Տէրը.
Առողջութիւն կը հայցենք
Քու խոնարհ ծառայիդ՝
Ֆրանչիսկոս Պապին համար:
Թող այս ապաքինման օրերուն,
վերագտնէ իր ուժերը հոգեւոր և մարմնաւոր:
Տուր իրեն շնորհքը որուն պէտք ունի.
եւ մեզ ալ աղօթքով միացուր մեր Հօր և Հովիւին:
Փառք Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ.
Մխիթարիչ Ս. Հոգի,
Իջիր այս պահուս Քեզի պաղատողներուս վրայ:
Սփոփէ Սրբազան Պապին ցաւերը
Քո սիրոյ հրով.
Եկեղեցւոյ Հովուապետին հետ մնայ իր հիւանդութեան ժամանակ,
Զօրացուր զինք, որպէսզի բոլորովին առողջացած՝
Շարունակէ իր եկեղեցանուէր առաքելութիւնը:
Ով Մարիամ, Սրբուհի Կոյս
Մայր կեղեցւոյ և համօրէն հաւատացելոց.
Աղաչէ՛ Ամենասուրբ Երրորդութեան,
որպէսզի քու միջնորդութեամբ կատարուին
Մեր բոլորին խնդրուածքները.
Այժմ և միշտ և յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»:
Յաւարտ սուրբ և անմահ Պատարագին՝ եկեղեցական դասն ու ժողովուրդը հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ սրահը, ուր հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, կազմակերպութեամբ՝ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:
--------------------
Նշենք որ Սուբ Զոհի ընթացքին ներկայացուեաւ հետեւեալ քարոզը`
Յովհաննու Աւետարանին Զ. գլխուն մէջ. (Յովհ 6, 58,71), Յիսուս կը խօսի Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մասին:
Առաջաւորի երկրորդ շաբաթը կը սկսի Քրիստոսի պատուէրով՝ որ ուտենք իր մարմնէն, քանի ինքն է երկնքէն իջած կեանքի հացը։
Աւետարանը կը շեշտէ Քրիստոսի վարդապետութեան վրայ. Երբ Յիսուս Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մասին յայտարարելով՝ կ'ըսէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ով որ չուտէ իմ մարմինս եւ չխմէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք չ'ունենար»:
«Եթէ դուք չուտէք մարմինը Մարդու Որդիին, և չխմէք անոր արիւնը, չունիք կեանք ձեր անձին մէջ»:
«Այս է հացը իջած երկինքէն, նման չէ մանանային, զոր ձեր հայրերը կերան ու մեռան. ով որ կ'ուտէ այս հացը պիտի ապրի յաւիտեան»:
Այդ րոպէին, իր շուրջը գտնուողները եւ նոյնիսկ իր աշակերտները չկրցան հասկնալ այս խօսքերուն իմաստը.
Այդ րոպէին, շատեր, իր հետեւորդներէն, անհանդուրժելի գտնելով այս խօսքերը՝ կը թողուն զինք ու կը հեռանան իրմէ։
Արդարեւ, Քրիստոսի հետեւելու համար շատ մը զրկանքներու պէտք է ենթարկուիլ, թողուլ իր ընտանիքը եւ հարստութիւնը, հրաժարիլ ամէն բանէ, խաչը առնել եւ հետեւիլ իրեն։
Իսկ հիմա, ահա ուրիշ նորութիւն մը կը յայտնէ իրենց. պէտք է ուտել իր մարմինը եւ խմել իր արիւնը:
Իսկ առաքեալները որ ամէն ինչ թողած էին, հետեւելու համար Քրիստոսի. այստեղ երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուին. հաւատա՞լ այս անհասկնալի խօսքերուն թէ, միւսներուն նման, լքել զինք ու հեռանալ։
Եւ ահա Սիմոն Պետրոս բոլորին անունով կը բացագանչէ. «Տէր, մենք որու՞ն կրնանք երթալ, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը։»
Այդ պահուն Սուրբ Հոգին է որ կը թելադրէ Պետրոսին այս գեղեցիկ խօսքերը։ Վստահաբար, Պետրոսի այս խօսքերէն ետք, միւս բոլոր առաքեալները լեցուեցան խանդավառութեամբ եւ ազատեցան երկընտրանքի յառաջ բերած տառակոյսէն։
Այսօր մենք որոշ չափով կը հասկնանք Յիսուսի այս խօսքերը, որովհետեւ, մինչ այդ ան իր մահուան նախօրեակին` աշակերտներուն տուաւ բաղարջ հացը եւ գինին, ըսելով. «Առէ՛ք կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս եւ խմեցէ՛ք ասկէ, այս է իմ արիւնս։»
Այն ատեն միայն անոնք կրցան հասկնալ այդ խորհրդաւոր խօսքերը զոր ըսած էր Յիսուս Կափառնաումի ժողովարանին մէջ, հացերու բազմացման հրաշքին յաջորդ օրը։
Հիմա կրնանք ըսել թէ սրբագործուած հացն ու գինին իրապէս կ'ըլլան Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, եւ անոնց ճաշակումով է որ մենք կը ժառանգենք յաւիտենական կեանքը։
Ահա այսպիսին է առաքելութիւնը Պետրոս Առաքեալի յաջորդին՝ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին, որուն համար այսօր բոլորս պիտի աղօթենք սուրբ Պատարագի աւարտին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com