Քահանայապետին քարոզը սարկաւագներու Յոբելեանին առիթով. Ներում, անվերապահ ծառայութիւն եւ հաղորդութիւն -
Քահանայապետին քարոզը սարկաւագներու Յոբելեանին առիթով. Ներում, անվերապահ ծառայութիւն եւ հաղորդութիւն։
«Այս պատարագի ընթացքին ուր հաղորդութիւնը կը ստանայ աւելի լիակատար ու նշանակալից չափանիշ, կը զգանք Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը, թէեւ կը գտնուի հիւանդանոցի անկողինի մը վրայ...այս մէկը մեզ կը ստիպէ աւելի զօրեղ ու թախանձագին դարձնել մեր աղօթքը, որպէսզի Տէրը անոր թիկունք կանգնի հիւանդութեան այս փորձանքի պահի ընթացքին» ըսաւ ապա գերապ. Ֆիզիքելլան ու ընթերցումը կատարեց Սրբազան Պապի քարոզին
Կիրակի 23 Փետրուար 2025ի առաւօտեան ժամը ինին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Սարկաւագներու Յոբելեանին նուիրուած Սուրբ Պատարագ զոր Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով գլխաւորեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համավերատեսուչ` Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան, տրուած ըլլալով որ Սրբազան Քահանայապետը տակաւին կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ։
Արարողութեան մասնակցեցան 5 հազար հաւատացնելներ, ընթացքին որոնցմէ 2500 սարկաւագներէին եւ անոնցմէ 23-ը արժանացան սարկաւագական կարգին։
Սուրբ Զոհի ընթացքին Գերապ. Ֆիզիքելլան նախ քան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս առիթով պատրաստած քարոզը, ընթերցելը նշեց թէ իրենց համար հաճելիէ կարդալ քարոզը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի ուզենար անձամբ հաղորդել բոլոր ներկաներուն։
«Այս պատարագի ընթացքին ուր հաղորդութիւնը կը ստանայ աւելի լիակատար ու նշանակալից չափանիշ, կը զգանք Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը, թէեւ կը գտնուի հիւանդանոցի անկողինի մը վրայ...այս մէկը մեզ կը ստիպէ աւելի զօրեղ ու թախանձագին դարձնել մեր աղօթքը, որպէսզի Տէրը անոր թիկունք կանգնի հիւանդութեան այս փորձանքի պահի ընթացքին» ըսաւ ապա գերապ. Ֆիզիքելլան ու ընթերցումը կատարեց Սրբազան Պապի քարոզին, որ կեդրոնացած էր «ձրիութեան» վրայ, որպէս հիմնական արժէք սարկաւագական առաքելութեան ու քրիստոնէական կեանքին, այդ մէկը ներկայացնելով երեք երեւոյթներու ընդմէջէն` ներումը, անվերապահ ծառայութիւնը եւ հաղորդութիւնը։
Ներում
Ներում. Սարկաւագը էական դերակատարութիւն մը ունի ներումը հռչակելուն մէջ, որ հիմնական իրողութիւն է իւրաքանչիւր հասարակութեան ու մարդկային համակեցութեան համար։ Յիսուս կը սորվեցնէ ներել թշնամիները «Սիրեցէք ձեր թշնամիները» ինչպէս ըրաւ առաջին մարտիրոս ու նախասարկաւագ Սուրբ Ստեփանոսը։
Աշխարհի մը մէջ ուր հակառակորդներուն վերապահուած է միայն ատելութիւն առանց յոյսի աշխարհ մըն է, առանց ապագայի, սահմանուած յօշոտուած ըլլալու պատերազմներէ, բաժանումներէ, ու անվերջ վրէժխնդրութենէ, ինչպէս դժբախտաբար կը պատահի այսօր, տարբեր մակարդակներու ու աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։
Սարկաւագը առ այդ պէտք է սորվեցնէ իւրաքանչիւր մարդու մէջ տեսնել, նոյնիսկ անոնց` որոնք մեզ կը վիրաւորեն, եղբայր մը կամ քոյր մը, որուն հետ հաշտուիլ։ Ներել կը նշանակէ ստեղծել հիւրընկալ միջավայր և պատրաստել յոյսի ապագայ՝ ի տարբերութիւն ատելութեան և բաժանման:
Անվերապահ ծառայութիւն
Անվերապահ ծառայութիւնը։ Յիսուս կը հրաւիրէ բարիք գործել առանց, որեւէ բան ակնկալելու այդ բարիքի փոխարէն։ Սարկաւագը` որ յանձնառու է ծառայելու խոնարհութեամբ, կը դառնայ Աստուծոյ ողորմած դիմագիծին վկան, ծառայելով առանց փնտռելու վարձատրութիւններ, այլ սիրով ու վեհանձնութեամբ։
Սարկաւագ եղբայրներ, ձրի աշխատանքը, որ դուք կը կատարէք, որպէս Քրիստոսի գթութեան ձեր նուիրումի արտայայտութիւն, ձեզի համար Խօսքի առաջին հռչակումն է, վստահութեան և ուրախութեան աղբիւր` բոլոր անոնց համար, որ ձեզի կը հանդիպին։
Հաղորդութեան աղբիւր
Երրորդ` ձրիութիւնը որպէս հաղորդութեան աղբիւր. Տալ առանց ոչ մէկ բան խնդրել փոխարէն, կը ստեղծէ կապեր եւ կը կառուցէ հաղորդութիւն խթանելով հիւրընկալ միջավայր մը։ Սուրբ Լորենցոն որ սարկաւագներու պաշտպան սուրբն է, ցոյց տուաւ թէ Եկեղեցւոյ իսկական գանձերը աղքատներէն են, ընդգծելով կարիքի մէջ գտնուողներուն ծառայութիւնը ընդլայնելու կարեւորութիւնը
Հաղորդութիւնը կը կառուցի եղբօր ու քրոջ ըսելով, խօսքով բայց առ աւելիով արարքներով, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական ձեւով. «Դուն կարեւոր ես ինծի համար», «քեզ կը սիրենք», «քեզ մասնակից կ՛ուզենք մեր կեանքին ու մեր ուղեւորութեան»։
Քարոզի աւարտին անդրադարձ կատարելով` արարողութեան ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրուողներուն, Քահանայապետը հայցած է Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Լորենցոյին պաշտպանութիւնը` որպէսզի «մեզի օգնեն ամէն օր մեր առաքելութիւնը ապրելու խոնարհութեամբ ու սիրով եւ ձրիութեան մէջ ըլլալ` ներումի, մեր եղբայրներուն անվերապահ ծառայութեան առաքեալներ եւ հաղորդութեան կառուցողներ։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com