​ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՆՈՒԱՃԵՑ ՆՈՊԵԼԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ - Հայերէն
21 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

15 Ekim 2024  

​ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՆՈՒԱՃԵՑ ՆՈՊԵԼԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ -

​ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՆՈՒԱՃԵՑ ՆՈՊԵԼԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ​ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՆՈՒԱՃԵՑ ՆՈՊԵԼԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Թրքահայ գիտնական փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու դարձաւ Նոպելի տնտեսութեան մրցանակի դափնեկիր։ Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու Նոլպելեան մրցանակը նուաճեց՝ Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմս Ռապինսընի հետ։ Անոնք համահեղինակներն են կարեւոր գիրքի մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային գիտական եւ հանրային շրջանակներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Տարօն Աճէմօղլու երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կը դասաւանդէ MIT-էն ներս։

Նոպելեան մրցանակի պաշտօնական կայքէջին վրայ ընդգծուած է, որ այս երեք տնտեսագէտները նպաստած են, որպէսզի հասկնալի դառնան զանազան ազգերու միջեւ բարգաւաճման տարբերութիւնները։ Անոնք ի ցոյց բերած են հասարակական կառոյցներու կարեւորութիւնը երկրի մը բարգաւաճման տեսակէտէ։ «Օրէնքի գերակայութեան վատ փորձառութեամբ հասարակութիւնները եւ բնակչութիւնը շահագործող կառոյցները չեն յանգեցներ աճի կամ փոփոխութեան դէպի լաւը։ Դափնեկիրներու հետազօտութիւնը կը նպաստէ հասկնալու, թէ ինչո՞ւ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Հարկ է նշել, որ Տարօն Աճէմօղլու եւ միւս երկու գիտնականները բացատրած էին իրենց հետազօտութեան մէջ, թէ ինչո՞ւ նախկին գաղութները, որոնք ժամանակին հարուստ էին, հիմա աղքատ են եւ հակառակը։

Տարօն Աճէմօղլու 1967 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթարանի տարիներու սկիզբին յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը, աւելի վերջ շարունակած է պետական դպրոց։ Նախակրթարանը աւարտելէ վերջ մուտք գործած է Կալաթասարայ լիսէն, ուրկէ վկայուելէ վերջ ալ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած է արտասահման։ Ան London School of Economics-ը աւարտելէ վերջ գիտական գործունէութեան համար ուղղուած է ԱՄՆ։

Տարօն Աճէմօղլու որդին է անմոռանալի իրաւաբան Գէորգ Աճէմեանի եւ կրթական մշակ ու գրող Իրմա Աճէմեանի։ Իր մեծ հայրը եղած է Մխիթարեան սանուց միութեան երբեմնի տիրական դէմքերէն Թոկօ Աճէմեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին ալ հայազգի ուրիշ գիտնական մը՝ Արտեմ Փաթափութեան արժանացած էր Նոպելի տարրաբանութեան մրցանակին։




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+