​33 Ձայն Իսթանպուլէն - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

27 Kasım 2022  

​33 Ձայն Իսթանպուլէն -

​33 Ձայն Իսթանպուլէն ​33 Ձայն Իսթանպուլէն

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիր, լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար Սագօ Արեանի կողմէ հեղինակուած «33 ձայն Իսթանպուլէն. ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը» գիրքին շնորհանդէսը։ Երեկոյթը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս գործը դարձուց հայրական բարձր գնահատանքի առարկայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Բազմաթիւ գրասէրներ, հայ գիրքի սիրահարներ համախմբուած էին սրահի երդիքին տակ։ Ներկաներու շարքին էին կրթական մշակներ, համայնքային շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր, որոնք բոլորը ջերմօրէն ողջունեցին հեղինակը, իր կողակիցը՝ նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Անուշ Թրուանցն ու անոնց որդիները։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարոլին Մամիկոնեանի, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր ներկաները եւ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ հաւաքոյթի շարժառիթին եւ նպատակին։

Բացման խօսքէն վերջ Գարոլին Մամիկոնեան բարձրախօսը յանձնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին, որ վարեց այս գիրքը հանգամանօրէն ծանօթացնելու նպատակով յայտագրին մէջ ներառուած ասուլիսը։ Սագօ Արեանի գիրքի 33 զրուցակիցներէն մեներգչուհի Սիպիլ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Պիանքա Սարըասլան, «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան մասնակցեցան այս կենդանի զրոյցին։

Այս ասուլիսը առիթ դարձաւ, որպէսզի Սագօ Արեանի գիրքը բազմակողմանիօրէն արժեւորուի եւ այդ արժեւորման ընդմէջէն մատնանշուի հայաշխարհէ ներս թրքահայութեան ուրոյն դիրքը։ Արեւմտահայերէնով հրատարակուած նոր գիրք մը ի ձեռին ունենալու հանգամանքը, անշուշտ, խօսակցութիւնները դրաւ հայապահպանութեան եւ հայախօսութեան հրատապ օրակարգի հունին մէջ։

Այս ասուլիս-քննարկումէն վերջ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սագօ Արեան, որ նաեւ ի յիշատակ այս ձեռնարկին խորհրդանշական յուշանուէրներ բերած էր իր հետ Երեւանէն։ Այդ յուշանուէրներէն մին վերապահուած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ այդ մէկը հեղինակը յանձնեց անձամբ։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի յուշանուէրը հեղինակին հրաւէրով յանձնեց Կեդրոնական վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի յուշանուէրը յանձնելու հրաւիրուեցաւ մեր ասմունքի թագուհին՝ Սիլվա Կոմիկեան, երեկոյթի հանդիսավար Գարոլին Մամիկոնեանի յուշանուէրը յանձնելու հրաւիրուեցաւ բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան։ Յուշանուէր մըն ալ պատրաստուած էր Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանին համար, որ մեծ ջանք ու եռանդ գործադրած էր երէկուան կազմակերպման ուղղութեամբ։ Իր յուշանուէրն ալ յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ «Արաս» հրատարակչութեան ընտանիքէն Սելին Թովմասեանի։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը։ Ան յայտնեց, որ հրատարակուած է հայերէն գիրք մը եւ այդ առիթով հայախօսութեան խնդիրները կ՚արծարծուին։ «Կարծես թէ տխուր բան մը եղած ըլլար», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ այժմ գիրքը կը սպասէ իր ընթերցողներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ մինչեւ որոշ ժամանակ առաջ գիրք կարդալն էր անհատի մը աշխարհահայեացքը ընդլայնելու միջոցը, իսկ այժմ կան ուրիշ միջոցներ։

Յամենայնդէպս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշեց, որ գիրքերու, թերթերու հրատարակութիւնները կու գան ապացուցանել, թէ տակաւին մեր հաւաքականութիւնը կ՚ապրի, բազկերակը կը զարնէ, կենսունակ է՝ որքան ատեն որ մշակութային կեանքը կը շարունակուի։ Այս կէտէն սկսեալ Նորին Ամենապատուութիւնը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ մեր հաւաքական կեանքէ ներս առկայ համատարած անտարբերութեան հիմնախնդիրը։ Այդ համայնապատկերին վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը մեկնաբանեց նաեւ այժմու ընտրութիւններու շրջանին մեր համայնքէն ներս ստեղծուած ընդհանուր մթնոլորտը։ Ան հակուած էր առկայ պայմանները դրականօրէն մեկնաբանելու եւ պատկերաւոր իմաստով ըսաւ. «Չէ՞ որ մեռելները չեն կռուիր»։

Հուսկ բանքի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ Պոլիսը տակաւին հայկական սփիւռքի լաւագոյն օճախներու շարքին կը դասուի եւ կարելի է անով հպարտանալ, որովհետեւ դուրսէն պարզուած պատկերը կը գործէ լաւ տպաւորութիւն։ «Բաժակին լեցուն կողմը պէտք է տեսնենք՝ լաւ իմանալով, որ այդ լեցուն կողմը հետզհետէ կը պակսի», ըսաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

Հայրական խօսքի եզրափակիչ բաժնին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ գիրքի հեղինակին՝ Սագօ Արեանի մասին եւ ըսաւ. «Մենք Սագօ Արեանը կը ճանչնանք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներէն։ Ան շատ մը պոլսեցիէ աւելի լաւ կը ճանչնայ Պոլիսը»։ Ան հայրական գնահատանքը արտայայտեց նաեւ այս գիրքի մեկենասին նկատմամբ, որ նախընտրած էր մնալ անանուն։ Ելոյթին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի եւ անոր կողմէ մեր համայնքին համար բերուած նպաստին մասին։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի վերընտրեալ ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները՝ քանի երէկուան ձեռնարկը թաղային խորհուրդի ընտրութեան յաջորդած առաջին հաւաքոյթներէն մին էր Ֆէրիգիւղի մէջ։

Հուսկ բանքէն վերջ Սագօ Արեան մակագրեց իր գիրքերը՝ մինչ զուգահեռաբար սարքուած ընդունելութեան մթնոլորտին մէջ ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ։ Այդ հաճելի մթնոլորտին մէջ բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին նաեւ Սագօ Արեանը, որուն նկատմամբ արտայայտեցին իրենց գնահատանքը։





Bu haber marmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (marmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(marmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+