Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Յիշատակուեցաւ -
Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Յիշատակուեցաւ
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան մահուան տարելիցին առթիւ 20 Նոյեմբեր 2022, Կիրակի, ժամը 15.00-ին յիշատակուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմին շուրջ։
Ինչպէս ծանօթ է, հոգելոյս Հայր Սուրբը, հոգեւորական ձեռնադրուելէ մինչեւ վերջին շունչը իր շնորհքները ի սպաս դրած էր Պատրիարքական Աթոռոյ, զանազան պաշտօններու վրայ ծառայած էր թէ Պատրիարքարանի երդիքին տակ եւ թէ հովուական ու քարոզչական պաշտօններու վրայ եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, տարի մը առաջ իր հոգին աւանդած էր Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահեց հոգեհանգստեան կարգին, որուն մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, քահանայ հայրեր, լուսահոգի Հայր Սուրբին ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմութիւն մը։
Արարողութեան երգեցողութիւնները կատարեցին Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներ։
Քահանայաթաղի մաշտոցի կանոններու համաձայն կատարուած արարողութեան աւարտին, կատարուեցաւ շիրիմի կնքման կարգը։
Հանգիստ՝ հոգւոյն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com