​փոփոխութեան Հովեր - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

18 Ekim 2022  

​փոփոխութեան Հովեր -

​փոփոխութեան Հովեր ​փոփոխութեան Հովեր

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բառին բուն իմաստով կը փչեն փոփոխութեան հովեր։ Անցեալ ամրան երկար սպասումէ վերջ հրապարակուած փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան հիման վրայ, երէկ արդէն համայնքէն ներս տեղի ունեցաւ առաջին ընտրութիւնը։ Շուրջ 15 տարի վերջ մեր ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունեցաւ քուէատուփի մօտ փութալու։ Այս առաջին ընտրութիւնը նախատեսուած էր Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգութեան համար։ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը ընտրական կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ առած էր զանազան քայլեր, որոնք երկար վիճարկուեցան համայնքային շրջանակներէն ներս եւ ի վերջոյ այդ բոլորէն վերջ գործնականօրէն արդէն առաջին քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի համար։ Մէկ կողմէ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած հսկայական միջոցներուն համայնքին տեսակէտէ մեծ նշանակութիւնը, իսկ միւս կողմէ Կապոյտ եւ Սպիտակ ցուցակներու միջեւ մրցակցութիւնը՝ արդէն համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը լարած էին երէկուան քուէարկութեան վրայ։ Ըստ նոր կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն, առաջին անգամ շրջանային դրութիւնով մը կատարուեցաւ քուէարկութիւնը։ Նոր համակարգին շնորհիւ, Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը առաջին անգամ դուրս եկաւ նեղ շրջանակէ եւ լուրջ ընտրազանգուած մը տեսականօրէն կարելիութիւն ունեցաւ քուէարկութեան մասնակցելու։ Թէեւ շատերու փափաքն էր, որ աւելի բարձր համեմատութեամբ մասնակցութիւն մը բերուած ըլլար համայնքին կողմէ, սակայն, նորահաստատ շրջանային համակարգը ապահովեց, որ քուէարկութեան մասնակցի անանտեսելի զանգուած մը, որու շնորհիւ նորընտիր մատակարար մարմինը ունի ներկայացուցչական բարձր կարողութիւն։

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, արդէն արտասովոր եռուզեռ մը կար համայնքէն ներս։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ, որ կը գլխաւորէր Սպիտակ ցանկը, առաւօտեան ժամերուն քուէարկեց նոյն եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Սարգիս Չեթինքայա, որ Կապոյտ ցանկը կը գլխաւորէր, օրուայ սկիզբին քուէարկեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ անցաւ Օրթագիւղ։ Բոլորի աչքին առջեւ այստեղ օրինակելի տեսարան մը պարզուեցաւ, երբ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ Սարգիս Չեթինքայա զիրար ողջունեցին, ձեռնուեցան եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանակեցին։ Չեթինքայա աւելի վերջ Օրթագիւղէն անցաւ Ֆէրիգիւղ։ Երկու ցանկերու գլխաւոր դէմքերէն Իսքէնտէր Շահինկէօզ օրուան տեւողութեան մնաց Օրթագիւղի մէջ, իսկ Սարգիս Չեթինքայա քուէարկութեան ընթացքին հետեւեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Թէ՛ Կապոյտ եւ թէ՛ Սպիտակ ցուցակներու ներկայացուցիչները բաժնուած էին այն հինգ եկեղեցիներուն միջեւ, ուր զետեղուած էին քուէատուփեր։ Ըստ էութեան, բոլորի ուշադրութիւնը առաջին հերթին կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր քուէարկութեան մասնակիցներու մեծամասնութիւնը կը բնակէր։ Նոյն տրամաբանութիւնով ուշադրութեան առարկայ էր նաեւ Սամաթիան։

Օրուան աւարտին, երբ ճշդուած ժամուն քուէարկութիւնը վերջացաւ, արդէն սկսաւ հաշուարկը։ Քուէահամարը ընթացաւ նախատեսուած կարգով։ Օրթագիւղի, Գումգաբուի եւ Ենիգիւղի արդիւնքները յարաբերաբար կանուխ յայտնի դարձան, յաջորդեց նաեւ Սամաթիան։ Շատ աւելի ուշ վերջացաւ Ֆէրիգիւղի քուէահամարը։ Վերջապէս, երեկոյեան ժամերուն, քուէատուփի զետեղուած բոլոր կէտերուն պաշտօնական արձանագրութիւնները ներկայացուեցան ընտրութեան կարգադիր մարմնին, որ կը գործէր Օրթագիւղի մէջ։ Արդիւնքներու աստիճանաբար հրապարակումով՝ արդէն յայտնի կը դառնար, որ Կապոյտ ցանկը հասած է առաւելութեան։ Երբ քուէարկութեան վերջնական ընդհանուր արդիւնքները յստակացան, ապա բոլորը ունէին այն համոզումը, թէ համայնքային կեանքէ ներս շրջան մը փակուած է ու նոր էջ մը կը բացուի՝ հաւաքական հարստութեան տնօրինման ճանապարհին նոր մտայնութեան մը ակնկալութիւններով։

Վերջապէս, պաշտօնական արձանագրութիւնները պատրաստուեցան, Օրթագիւղ տարուեցան նաեւ քուէաթերթիկները եւ քուէատուփերը, բոլորն ալ կնքուած ու կղպուած ձեւով։ Սեւան Հատտէլէրի կողմէ գլխաւորուած ընտրական կարգադիր մարմնի անդամները թէ՛ արձանագրութիւնները եւ թէ՛ մնացեալ ամէն ինչ ստանձնեցին նախատեսուած կարգով։ Ոստիկանութիւնն ալ վերահսկողութիւն հաստատած էր։ Այս փուլին Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այցելեց նաեւ Պէշիկթաշի Անվտանգութեան տնօրէն Հասան Տեմիրպաղ։ Նկատի ունենալով, որ քուէատուփերն ու քուէաթերթիկները, նաեւ պաշտօնական արձանագրութիւնները մինչեւ առաւօտ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ մէջ պիտի մնային՝ սահմանուեցաւ անհրաժեշտ վերահսկողութիւն։ Ոստիկանութիւնը, եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը եւ ընտրական մարմնի պատասխանատուները կատարեցին այդ աշխատանքը՝ մինչեւ այդ բոլորի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնապէս յանձնուիլը։ Հարկ է յիշեցնել, որ նորընտիր թաղային խորհուրդի կազմը պէտք է պատկան մարմիններուն կողմէ վաւերացուի՝ պաշտօնի ձեռնարկելու համար։

Երբ արդիւնքները յայտնի դարձան, Սարգիս Չեթինքայա Ֆէրիգիւղի մէջ էր։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները զինք շնորհաւորեցին եւ յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։ Աւելի վերջ Չեթինքայա եւ Ֆէրիգիւղի մէջ համախմբուած իր գործակիցները անցան Օրթագիւղ։ Կապոյտ ցուցակի ուրիշ տեղերու մէջ համախմբուած թեկնածուներն ալ նոյնպէս հասան Օրթագիւղ։ Այս փուլին թէ՛ Սարգիս Չեթինքայա եւ թէ գործակից ընկերները բոլորին շատ շինիչ ու դրական պատգամներ տուին՝ կոչ ուղղելով միասնականութեան ոգիի եւ ներդաշնակութեան վերահաստատման նպատակով։ Կապոյտ ցուցակի անդամները՝ Սարգիս Չեթինքայա, Անի Մալաթեալը, Կարպիս Էվեափան, Սեւան Շէշէթեան, Սայաթ Տելիճէ, Ալէն Թեքպըչաք, Արեգ Տոլար, Նուրհան Փեքքիւչիւքեան, Արէտ Բարունակեան, Արման Քոչաք եւ Առէն Կիւնպիլիր յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանձնեն Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը՝ երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ, պատկան մարմիններու վաւերացումէն վերջ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+