Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրը Հարիսա -
Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրը Հարիսա
Ուխտատեղին կ'ընդգրկէ «Մայր Լուսոյ» տաճարը իր աստիճանաւոր աշտարակով, որուն գագաթը զետեղուած է Ֆրանսա քանդակուած և այնտեղէն բերուած Աստուածամօր մեծ արձանը, «Անարատ Յղութեան» վարդապետութեան հռչակման 50-րդ յոբելեանին առիթով:
1904-ին, հիմը դրուեցաւ Հարիսայի սրբավայրին, որ Պէյրութ մայրաքաղաքէն 26 քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, լեռնալիբանանի բարձրունքին՝ «Ժայռ» կոչուած բլուրին վրայ, որ Քսրուան գաւառի Տարուն Հարիսա քաղաքապետարանի տարածքին մէջ կ'իյնայ: Հարիսա անուանումը փիւնիկեան ծագում ունի, որ կը նշանակէ անդունդի եզր, և որովհետեւ այնտեղ Տիրամօր արձանը զետեղուած է, շրջանի այցելուները, բնակիչները և ուխտաւորները Տիրամօր պաշտպանութեան յանձնուած են: Այնպէս որ Հարիսա պահապան, պաշտպան կամ հովանաւորող ուխտատեղի ալ կը նշանակէ:
Ուխտատեղին կ'ընդգրկէ «Մայր Լուսոյ» տաճարը իր աստիճանաւոր աշտարակով, որուն գագաթը զետեղուած է Ֆրանսա քանդակուած և այնտեղէն բերուած Աստուածամօր մեծ արձանը, «Անարատ Յղութեան» վարդապետութեան հռչակման 50-րդ յոբելեանին առիթով: Հարիսայի Աստուածամօր արձանը աշխարհի ամենագեղեցիկ յուշարձաններէն մին կը համարուի. պղինձէ շինուած է և սպիտակ ներկուած: Արձանի բարձրութիւնը ութ ու կէս մեթր է, իսկ կշիռքը՝ 15 թօն:
1908 թուի Մայիս 3-ին, Հարիսա սրբավայրի պաշտօնական բացում տեղի ունեցաւ նախագութեամբ Մար Էլիաս Հուայէք Պատրիարքին և Պապական Նուիրակ՝ Ֆէրտինանտօ Ժիանինիի, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան ներկայութեան: Այս սրբավայրը Մարեմեան ուխտավայրերու մեծագոյնը կը համարուի Արեւելքի մէջ, ուր ուխտաւորներ և զբօսաշրջիկներ զանազան երկիրներէ և համայնքներէ կ'այցելեն ամէն օր: Հարիսայի բարձունքէն՝ այցելուները կը վայելեն Ժունի քաղաքի ծովահայեաց տեսարանը, ինչպէս նաեւ աղօթքի և ամփոփումի պահեր կ'ապրին, ապաշխարութեան առիթ կը գտնեն և իրենց ուխտը կը կատարեն:
Մատուռը որ մեծ արձանին ներքեւ կը գտնուի, «Մայր Լուսոյ» Տիրամօր նուիրուած փոքր արձան մը ունի, փորագրուած՝ Մայրի ծառի փայտի վրայ: 1954-ին, Տիրամօր նուիրուած Մայիսեան ամսոյն, այս արձանը ամբողջ Լիբանանը շրջագայած է, ժողովուրդը օրհնելու նպատակով:
Հարիսայի պատմական սրբավայրը խաղաղութեան և սիրոյ աղբիւր է բոլոր այցելուներուն համար, ուր սուրբ Վարդարանի շարունակական աղօթքը փոքրիկ եկեղեցւոյն մէջ՝ ցոյց կու տայ Լիբանանի ժողովուրդի Տիրամօր հանդէպ տածած խորախորհուրդ ջերմեռանդութիւնը:
1971-ին, Հարիսայի սրբավայրը օժտուեցաւ մեծ պազիլիքով մը. Ան Լիբանանի Մայրի ծառի նմանութեամբ է, և Փիւնիկեցիներու պատմական նաւերը կը յիշեցնէ: Ան նաեւ ձեռնամած բազուկներու ձեւ ունի, խորհրդանշելու համար՝ Տիրամայրը որ բազկատարած կ'աղօթէ Լիբանանի համար:
1997-ին, Մայիս 10-ին, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հարիսան, ուր ստորագրեց Լիբանանի ընծայուած «Նոր յոյս Լիբանանի համար» վերնագրով Առաքելական Կոնդակը:
2005-ին, սրբավայրին մէջ կառուցուեցաւ «Բեթանիա» անունով հանգստավայր մը, որպէս աղօթքի, հոգեւոր ամփոփումի և եկեղեցական համագումրներու կեդրոն: Ան ապաստան է ամէն անոնց որոնք հանգիստ կը փնտռեն Յիսուսի նման, որ Աւետարանի համաձայն՝ Բեթանիա այցելութեան գնաց իր բարեկամ Ղազարոսին և անոր քոյրերուն, հանգչելու նպատակով (Մատթ 21, 17):
Հարիսայի Աստուածածինը մեծարանքի արժանացած է նաեւ Իսլամներու կողմէ: Հարիսայի հիմնադրութենէն ի վեր այս արձանը կը համարուի Լիբանանի Տիրուհին, ինչպէս նաեւ ազգային և հոգեւոր կեդրոն կը համարուի, որովհետեւ կը համախմբէ իր զաւակները, ըլլա՛ն անոնք քրիստոնեայ կամ իսլամ: Մայիս ամսու ընթացքին՝ ուխտաւորները Պէյրութէն, մօտակայ քաղաքներէն և գիւղերէն քալելով կու գան Հարիսա, իսկ ոմանք՝ ոտաբոպիկ: Ըստ հաւաստի վիճակագրութեանց՝ աշխարհի չորս ծագերէն՝ տարեկան այցելուներու թիւը 2 միլիոնի կը հասնի:
Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com