Յուղարկաւորութիւն եւ թաղման կարգ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին` Աղքատասէր հայր - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

30 Mayıs 2021  

Յուղարկաւորութիւն եւ թաղման կարգ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին` Աղքատասէր հայր -

Յուղարկաւորութիւն եւ թաղման կարգ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին` Աղքատասէր հայր Յուղարկաւորութիւն եւ թաղման կարգ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին` Աղքատասէր հայրապետը։

«Աստուած զիս ընտրեց յառաջացած այս տարիքիս: Չեմ գիտեր որքան պիտի ապրիմ, բայց կ'ուզեմ ապահով ըսել, թէ ամբողջ կարողութեամբ պիտի սպասարկեմ իմ եկեղեցիիս եւ ազգիս»:

Ուրբաթ 28 Մայիս 2021-ի կէսօրէն ետք ժամը 18-ին, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանգստեան Սուրբ պատարագ վասն Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 25 մայիսին եւ որուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր` 29 մայիս 2021-ի առաւօտեան 10.30-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբն Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող պատուիրակութիւններուն ու սգակիր հաւատացեալներուն։

Սրբազան արարողութեան յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակը Կարդինալ Մարիօ Զենարին մինչ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ներկայացուց Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ ժոզէֆ Սփիթերի։

Արարողութեան մասնակցեցան ի մէջ այլոց Մարոնիներու Պատրիարքը` Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառը եւ Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք Եուսէֆ Եունանը։ [Յուղարկաւորութեան արարողութիւն Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքին]
Յուղարկաւորութեան արարողութիւն Գրիգոր Պետրոս Ի ՊատրիարքինՅուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախագահեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Կառավարիչ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց, մինչ օրուան պատգամը ներկայացուց Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմին օգնական եպիսկոպոսը որ երկար տարիներ կողք կողքի աշխատած ու համագործակցած է երջանկայիշատակ Հայրապետին հետ։[Յուղարկաւորութեան արարողութիւն Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարքին]
Յուղարկաւորութեան արարողութիւն Գրիգոր Պետրոս Ի ՊատրիարքինԿից կը ներկայացնենք Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի սրտի խօսքը.

«Հօրմէ ելայ եւ աշխարհ եկայ. Նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ'երթամ»:(Յովհ. 16:28)

Սիրելի սգակիր եղբայրներ եւ քոյրեր,

Վերոյիշեալ աւետարանական խօսքը, որ քաղուած է մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերէն, այսօր մեր եկեղեցին անգամ մը եւս զանոնք կ'ուզէ արտասանուած տեսնել բերնով իր սիրելի զաւկին եւ սպասաւորին, իր հովուապետին եւ հայրապետին՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոսի Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին որ այս պահուն իր վերջին հրաժեշտը կու տայ մեզի՝ վերադառնալու համար իր երկնաւոր Հօր:

Այս խօսքին մէջ կ'ամփոփուին յոյսի եւ եւ մխիթարութեան խոր իմաստները: Յոյս՝ որովհետեւ անոնք մեզի ցոյց կու տան, թէ այս աշխարհը՝ մեզ դէպի երկինք առաջնորդող անցք մըն է միայն, աշխարհ մը՝ ուր երկնքի համար կ'ապրինք, կ'աշխատինք եւ կը գործենք: Իսկ մխիթարութիւն՝ որովհետեւ գիտենք, որ մեր Հայրապետը իր երկնաւոր Հօր մօտ է, ուրկէ իր նախնիներուն հետ միասին պիտի աղօթէ իր սիրելի Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար:

Ամբողջ կարողութեամբ պիտի սպասարկեմ իմ եկեղեցիիս եւ ազգիս

Կ'ուզեմ միասին յիշենք իր պատրիարքական ձեռնադրութեան անդրանիկ պատգամը, ուր անդրադառնալով իր ընտրութեան՝ իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ (sens de l’humour) ըսած էր․- «Աստուած զիս ընտրեց յառաջացած այս տարիքիս: Չեմ գիտեր որքան պիտի ապրիմ, բայց կ'ուզեմ ապահով ըսել, թէ ամբողջ կարողութեամբ պիտի սպասարկեմ իմ եկեղեցիիս եւ ազգիս»:

Աշխատանքն ու սպասաւորութիւնը իր ամենացայտուն յատկանիշներէն էին: Ան տքնաջան եւ աշխատասէր եկեղեցական մըն էր: Իր սկսած աշխատանքը երբեք կիսատ չէր թողուր, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլար երկար ժամեր արթուն մնալ: Ան միաժամանակ խստապահանջ էր, կ'ուզէր որ իրեն հետ աշխատողները իր օրինակին հետեւէին: Իր աշխատասիրութեան պտուղը եղաւ այն իրողութիւնը որ իր սպասարկութեան վայրերը ու ստանձնած պաշտօնները ծաղկեցան ու բարգաւաճեցան:

Առիթը ունեցած եմ միասնաբար իր հետ սպասարկելու ֆրանսայի մեր հայ կաթողիկէ գաղութին: Գիտեմ թէ ան ինչպիսի շինարարական նորոգութիւններ եւ կազմակերպչական-վարչական բարեկարգումներ կատարեց:

1991-ի Հայաստանի անկախութենէն ետք, ան ուղղուեցաւ հայրենիք, հոն կազմակերպելու եւ ձեւաւորելու համար հայ կաթողիկէ համայնքը:

Միեւնոյնը կրնամ ըսել իր պատրիարքական ծառայութեան տարիներուն համար: Իր հովանիին ներքոյ աշխատիլ նման է մեղուի փեթակի մը, ուր անխոնջ աշխատանքը իր անուշահամ պտուղը կու տայ շատերուն որպէսզի զայն ճաշակեն:

Ջերմ յարաբերութիւններ Վազգէն Ա վեհափառի հետ

Թէեւ իր յարաբերութիւններու շրջանակը ընդարձակ էր, սակայն պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրել իր անձնական ջերմ յարաբերութիւնները Վազգէն Ա. Վեհափառին, ինչպէս նաեւ Անոր յաջորդող Հայրապետներուն հետ: Իր մշակած յարաբերութիւններու ընդմէջէն, Ի Հայաստան կամ այլուր, իր նպատակը միշտ եղած է ապահովել իր ժողովուրդին բարօրութիւնը, յառաջդիմութիւնը եւ իրաւունքները:

Քարոզները եղած են ջերմ եւ անմիջական, հաւատացեալները նորոգող եւ ներշնչող

Եկեղեցականի իր տիպարն ալ նոյնքան յատկանշական էր: Զինք մեծապէս կը հետաքրքրէր եկեղեցական - ծիսական կեանքը: Ծէսը, որպէս հաւաքական աղօթքի արտայայտութիւն, ինչպէս նաեւ աւետարանչութեան կարեւոր ազդակ, միշտ եղած են իր յատուկ ուշադրութեան առարկան: Կ'ուզէր որ եկեղեցական ծիսակատարութեան ընդմէջէն, հաւատացեալը կարենայ դիւրաւ հանդիպիլ իր Արարչին: Այս իմաստով ալ կրնամ ըսել, թէ իր քարոզները եղած են ջերմ եւ անմիջական, հաւատացեալները նորոգող եւ ներշնչող:

Ս. Նարեկացիի Տիեզերական Վարդապետ հռչակումի ուղիով աշխատանքը

Անմոռանալի է իր մասնակցութիւնը Ս. Նարեկացիի Տիեզերական Վարդապետ հռչակումին ի խնդիր երկար տարիներ տարուած աշխատանքին եւ անոր յաջողութեամբ պսակումին։

Անխոնջ շինարար-բարենորոգող էր ինչպէս ցոյց կու տան իր շրջապատէն ներս կատարուած աշխատանքները։

Աղքատասէր հայրապետը

Թերեւս այս բոլորէն առաջ եւ վեր ան աղքատասէր էր ինչպէս ցոյց կու տան երկու տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական-ընկերային անտանելի պայմանները յաղթահարելու համար աղքատներուն ի նպաստ լուսարձակներէ հեռու կատարած բազմազան օգնութիւնները, նպաստաբաշխումները։

Վերջին օրերուն զինք զգետնող հիւանդութիւնն անգամ չի կրցաւ արգելակել իր ծրագիրներուն հետապնդումը։

Իր նուաղ վիճակին մէջ անգամ, համակարգիչը իր մօտ առած կը գործէր, կը կազմակերպէր, ժողովներ եւ հանդիպումներ կը սարքէր եւ իր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին կարիքներուն կը փորձէր հասնիլ:

Բարի պատերազմը պատերազմեցայ...ինծի կը մնայ արդարութեան պսակը

Անոր անունով Ս. Պօղոսի խօսքը կրնանք կրկնել այսօր․- «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ արդարութեան պսակը, զոր Տէրը, արդար Դատաւորը, պիտի հատուցանէ այն օրը. ոչ թէ միայն ինծի, հապա այն բոլորին, որոնք անոր յայտնուիլը սիրեցին» ( Ա. Տիմ. 4:7-8): Այս «Արդարութեան պսակին» ան պիտի արժանանայ իր հաւատարմութեան եւ յարատեւութեան համար: Հաւատարիմ՝ իր Տիրոջ եւ յարատեւութիւն՝ այդ Տիրոջ եւ ժողովուրդին ծառայութեան մէջ:

Կորսնցուցինք սիրելի Հայրապետ մը եւ շահեցանք Քրիստոսի կողքին բարեխօս մը

Յուզումն ու կսկիծը մեր բնական զգացումներն են այս պահուն: Բայց կրնամ լսել Քրիստոսի բառերուն արձագանքը իր բերնէն․- « Մի՛ լաք իմ վրաս...» (Ղուկ. 23:28): Չլանք, որովհետեւ ան թէեւ մարմնով մեզմէ հեռու է, սակայն իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ երկինքէն երանելի Մալոյեանի, Նարեկացիի եւ Զմմառու Տիրամօր հետ միասին աղօթելով մեզի համար:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այնքան կարիքը ունինք այս աղօթքներուն, մանաւանդ մեր ապրած տագնապալի այս օրերուն:

Արդարներուն յիշատակը յաւիտեան մնայ:

Կորսնցուցինք սիրելի Հայրապետ մը եւ շահեցանք երկնքի մէջ՝ Քրիստոսի կողքին բարեխօս մը:

Մնաք օրհնութեամբ:






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+