Հրանդ Տինքի բացած «Ակօս»-ները -
Հրանդ Տինքի բացած «Ակօս»-ները
Յարգելի՛ ներկաներ
Բաւական դժուար է, ժամանակի շատ կարճ տարածութեան մէջ, Հրանդ Տինքի սպանութենէն շաբաթ մը անց միայն, առարկայական արժեւորում կատարել վտանգաւոր առաքելութիւն մը ստանձնած մեծ մարդու կեանքին, գործին եւ նահատակութեան միաժամանակ:
ՏԻՆՔ երեւոյթը տակաւին երկար ատեն իր վրայ պիտի շարունակէ կեդրոնացուցած պահել ուշադրութիւնը` լրագրական ասպարէզի հեղինակաւոր դէմքերու, պետական եւ ոչ պետական վերլուծական կեդրոններու, ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքական տարբեր շրջանակներու եւ մանաւանդ Թուրքիոյ: Այն Թուրքիոյ, որուն քաղաքացին էր Հրանդ Տինք եւ որուն մտաւորական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ ընտրած էր իր պայքարի խրամատը:
Այս պայքարն ու խրամատը համեմատաբար նորութիւն էին հայ քաղաքական մտածողութեան համար: Եթէ ըմբռնելի է զանազան գաղութներու մէջ հայկական ազգային պատկանելիութիւնն ու տեղւոյն քաղաքացիութիւնը համատեղելու եւ զանազան հարցերու արծարծումին երկու ուղղութիւնները նկատի ունենալու, այս պարագային հարկ էր համատեղել ծագումը, ազգային պատկանելիութիւնն ու թրքական քաղաքացիութիւնը: Այս առումներով պէտք է փորձել ընկալել այն բարդ, նուրբ եւ դժուար հանգամանքները պայքարի խրամատին, ուր կը գործէր նուիրեալ գործիչը: Հայկական հարցեր առաջ քշելու համար անպայման անհրաժեշտ էր որոշ պաշտպանուածութեան մը ապահովումը: Զարմանալի պէտք չէ թուայ Տինքի ցուցադրած թրքասիրութիւնը: Անկեղծ ըլլայ անիկա թէ մարատվարական շեշտեր ունենայ յամենայդէպս աւելի քան անհրաժեշտ է` առաջ տանելու համար ազգային խնդիրները:
Եւ փաստօրէն պայքարի իր ընտրած խրամատին ա՛յս իւրայատկութիւնն էր, որ յայտկանշեց ամբողջ գործ մը, հսկայական գործ մը, որուն ազդեցիկութեան ուժգնութիւնը կը շարունակէ ամէն բանէ առաջ հարուածել, հիմնովին հարուածել թրքական պետութեան կառոյցները:
Պատահական չէր ուրեմն, որ սարսափ կար եւ անճրկում Թուրքիոյ վարչապետին անմիջական դատապարտանքին, ապահովական մարմինները շտապ կարգով գործի լծելու եւ անպայման յանցագործները մէջտեղ հանելու հրապարակային յանձնառութեան մէջ: Տինքի ահաբեկումը իր ու իր պետութեան դէմ կատարուած աքթ նկատելու արտակարգ ինքնարդարացման փորձ մը, որ միջազգային հանրութեան կը հրամցնէր Թուրքիոյ վարչապետը: Ա՛յն վարչապետը, որուն ղեկավարած կառավարութեան թէ՛ արդարադատութեան եւ թէ անվտանգութեան կառոյցները ամենաբարձր ձեւով եւ ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրեն: Եւ պարզ ու տրամաբանական հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ այստեղ: Յանցագործ մարդասպանը ձերբակալելու գործողութեան արագութեամբ հպարտացող թուրք վարչապետը այս հարցին հետապնդման մէջ հետամուտ ըլլլաու աստիճանաչափը ցուցադրելու իր հեւքին մէջ ի՞նչ բացատրութիւն կու տայ Տինքը անպաշտպան ձգած ըլլալու իրողութեան դիմաց: Եւ ատիկա հակառակ հայ խմբագիրին ստացած բազմաթիւ սպառնալիքներուն եւ հակառակ իր կատարած դիմումներուն:
Այս անպաշտպանուածութիւնը կազմակերպուած էր թրքական պետութեան կողմէ: Հրանդ Տինք ի՛նք պիտի գրէր իր վերջին խմբագրականի մէջ ` Անոնք, որոնք փորձեցին զիս առանձնացնել, զիս տկար ու անպաշտպան դարձնել իրենց միջոցառումներով, յաջողեցան: Ահա թէ ինչո՛ւ Էրտողան մեծ ճիգի մէջ է ծածկելու համար իր ղեկավարած պետութեան պատասխանատուութիւնը կատարուած ահաբեկումին մէջ:
Որքան ալ բացառուած չըլլայ յանցագործին խելագարութեան կանխավարկածը, որքան ալ շարունակուի հրապարկուիլ մարդասպանին անչափահասութեան եւ շահագործուած ըլլալու երեւոյթներուն եւ տեսութիւններուն մասին, ենթադրութիւններ, քաղաքական վերլուծութիւններ շատ հասկնալիօրէն պատահածը կը տարածեն պետական այն քաղաքականութեան ստեղծած մթնոլորտին վրայ, որուն մասին ամէն մարդէ առաջ կը խօսի ի՛նքը` Տինք, դարձեալ իր վերջին խմբագրականին մէջ: Խմբագրական, որ կարծէք նախ քան իր սպանութիւնը կը բացատրէ կը տարբաղադրէ այն բոլոր հանգամանքներն ու պայմանները, զորս ստեղծած է թրքական պետութիւնը յաջողցնելու համար իր հակաժողովրդավարական վարքագիծը, մարդկային իրաւունքները ոտնահարելու իր հետեւողական քաղաքականութիւնը:
Յստակ տարանջատում կատարելով թրքական պետութեան եւ թրքական հասարակութեան այս հարցերը դիմագրաւելու մօտեցումներուն միջեւ Հրանդ Տինք կը հաստատէ թէ իր դէմ յարուցուած դատերու վճիռները պետական պատուէրներ էին ամբողջովին: Յանուն թուրք ժողովուրդին կայացած որոշումները ըստ իր բառերուն թուրք ժողովուրդին անունով չէին այլ թրքական պետութեան:
Ճիշդ այս մօտեցումն է, որ վերջին տարիներուն երկփեղկում սկսած էր յառաջացնել թրքական հարթութեան վրայ: Եւ այդ երկփեղկումը, իրողական էր, որքան ալ իբրեւ երեւոյթ հրամցուէր եւրոպական շրջանակներուն, իբրեւ Թուրքիոյ մէջ ազատ կարծիքի արտայայտութեան դրսեւորում:
Հրանդ Տինքի գաղափարախօսական հայեացքներուն մէջ առաջին հերթին կ՛անջատուէին թրքական պետութիւնն ու թրքական հասարակութիւնը. եւ երկրորդ հերթով կը կատարուէր պեղումը` թուրք ժողովուրդին մէջ ժողովրդավարական արժէքներուն կառչած հատուածին եւ մարդկային իրաւունքներու եւ ներքին ազատութեան հաւատացողներուն: Այս փոքրամասնութիւնն էր, որ Տինքերու ռահվիրայութեամբ խաղաղ եւ երկար ճանապարհի վրայ պայքար կը յայտարարէր ազգայնամոլական եւ անհանդուրժողական գաղափարներով տոգորուած թուրք ամբոխին դէմ:
Լրացուցիչ եւ կարեւոր յաւելումը այստեղ պոլսահայ խմբագիրին կատարած հրապարակային յայտարարութեամբ այն էր, որ թրքական պետութիւնը երեւութապէս եւրոպական չափանիշեր որդեգրելու ցուցադրական քաղաքական աշխատանքին առընթեր ըստ էութեան կը տարածէր ազգայնամոլական գաղափարախօսութիւնը` իր կաշկանդող օրէնքներու որդեգրումով եւ իր դատական ատեաններու սանձազերծած հալածական քաղաքականութեամբ: Մէկէ աւելի առիթներով Հրանդ Տինք այս օրերու եւրոպական ճնշումներն ու ակնկալութիւնները Թուրքիայէն նմանցուցած էր 1908ի եւրոպական պահանջներուն թրքական բարեփոխումներու սպասելիքով. այս նշումը կը կատարէր Հրանդ Տինք ընդգծելու համար, թրքական պետութեան էութիւնը, որ հաշտ չէր անշուշտ որեւէ բարեկարգչական շարժումի: Ան կը յիշեցնէր բարենորոգումներու մթնոլորտին վեց ամիս տեւած ըլլալն ու անոր յաջորդած ջարդարար քաղաքականութիւնը: Ի վերջոյ Հրանդ Տինքի սպանութենէն վեց ամիս չէր անցած երբ թրքական խորքային պետութեան հաւատացողները կը սպառնային պայթեցնել ԱԿՕՍի խմբագրատունը կամ ցեղասպանութեան ինչ ըլլալը ցոյց տալ հայերուն:
Հրանդ Տինք ուրենմ, ի՛նք եւս խոր վերապահութիւն ունէր այս երեւոյթին նկատմամբ եւ հասարակութիւն-պետութիւն անջատումէն զատ, տարբերութիւնը կը շեշտէր թրքական երեւութական պետութեան եւ թրքական խորքային պետութեան միջեւ:
«Պէտք է խոստովանիմ» կ՛ըսէր, «որ ամբողջովին կորսնցուցած էի «օրէնքի» գաղափարին եւ Թուրքիոյ մէջ արդարադատութեան համակարգին հանդէպ իմ վստահութիւնս: Ի՞նչպէս կրնայի չկորսնցնել. Այս դատախազները, այս դատաւորները համալսարանական ուսում, իրաւաբանութեան կաճառներէն վկայեալ չէ՞ին: Պէտք չէ՞ր որ իրենց կարդացածը հասկնալու եւ մեկնաբանելու կարողութիւն ունենային, բայց դուրս եկաւ, որ այս երկրին արդարադատութիւնը անկախ չէ: Արդարադատութիւնը քաղաքացիներուն համար չէ, այլ` պետական հսկողութեան»:
Տինքի ռազմավարութիւնը թուրքերու միջոցով թրքական պետութեան դէմ երկարատեւ պայքար մղելն էր: Արտաքնապէս խաղաղ երեւցող այդ պայքարը ամէնէն նուրբ ու վտանգաւոր տեսակն էր: Եւ այդ պայքարին մէջ Տինք ամուր պահելու համար թրքական հակապետական յենարանները պէտք ունէր յայտարարելու, որ պէտք է աշխատիլ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար: Իր համոզումներով, եւրոպական չափորոշիչներու պարտադիր որդեգրումը պիտի չէզոքացնէր թրքական պետութեան այդ վերահսկողական դերակատարութիւնը: Մարդկային իրաւունքներու յարգումը, ազատ կարծիք արտայայտելու առիթը, դուռ պիտի բանային Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու տարբեր տեսակի իրաւունքներու եւ իւրայատկութիւններու անարգել արտայայտումին: Գործընթաց մը, որ ի վերջոյ պիտի սաստկացնէր Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ այս պարագային Թուրքիոյ ինքնախոստովանանքի անխուսափելիութիւնը:
Ճիշդ այստեղ պէտք է աւելի զգօնութիւն ցուցաբերէ հայ քաղաքական միտքը, չներքաշուելու համար այս հարցերուն նկատմամբ իրողական երկփեղկում ապրելու հաւանականութեան մէջ: Պէտք է լրիւ ընկալել Տինքի գաղափարախօսութիւնը, ազգային իտէալներու նուիրուածութեան չափը եւ մանաւանդ հաշուարկել հալածական եւ ահաբեկման մթնոլորտին թրքական հանգամանքներուն չափն ու կշիռը, յիշել այլակարծիքութեան հետեւանքները, ֆիզիքական չէզոքացումները, դատերն ու բանտերը, լիարժէքօրէն կարենալ ըմբռնելու համար Հրանդ Տինքի կատարած գործին կարեւորութիւնը:
Ակօսի խմբագիրը կը յայտարարէր, որ Թուրքիան սիրելուն համար է, որ կը ձգտի ամրագրել սեփական պատմութենէն չխուսափելու փաստը, կ՛աշխատի, որ Թուրքիան անդամակցի Եւրոպական Միութեան, որ հաստատուին ժողովրդավարական կարգերը: Լուռ ձեւով, առանց յայտարարելու աշխատած կ՛ըլլար թրքական ինքնախոստովանանքը ապահովելու համար: Կարելի է չհամաձայնիլ Տինքին.իրաւունք է նաեւ ընդդիմանալը անոր կարգ մը գաղափարներուն: Բայց անկարելի է խնդրոյ առարկայ դարձնել անոր ազգային, հայկական դիմագիծը, եւ անտեսել հայկակա՛ն հարցերուն համար ամէնէն դժուար խրամատէն պայքար տանելու իր յանձնառութիւնը:
Այս ծիրին մէջ էր նաեւ որ ան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանար ֆրանսական խորհրդարանի ժխտումը քրէականացնելու կոչուած օրինագիծին: Այն աստիճան, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր երթալու Ֆրանսա եւ յայտարարելու թէ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած չէ: Յայտարարութիւնը պիտի խռովէր անշուշտ հայկական տարբեր շրջանակները, միաժամանակ մտածել տալով, որ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութիւնը բարձրաձայնողը ի՞նչու ֆրանսայի մէջ պիտի ժխտէր զայն:
Տինքի հետապնդածը պարզապէս պայքարի յաւելեալ գործօններ ապահովելն էր Թուրքիոյ տխրահռչակ 301 յօդուածին դէմ, ըստ որուն անմիջապէս դատի տակ կ՛առնուէր եւ կը բանտարկուէր Հայկական ցեղասպանութեան մասին նուազագոյն յիշատակումը կատարող որեւէ անձ: Պայքարի հեռաւոր նպատակը այդ յօդուածին ջնջումն էր, որուն իբրեւ հետեւանք նոր ալիք պիտի բարձրանար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Թուրքիոյ մէջ:
301ը սակայն միայն հայկական հարցերուն վերաբերող օրէնք չէր: Ամբողջ մտայնութիւն մըն էր, ժխտումի, հալածանքի, կասկածամտութեան եւ կարծիքի ազատութիւն կաշկանդելու համակարգ մը, որ թրքական պետութեան դաւանած գաղափարախօսութեան վրայ ամրագրուած էր եւ որուն դէմ անհաշտ ու անտեղիտալի պայքար յայտարարած էր ԱԿՕՍի խմբագիրը:
Քանի մը ամիս առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Տինք մտահոգութիւն կը յայտնէր, որ թրքական մամուլէն որոշ ներկայացուցիչներ սկսած են երկփեղկում տեսնել լիբանանահայութեան կեցուածքներուն մէջ` թրքական բանակներուն Լիբանան տեղակայման հարցին նկատմամբ: Իրազեկ` գործընթացի իւրաքանչիւր հանգրուանին եւ գիտակից թրքական պետութեան հսկողական ծառայութեան հաստատած հեռաձայնային գաղտանլսումներու դրութեան կը հաստատէր, որ գաղութը այդ բանակները պէտք է ընկալէ իբրեւ ՄԱԿի խաղաղարար բանակ եւ ոչ օսմանեան ջոկատներ: Սակայն այլ նիւթերու մասին խօսակցական որոշ ընդհատումէ ետք, կը վերադառնար գաղութի միասնակամութեան շեշտումին եւ անդորրը պահելու անհրաժեշտութեան, իմացած ըլլալով անշուշտ թէ այս հարցին նկատմամբ գաղութը իր բոլոր շրջանակներով ի՞նչպէս դիրքորոշուած էր: Պատգամն ալ նոյնքան պարզ էր: Առիթ չտալ երկփեղկում փնտռող թրքական ճիգին արդիւնաւորման:
Տարբեր առիթով մը զրոյցի ընթացքին խօսած էր իր կողմէ կատարուած աշխատասիրութեան մասին, ուր մէկտեղուած էին Անատոլուի մէջ հայկական բոլոր ինչքերու, հաստատութիւններու եւ բնակարաններու արձանագրութիւնները: Տինք մեծ խանդավառութեամբ կը խօսէր նաեւ իսլամացած հայերու ինքնութեան բացայայտ փնտռտուքին մասին յայտնելով, որ աշխատանքի անաղմուկ եւ ճիշդ ընթացք ստանալու պարագային մենք իբրեւ ժողովուրդ պիտի կանգնինք հսկայական նոր կարողականութեան մը դիմաց: Ըսած էր նաեւ, թէ մեծ թիւով այս կարգավիճակին մէջ գտնուող մարդիկ կը կապուին «Ակօս»ի խմբագրատուն եւ կը փոխանցեն իրենց ինքնութեան մասին տեղեկութիւններ:
Հրանդ Տինքի աշխատանքներուն մէջ ուրեմն Ցեղասպանութեան ճանաչում կամ ինքնախոստովանանք ապահովելը միակ թղթածրարը չէր: Ամբողջ ազգբնակչութեան մը համրանքը վերահայացնելու եւ հայկական արմատներուն եւ հայ կեանքին առընչելու ազգային առաջադրանքը ունէր ան: Իսկ հայկական պատկանելիութիւններու տուեալներու հաւաքը` հարցին հետապնդումը ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին կը տանէր.Եւ ասկէ էր փաստօրէն, որ կը սարսափէր թուրք պետութիւնը: Հարկ էր կանխարգիլել գործընթացը. անհրաժեշտութիւն էր 301 քրէական օրէնքի որդեգրումը կամ ճանաչումի քրէականացումը:
Տինք սխալած էր, երբ կ՛ըսէր, թէ թուրք պետութիւնը իր սպասարկութիւններով եւ ընդհանուր համակարգով յաջողած էր զինք առանձնացնել եւ մեկուսացնել: Իր այս հաստատումին հերքումը կու տար Պոլսոյ պողոտաներուն վրայ համախմբուած բազմահազարանոց բազմութիւնը, որ ինքզինքը այս առիթով կը նոյնացնէր Հրանդ Տինքին եւ հայ ժողովուրդին հետ: Ասիկա անշուշտ միայն սպանութեան փաստին դիմաց բողոքի անմիջական արտայայտութիւն մը չէր հիմնուած զգացականութեան եւ յուզականութեան վրայ: Այդ շարքերուն մէջ կային Տինքի գաղափարները բաժնող եւ իր անձին, գործին ու թերթին շուրջ համախմբուած մտաւորականներ եւ հրապարակագիրներ, որոնք միացած էին 301 յօդոածը տապալելու աշխատանքին:
Հակազդեցութիւններու համաշխարհային շղթային հետեւելու ընթացքին բնականաբար կը նկատուին հարցը վերլուծելու քաղաքական տարբեր հայեացքներ, շահարկումներ նոյնիսկ այս կամ այն պետութեան կողմէ կիրարկուած շրջանային հարցերուն կամ ուղղակի Թուրքիոյ առնչուած խնդիրներուն մօտենալու տարբեր նկատառումներ: Եթէ Եւրոպայի համար նման դէպք մը յաւելալ ճնշամիջոց կրնայ նկատուիլ դէպի Եւրոպա համարկուիլ փորձող պետութեան դէմ, բարձրագոյն ատեաններէ յայտարարելու համար որ Թուրքիան կորսնցուց իր բարեփոխումներու շարժիչ ուժը, ապա այս օրերուն սահմանի հարցը հրատապ ձեւով արծարծող Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակները հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը օրակարգային հարցի կը փորձեն վերածել, սպանութեան օրն իսկ խօսելով հայ-թուրք սահմանի բացման անհրաժեշտութեան մասին:
Անշուշտ կ՛առանձնանան պաշտօնական Երեւանի արագ, կշռադատուած եւ տեղին կատարուած անդրադարձները: Առարկայականութեամբ եւ զսպուածութեամբ կը յատկանշուին անոնք եւ ներկայ պահուն կը միտին կանխել քաղաքական որեւէ շահարկում: Նախագահ Քոչարեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի ցաւակցագիրն ու դատապարատանքը յստակ ակնկալութիւններ ունին թրքական պետութենէն` բացայայտելու համար մարդասպանն ու պատուիրատուները: Միաժամանակ ընդգծելու համար Հրանդ Տինքին հասկացողողութեան եւ երկխօսութեան հաւատացող գործիչ ըլլալու հանգամանքը: Կարելի չէ չանդրադառնայ այստեղ համայն հայութեան յիշատակի եւ բողոքի տարբեր ելոյթներուն: Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ հեռաւոր գաղութները հայութիւնը գիտակցական մօտեցումով հաւասարեցում կատարեց Հրանդ Տինքին եւ Ցեղասպանութեան զոհերուն: Ա՛յդ կը վկայէին դէպի Ծիծեռնակաբերդ երթին մասնակցած հսկայ համրանքին երեւոյթն ու թրքական դեսպանատուներու եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու առջեւ հայութեան կազմակերպած ցոյցերը: Ճիշդ Ապրիլ 24ի առիթով կազմակերպուող ոգեկոչումներուն եւ ձեռնարկներուն նմանողութեամբ: Պէտք է մտածել ուրեմն այն բնական մղումին մասին, որ ամբողջ հայութիւնը առաջնորդեց Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը նոյնացնելու Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն հետ:
Այսօր մարդասպանը բացայայտուած է. պատուիրատուն կը մնայ անյայտ: Յստակ է սակայն, որ ով որ ալ ըլլայ պատուիրատուն, քաջալերուած պիտի ըլլայ պետութեան 301 օրէնքէն, թրքական պետութեան սահմանած անհանդուրժողական եւ կարծիքի ազատութիւնները կաշկանդող այսօրուան համակարգէն: Լրացուցիչ կարեւոր հանգամանք մը եւս պէտք է ընդգծել պատուիրատուի եւ կազմակերպիչներու իսկական դէմքերու բացայայտման անհրաժեշտութեան ընթացքին: Լրատու գործակալութիւն մը կը խօսէր քաղաքական ահաբեկչութիւնը կազմակերպողներէն մէկուն Ազրպէյճանի մէջ պատրաստուած ըլլալու իրողութեան մասին: Լրատուութիւնը աննկատ կարելի չէ ձգել, մանաւանդ, որ անկախ ահաբեկչական գործողութենէն անպայման ցեղապաշտական եւ անհանդուրժողական հիմերու վրայ գծուած զուգահեռ մը այստեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ. այդ զուգահեռը Պոլսոյ եւ Պուտաբէշտի սպանութիւններն են: Թուրք եւ ազրպէյճանցի ազգայնամոլներու կրակոցին եւ կացինահարումին միջեւ երեւցող գաղափարախօսական յստակ զուգահեռը, որ ամէնէն վայրագ դրսեւորումները կը կիրարկէ ազգութեամբ հայ անձնաւորութիւններու նկատմամբ:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Շուրջ հինգ տարիէ ի վեր աշխարհակարգի փոփոխութեան առընթեր բոլորովին նոր դաշտ, նոր կարողականութիւն եւ պայքարի նոր խրամատ ձեւաւորուած են հայկական հարցերու հետապնդման համար: Այս նոր հունաւորումի կայացման աշխատանքին մէջ շարժիչ հիմնական գործօն էր Հրանդ Տինքը:
Քաղաքական որեւէ գործընթաց դանդաղեցնելու կամ արագացնելու համար նման ցնցիչ դէպքեր իրենց ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնները կ՛ունենան: Տինքի սպանութիւնը անպայման որոշ ժամանակի վրայ յեղաշրջումի ազդեցութիւն կ՛ունենայ տարբեր ոլորտներու վրայ: Այս սպանութիւնը անպայման պիտի ստեղծէ հետեւանքային ազդեցութիւններ քաղաքական զանազան մարզերու վրայ: Քննարկման առարկայ պիտի դառնան այսուհետեւ պոլսահայ գաղութի ազգային դիմագիծի պահպանման համար աւելի համարձակ կամ աւելի զգուշաւոր աշխատանքները: Պոլսահայ գաղութը իր զանազան երեսներով աւելի պիտի ծանօթանայ Սփիւռքին, Հայաստաին եւ փոխադարձաբար: Աւելի հրատապութեամբ պիտի քննուի Եւրոպական միութեան անդամակցութեան ձգտող թրքական իւրաքանչիւր փորձ.եւ այդ ծիրին մէջ ներթրքական համարձակութեան մը հաւանականութեան շեշտումը` տապալելու համար տխրահռչակ 301 յօդուածը: Առ հասարակ յաւելեալ առաջնահերթութեան կարգ պիտի ստանան հայ-թուրք յարաբերութիւնները եւ աւելի մասնակիօրէն` սահմանի բացման խնդիրը: Ամերիկեան քոնկրէսը կը պատրաստուի արդէն քուէարկելու Տինքի սպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը առ ի նախաբան ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ , որ պահն է բարեփոխման ենթարկելու նշանաւոր 301 օրէնքը:
Պիտի նկատուի հաւանաբար, որ Հրանդ Տինքի միտքերու փոփոխութեան յեղաշրջումի գործը անոր մահով կրնայ վերածուիլ քաղաքական գործընթացներու շարժիչ գործօնի:
Բոլորէս չէ, որ կ՛ակնկալուի այս բարդ, նուրբ եւ վտանգաւոր դաշտին մէջ աշխատանքային ներդրում ունենալ: Կ՛ակնկալուի սակայն, որ գիտակցական մօտեցում եւ լիարժէք ըմբռնում ցուցաբերուի Տինքերով սկսած աշխատանքին նկատմամբ: Աշխատանք, որ բերդի ներսէն կը տարուի եւ հետեւաբար կրնայ բնորոշուիլ վտանգաւորութեամբ, նրբութեամբ, հետեւողականութեամբ, հալածանքներով եւ սպանութիւններով:
Տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ Պոլսոյ պողոտաներուն վրայ հայկական արիւն հոսեցաւ հայ ազատագրական շարժման տարբեր հանգրուաններուն եւ աւելի ուշ յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուած օրերուն:
Հիմա բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ, սակայն միեւնոյն Պոլսոյ մէջ, հայ մտաւորականի մը արիւնը կը հոսէր ի վերջոյ միեւնոյն տեսլականին համար: Նորագոյն նահատակ մը, որ հայ ազգային քաղաքական մտածողութեան զարգացման ճանապարհին յաջողեցաւ բանալ նոր ակոսներ եւ հունաւորում տալ իր տեսակին մէջ նոր պայքարելաձեւի մը:
Տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր տեսակի պայքարներու ընթացքին հոսած բոլոր Հրանդ Տինքերու արիւնն է, որ սկսած է ուրուագծել պատմական եւ վաղուան ամբողջական հայրենիքին նոր սահմանները:
*Շահան Գանտահարեանի խօսքը՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան յաջորդ շաբաթ Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկին․ 26 յունուար, 2007։
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com