Պանդխտութիւն եւ ...նոր ճանապարհ -
Պանդխտութիւն եւ ...նոր ճանապարհ
Թրքահայերը ամենապանդուխտն են:
Ամէն անգամ զէրօ կէտէն պիտի սկսինք Հրանդ Տինքին մասին խօսելու։
Քանի տարի է արդէն, որ պահարանին իր անունով տպագրուած հայերէն հատորիկը վերցնեմ, թերթեմ, դնեմ պայուսակիս մէջ, տանիմ հետս տեղէ-տեղ ու յետոյ վերադարձնեմ իր հին տեղը, տարի մը ամբողջ քնացնելու համար...։
Իւրօրինակն այն է, գուցէ, որ անցնող վերջին տարիները մենք ապրեցանք Հրանդի ժամանակներուն մէջ, յաճախ անզգալաբար ընկալեցինք անոր խօսքերը, երբեմն ատեցինք, մերթ հրճուեցանք, բայց մեծ հաշուով մտածեցինք։
Մտածեցինք, ոչ թէ իր մասին, իր դառն ճակատագրին, սպանութեան, զոհողութեան, նոյնիսկ հերոսութեան մասին, այլ իր մտքերուն մասին։
Հրանդի ողջութեանը գուցէ մեզմէ շատ-շատերը չէին հասկցած անոր միտքերը, ոչ անոր համար, որ Հրանդ կը խօսէր անհասկնալի լեզուով մը, վերերկրային լեզուով մը, այլ անոր համար, որ անոր արտայայտած մտքերը յաճախ անընկալելի էին մեզի համար։
Որքա՜ն դժուար է, երբ հիւանդին կը խօսիս իր գործած սխալներուն եւ այդ սխալներու ճամբով «ձեռք բերած» հիւանդութիւններուն մասին։ Որքա՜ն դժուար է, երբ մեծ ներուժ ու պատրաստութիւն տեսած մարդոց բացայայտօրէն կ՚ըսես, որ պէտք է անպայման այդ ճանապարհը,-- որմէ քալած են մինչեւ հիմա,-- չքալեն, այլ փոխեն ընտրութիւնը, ուրիշ քայլ առնեն, որպէսզի տեղ հասնին։
Բնազանցական, վերերկրային մօտեցումներով չէր առաջնորդուեր Հրանդ Տինք, նախ անոր համար, որ կու գար Արեւմտահայասատնի ամենապարզ խաւերէն ու հասակ նետած էր փողոցի մը մէջ, ուր միասին խաղացած են պատանի Հրանդը եւ անոր թուրք եւ քիւրտ հարեւանները։
Սա շատ կարեւոր է, որովհետեւ Հրանդ գերազանցօրէն կը հասկնար, թէ ինչ կը մտածէ այսօրուան թուրքը։
Գուցէ առանց ուզելու էր, որ ան կը կոչուէր այդ դերին, բայց մեծ իմաստով ալ հասկնալի է, որ իրեն նման մարդոց պարագային կամովին եղած, կամովին հասունցած մօտեցում մըն ալ կայ իւրաքանչիւր քայլին մէջ, որ կը կատարէր մասնաւորապէս «Ակօս» թերթի հիմնադրման նախօրէին, թերթի հիմնադրման օրերուն ու նաեւ թերթի հրապարակումին յաջորդող ժամանակներուն։
Այսինքն՝ այն դերը, որուն կը կոչուէր Հրանդ, կամովին ընտրուած էր։ Կրնար, չէ՞, շատ հանգիստ խղճով կրնա՞ր Պոլսոյ ամենապարզ «ղազեթաճի»-ն ըլլալ, գունաւոր պատկերներով թերթ մը հրապարակէր, տարին հեղ մը պարահանդէս կատարէր, փայլուն աստղերու հետ նկարներ ունենար, Հայաստան երթալով Պոլսոյ մասին պատմէր եւ անշուշտ այս բոլորին կողքին ալ լաւ դրամ շահելով՝ կարողանար պահել ու պահպանել իր սիրելի ընտանիքը։
Բայց այդպէս չըրաւ...
Չըրաւ, որովհետեւ այդ բոլորը չէին իր նախընտրութիւնները, ու ամենակարեւորն այն էր, որ ուզած էր ինքնեկ դեր մը վերցնել ու այդ դերով ալ ճանապարհ մը բանալ։
Հրանդին մասին գրելու առթիւ միշտ ալ զիս կը մտատանջէ այն մեծ հարցադրումը, որ առաւելաբար կը խօսի իր չհասկցուած ըլլալուն մասին։
Պոլսահայը հասկցաւ զի՞նք, իր հարեւան թուրքը հասկցա՞ւ զինք, իր խմբագրատան թաղի էն ծայրը աշխատող քիւրտը հասկցա՞ւ զինք։
Լրագրող, դասախօս, երկրի քաղաքական վերնախաւերուն մէջ տեսակէտ ստեղծող գործիչներ հասկցա՞ն զինք։
Պէյրութի, Հալէպի, Լոսի, Թորոնթոյի կամ Սիտնէյի մէջ «գործ ընող» եւ հայութեան խնդիրներով «ապրող» մարդիկ հասկցա՞ն զինք։
Թերեւս իր համար էական ալ չէր, որ մարդիկ ճիշդ հասկնային զինք, կամ հասկնային ու ընկալէին ոչ թէ այնպէս ինչպէս կ’ուզեն, այլ այնպէս, ինչպէս որ ճիշդ էր ընկալել...։
Ու թերեւս հոս է, որ մեծ տատանում ապրեցաւ ան, որովհետեւ չկարողացաւ ընկալելի իրավիճակներու տանիլ դէպքերը, ճիշդ շարադրել իր հոգեվիճակը եւ ամենակարեւորը՝ ճիշդ ձեւակերպումներ տալ իր մօտիկ եւ հեռաւոր նպատակներուն։
Սփիւռքը իր մէջ տեսաւ հայկական խնդիրներուն մասին խօսող մեծ ջատագով մը, որ մէկդի դրած է իր անձը եւ քաջաբար Պոլսոյ սրտին վրայ «կանգնելով»՝ մեր հաւաքական վէրքերուն մասին կը խօսի, անշուշտ շատ անգամ վարանելով եւ հարցադրումներ տալով, թէ արդեօք այսքան «հայկական» եղող մարդն ու մտաւորականը ինչպէս պիտի չուզէ, ինչպէս պիտի չտենչայ, որ ամբողջ Թուրքիան կործանի...։
Թուրքիան (մեծ հաշուով) իր մէջ տեսաւ տարբեր մղումներէ ու տարբեր դիրքերէ խնդիրներուն նայող թուրքիացի քաղաքացի մը, որուն հարցադրումները կրնային օգնել այն ուժերուն, որոնց հիմնական նպատակն էր, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու թեման առաջ քաշելով, նոր խաղաքարտ մը կազմել ու անով ճնշումի նոր մեթոտներ կիրառել Անգարայի ցանկացած կառավարութեան դէմ։ Թուրքիան ալ շփոթ ապրեցաւ (մեծ հաշուով), երբ Հրանդ մէջտեղ հանեց այնպիսի թեմաներ, որոնք իրենց բնոյթով եւ բազմաշերտութեամբ կրնան իրապէս ական դառնալ ութսուն միլիոն հաշուող այդ երկրի կառավարութեան համար։
Այս բոլորը եղան հանգրուանաբար, ու տխուրն այն էր, որ Հրանդ,-- մէկդի դնելով առաքելութիւն ունենալու իր մեծ երազը,-- տեղ մը տրուեցաւ ական լարելու վտանգաւոր գործին։
Ականներ լարեց սփիւռքի համար, երբ սփիւռքին ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան խնդիրը պիտի լուծուի ոչ թէ Եւրոպայի մէջ, այլ պիտի լուծուի միայն ու միայն Անգարայի հետ խօսելով։
Ականներ լարեց Թուրքիոյ համար, երբ խօսեցաւ իսլամացած հայերու թեմային մասին, հեռաւոր գաւառներուն մէջ ապրող թաքուն հայերուն, անոնց ինքնութեան դառնալու կարեւորութեան ու նաեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեան հարցերու «կարգաւորման» մասին։
Գործընթացները այնքան արագ զարգանալ սկսան, որ Հրանդ Տինք դարձաւ գերազանցօրէն մեծ «հարցման նշաններ»-ու մարդը։ Ու այդ գործընթացները կ՚աւարտէին ոչ միայն իր սպանութեամբ, այլեւ մեծ քար մը դնելով անոր իրական առաքելութեան ճանապարհին վրայ։
Ճանապարհը կը փակուէր ու բոլոր խաղացողները կ՚անցնէին իրենց նախկին դերերուն։
Սփիւռքը իր շփացած կեանքով, Հայաստանը իր շուարումով, իսկ Թուրքիան իր տագնապներով։
«Խաղ»-էն կը բացակայէր Հրանդ Տինքը, անոր խօսքը կը մնար կիսաւարտ, գործը կը մնար կիսաւարտ ու մանաւանդ այդ գործին հանդէպ հաւատք ունեցող մարդկանց թիւը կը նօսրանար։
«Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» պոռացողները կ՚անցնէին վարագոյրի ետին ու տեղ մը կը հաստատէին, որ Հրանդի սկսած գործը բաւական բարդ է...
Ամենազարմանալին այն է, որ անոր սպանութեան գործի դատավարութեան ընթացքը, անոր գաղափարներուն շուրջ քաշուած մեծ մշուշը եւ ապագային դիմաց ընելիքի, սպասումի եւ անորոշութեան մեծ շերտերը աւելիով կը թանձրացնէին Հրանդէն առաջ առկայ թանձր վիճակները։
Հայ-թրքական պատմական ոխը կը շարունակուէր եւ բնական հոսքով մը, հայկական կողմին մէջ ինչ-ինչ հասկնալի պատճառներով, հակաթրքականութեան թէզը, նոր երանգներ ստանալով, կը պատէր մեր կեանքը։
Հրանդ Տինք եզրագծին էր, որուն դիմաց ա՛լ ոչ ոք ուզեց շարժել իր ձեռքերը, եւ որուն դիմաց ալ ոչ ոք ուզեց բուժել մեր հաւաքական վէրքերը։
Ու այս բոլորէն անդին ալ հայկական պետական մտածողութեան մէջ առկայ վատառողջ եւ անհեռանկար տրոփիւնները այսօրուան փոքրիկ Հայաստանը տարին շատ աւելի տագնապլի վիճակներու:
Հրանդ Տինք թերեւս այդ փոքրիկ Հայաստանի համար պատկերներ պատրաստած ըլլար, եւ մտածած ըլլար, որ Հայաստանը այլ կերպ պէտք է մօտենայ «հայկական խնդրին», բայց գուցէ այդ մօտեցումին համար ալ արժանանար աւելի ծանր ատելութեան, աւելի ծանր հարուածի եւ աւելի մեծ ու տեղատարափ կրակոցի, քան ինչ որ կատարուեցաւ 19 յունուար 2007-ին Շիշլիի գլխաւոր ճէտտայի վրայ գտնուող «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ։
Հրանդի ժամանակը տակաւին ուսումնասիրելու ժամանակ է եւ ապրելու, այն գործերով, որոնք մեզ պիտի տանին դէպի պայծառ ապագայ։
Այդ ապագային մէջ պիտի ըլլայ կամք, խելացիութիւն ու մանաւանդ իրավիճակները ճիշդ գնահատելու ձեռնհասութիւնը։
Հոնկէ սկիզբ կ՚առնէ Հրանդի իրական ճանապարհը։
Սագօ Արեան
Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com