Բարդ Սակարկութիւն - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

25 Kasım 2020  

Բարդ Սակարկութիւն -

Բարդ Սակարկութիւն Բարդ Սակարկութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի 44 օր տեւած լայնածաւալ պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի համաձայնութիւնը Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծած է նոր իրավիճակ մը, ձեւաւորած՝ նոր օրակարգ մը։ Արդարեւ, հակամարտութեան գօտիէն ներս արդէն տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ, որոնք առնուազն հինգ տարի պիտի մնան այդտեղ։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու ստորագրած հրադադարի յայտարարութեան մէջ ամրագրուած են այս բոլորը։ Յամենայնդէպս, հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ օրակարգի վրայ եկած է հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը։ Բնականաբար, սա անխուսափելի է, որովհետեւ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ Ատրպէյճան նման յաջողութեան չէր կրնար հասնիլ՝ եթէ չվայելէր Թուրքիոյ ազդու ու շատ գործնական զօրակցութիւնը։ Այդ դերակատարութիւնը ինքնաբերաբար օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Անգարայի ազդեցութեան ամրապնդումը։

Օրերէ ի վեր խտացեալ ջանքեր կը գործադրուին Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութեան հասած են, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի դիտարկման համար համատեղ կեդրոն մը ստեղծեն։ Այս ուղղութեամբ յուշագիր մըն ալ ստորագրուած է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն՝ Հուլուսի Աքարի եւ Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հրամանագրին հիման վրայ Թուրքիա ամբողջ ընթացակարգը աւարտած է՝ դէպի Ատրպէյճան զինուորներ գործուղղելու համար՝ այդ երկրի ղեկավարութեան հրաւէրին ընդառաջ։ Միջոց մը առաջ Անգարայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին թրքական եւ ռուսական պատուիրակութիւններու միջեւ՝ ի շարունակութիւն այս նոյն օրակարգին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ շաբաթավերջին հաղորդած էր, որ պատրաստութիւնները աւարտած են զինուորներու գործուղղման համար։

Յամենայնդէպս, ցայսօր միշտ այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ եղած էին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ։ Այդ տարբերութիւնները նոյնիսկ ատեն-ատեն հակասութեան մակարդակին կը հասնէին։ Ակնյայտ էր, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ բարդ սակարկութիւն կ՚ընթանայ։ Ի լրումն այս բոլորին, «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը երէկ ուշագրաւ հաղորդումներ կատարեց այս գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, Թուրքիա եւ Ռուսաստան տարաձայնութիւններ ունին այս հարցին շուրջ։ Արդարեւ, Անգարա կը ձգտի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս ռազմական դիտորդական անկախ կեդրոն մը հիմնել, իսկ Մոսկուայի համոզմամբ նման անհրաժեշտութիւն մը չկայ։ Հրադադարի վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի մը Ատրպէյճանի տարածքէն ներս հիմնուելուն կապակցութեամբ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է կողմերուն միջեւ։ Ըստ «Ռէօյթըրզ»ի հաղորդումներուն, որքան որ ալ Ռուսաստանի կողմէ անհրաժեշտ չնկատուի, Թուրքիա անհրաժեշտ կը համարէ անկախ կեդրոն մը հիմնելը։ Նկատի ունենալով, որ այդ մտադրութիւնը ռուսական կողմի վերապահութեան կը բախի ներկայիս՝ յառաջիկայ օրերուն Մոսկուայի մէջ պիտի շարունակուին բանակցութիւնները։ Թրքական կողմը կը յուսայ այս անգամ համաձայնութեան մը հասնիլ ռուսական կողմին հետ։ «Ռէօյթըրզ» այս հաղորդումները կատարած է թրքական կողմէն անանուն աղբիւրի մը կողմէ իրեն տրամադրուած տեղեկութիւններու հիման վրայ։ Ատրպէյճանի մէջ սեփական ռազմախարիսխը հիմնելով՝ Թուրքիա հետամուտ է տարածքաշրջանէ ներս իր ազդեցութիւնը ա՛լ աւելի ընդլայնելու հեռահար նպատակին։








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+