Հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի Անթառամ Յիշատակին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

09 Mayıs 2020  

Հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի Անթառամ Յիշատակին -

Հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի Անթառամ Յիշատակին Հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի Անթառամ Յիշատակին

Կեանքի թելը, ափսոս, կանուխ փրթաւ. Յարութիւն Շանլըն մեզ լքեց ու գնաց։ Իսկապէս դժուար է հաշտուիլ իր անժամանակ կորուստի գաղափարին հետ՝ մանաւանդ, որ հանգամանքներն ալ ողբերգական են։ Երբ ան անդենականի ճանապարհը բռնած է, մեր աչքին առջեւ, մտքին մէջ կը վերակենդանանան իրեն վերաբերեալ բազում յուշեր։ Համայնքային կեանքէն ներս իսկական ներկայութիւն մըն էր Յարութիւն Շանլըն, որու հրաժեշտի հանգրուանին կը ճմլուի մեր սիրտը։ Կան քանի մը վառ պահեր, վառ դրուագներ իրեն վերաբերեալ մեր յիշողութեան մէջ։ Թէ ի՞նչ…
Յարութիւն Շանլըի նկատմամբ մեր զգացումներուն, մեր վերաբերմունքին մէջ միշտ առանցքային գործօն մը եղած էր իր մասնակցութիւնը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան մօտաւոր անցեալի դարադարձին առթիւ տեղի ունեցած պաշտօնական ընթրիքի կազմակերպման աշխատանքներուն։

Յարութիւն Շանլըին հետ միասնաբար աշխատած էինք կազմակերպելու համար այն անմոռանալի համերգը, որով Իսթանպուլի մէջ առաջին ու վերջին անգամ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։

Չենք կրնար մոռնալ այն արեւաշող կիրակի առաւօտը, երբ Պէյքոզի յանձնախումբի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ Եշիլգիւղի մէջ ծաւալուն հարցազրոյց մը ունեցած էինք հոգելոյս Յարութին հետ։ «Չընար» պանդոկի մուտքասրահին մէջ մեր զրոյցը այնքան երկար տեւած էր, որ ի վերջոյ իր սիրեցեալ այրին՝ Էօժէնը վրայ հասած էր ընդհատելու։

Եւ ի վերջոյ կը յիշենք Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան յաջորդած անդրանիկ Ս. Պատարագի օրը։ «Հաւատամք»ի երգեցողութեան ժամանակ քանիցս աչք աչքի եկած էինք իրեն հետ։

Տակաւին մեր աչքին առջեւ կը տողանցեն VADİP-ի ժողովներէն ինչ-ինչ դրուագներ։ Երբեմն համակարծիք էինք, երբեմն տարակարծիք, բայց արձակման ժամանակ միշտ կը շարունակուէր խօսակցութիւնը իրեն հետ։

Հիմա թողուց ու գնաց, այդ բոլորը արդէն կը պատկանին անցեալի…

Մեր արխիւի այս լուսանկարը, որու վրայ կը մրոտենք այս տողերը, մեր յիշողութեան մէջ Յարութիւն Շանլըի վերաբերեալ քանդակուած խորհրդանշան մը պիտի ըլլայ։ Ովքե՜ր չկան, որ այդ լուսանկարին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Գրիգոր Տէօշէմէճեան, Մելքոն Քարաքէօսէ, Էֆրիմ Պաղ… Անուններ, որոնք երկար ատեն ուղղութիւն տուած են կամ կը շարունակեն տալ մեր համայնքային կեանքին։ Յարութիւն Շանլըն անոնց խօսք կ՚ուղղէ բաժակն ի ձեռին։ Սա իրեն բնորոշ, իրեն յարիր պատկեր մըն է։ Բարձր տրամադրութիւնով, ինքնավստահ եւ խօսելու ատեն… Ան միշտ ունէր ըսելիք խօսք մը։ Անոնք, որոնք քիչ թէ շատ պատկերացում մը ունին մեր համայնքային կեանքին շուրջ, լաւ գիտեն՝ որ ըսելիք խօսք մը ունենալը ի՛նչ նշանակութիւն ունի մեր իրականութեան մէջ։

Յարութիւն Շանլըի յիշատակը պիտի ապրի մեր սրտին մէջ, որպէս՝ բարձր տրամադրութիւնով, ինքնավստահ ու բաժակն ի ձեռին խօսա՛ծ անձ։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+