Քրեմլին. «Քառակողմ Վեհաժողովի Ուղղութեամբ Աշխատանք Չենք Տանիր: Փութին-Էրտողան Հանդիպումի Մասին Խօսք -
Քրեմլին. «Քառակողմ Վեհաժողովի Ուղղութեամբ Աշխատանք Չենք Տանիր: Փութին-Էրտողան Հանդիպումի Մասին Խօսք Չկայ
«Տակաւին Սուրիոյ Շուրջ Քառակողմ Վեհաժողովին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ տակաւին Իտլիպի հարցին շուրջ 5 մարտին նախատեսուած Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ քառակողմ վեհաժողովի գումարման շուրջ ամբողջական համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:
«Տակաւին Մաքրոնի, Մերքելի եւ Փութինի միջեւ ամբողջական համաձայնութիւն չկայ», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ կ՛ակնկալէ 5 մարտի վեհաժողովի ծիրին մէջ «դէմ առ դէմ» հանդիպում մը ունենալ Փութինի հետ:
«Յոռեգոյն պարագային մենք կրնանք Փութինի հետ հանդիպիլ աւելի կանուխ մեր կողմէ որոշուած օրը` 5 մարտին: Մենք կարելիութիւն պիտի ունենանք դուրս գալու հեռաձայնային զրոյցներու շրջանակէն եւ հաղորդակցելու դէմ առ դէմ», ըսաւ ան:
«Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ համաձայնած ենք հանդիպիլ ամէնէն ուշը` 5 մարտին: Բանակցութիւններու վայրը կրնայ ըլլալ Պոլիսը կամ Անգարան: Ատիկա նշանակութիւն չունի: Փութինի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի շարունակենք քննարկել Իտլիպի ճամբու քարտէսը: Պիտի քննարկենք եւ պիտի վերացնենք նկատելի թերութիւնները», նշեց Էրտողան:
«Մենք չենք կրնար անուշադրութեան մատնել Իտլիպի մէջ Պաշշար Ասատի կողմնակիցներուն սադրանքները եւ մեր սահմաններուն մօտեցող գաղթականներու ալիքը», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ Ռուսիան Իտլիպի մէջ աշխուժ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ «Ասատի վարչակազմին»:
Էրտողան Ազրպէյճան մեկնելէ առաջ Անգարայի մէջ յայտնեց, որ այսօր ռուսական պատուիրակութիւն մը պիտի հասնի Թուրքիա` քննարկելու համար Իտլիպի կացութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց, թէ Լիպիոյ մէջ երկու թուրք զինուորներ սպաննուած են:
«Առաջին հերթին պէտք է կարգաւորել Իտլիպի մէջ տեղի ունեցածը: Այդ թեման կը քննարկենք բարձր մակարդակով: Բացի Վ. Փութինի հետ երկխօսութենէն, սուրիական թեման կը քննարկեն նաեւ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներն ու պաշտպանութեան նախարարները: Ռուս-թրքական բանակցութիւններու օրակարգին վրայ է նաեւ լիպիական թեման: Խալիֆա Հաֆթարը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դրածոն է: Ցաւօք, Ռուսիան եւս Լիպիոյ մէջ ներկայ է 2500 զինեալներով: Գումարը կը տրամադրէ Ապու Տապին», ըսաւ Էրտողան:
Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Ռուսիան ներկայիս Սուրիոյ հարցով Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ հետ քառակողմ վեհաժողով գումարելու գծով աշխատանք չի տանիր: Ներկայիս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ երկկողմանի հանդիպումի մը մասին խօսք չկայ, կը քննարկենք բազմակողմանի հանդիպումի մը կայացման կարելիութիւնը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նիստի ընթացքին մերժեց Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն հետ զինադադար հաստատելու առաջարկները` նշելով. «Զինադադարը կը քաջալերէ ահաբեկիչներուն գործողութիւնները, կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքը, եւ անձնատուութիւն է»:
«Դժուար է հասկնալ Իտլիպի կացութեան քննարկումին ընթացքին աւազակներուն հետ զինադադարի համաձայնութիւններ կնքելու վերաբերող յորդորները», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com