ԾաղկազարդՏօն Յիսուսի գալստեան (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17) - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

15 Nisan 2019  

ԾաղկազարդՏօն Յիսուսի գալստեան (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17) -

ԾաղկազարդՏօն Յիսուսի գալստեան (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17) ԾաղկազարդՏօն Յիսուսի գալստեան (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17)

Աւետարանական ԽորհրդածութիւնԵրուսաղէմի մանուկները կ՛ողջունեն Յիսուսը երբ ան մուտք կը գործէ Տաճարին մէջ, գոչելով Ովսաննա Դաւթի Որդւոյն։ Անոնք թերեւս չեն ըմբռներ իրենց խօսքին տարողութիւնն ու իսկական իմաստը. Հաւանաբար իրենց ըսուած է թէ այս մարդը որ կու գայ տաճար մարգարէ մըն է, հրաշագործ անձ մը, որուն կատարած հրաշքները միայն Աստուծոյ միջամտութեամբ կրնան տեղի ունենալ. Բայց վստահաբար նաեւ Սուրբ Հոգին է որ կը ներշնչէ իրենց այս խօսքերը, որոնք կ՛աւետեն Մեսիայի գալուստը։

Երբ դպիրներն ու քահանաները գայթակղած` կը յանդիմանեն զինք մանուկներու այս արտասանած խօսքին համար, Յիսուս կ՛առարկէ թէ մանուկներու բերնով է որ ճշմարտութիւնը ի յայտ կու գայ, մանաւանդ հոգեւոր փառաբանութեան մէջ։ Ինք միշտ մօտիկ եղած է մանուկներուն, խնդրելով առաքեալներէն որ արգելք չհանդիսանան անոնց որ կ՛ուզեն իրեն մօտենալ եւ նոյնիսկ յայտարարած է թէ երկնքի արքայութիւնը մտնելու իրաւունք ստանալու համար, հարկ է ըլլալ նման մանուկներու։

Դռնբացի զուտ հայկական արարողութեան ընթացքին, կ՛երգցուի Իմաստուն Կուսանք շարականը, որ կը յիշեցնէ մեզի Յիսուսի պատմած մէկ առակը ճիշդ այս շրջանին, այսինքն Ծաղկազարդէն մինչեւ Աւագ հինգշաբթի։ Այս առակով` Յիսուս կ՛ուզէ մեզ պատրաստել իր վերջին գալստեան, երբ պիտի գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այն կոյսերը որոնք աւելորդ ձէթ առած են իրենց հետ, անոնք են որ պատրաստ են Տիրոջ առջեւ ելլելու, որովհետեւ իրենց հաւատքի կանթեղը միշտ լուսաւոր մնացած է, շնորհիւ իրենց իմաստութեան ու խոհեմութեան։ Իսկ անոնք որ նոյն իմաստութիւնը չունեցան եւ չամբարեցին աւելորդ ձէթը, այսինքն հարկ եղած պաշարը կանթեղին լոյսը միշտ վառ պահելու համար, պիտի չկարենան մտնել Տիրոջ արքայութեան մէջ։

Ծաղկազարդի օրը սովորութիւն կայ կատարելու թափօրը մանուկներու. Անոնք էին որ տաճարին մէջ` Յիսուսի գովասանքը կը հիւսէին զինք կոչելով Դաւթի Որդի։ Քահանաները անշուշտ չկրցան մարսել այս մէկը. Սակայն Տէրը արդարացուց անոնց աղաղակը եւ ուրախ բացագանչութիւնը, որովհետեւ մանուկներու բերնէն է որ կ՛ելլէ ինչ որ ճշմարիտ է։

Եթէ այսօր մեզի ալ տրուի կարելիութիւնը Քրիստոսի մասին արտայայտուելու, ի՞նչ պիտի ըսենք եւ ինչպէ՞ս պիտի կոչենք զինք։ Մանուկներու նման` անկեղծութիւնը պիտի ունենա՞նք արդեօք զինք կոչելու մեր Տէրն ու Աստուածը, թէ ամչնալով մեր շուրջիններէն պիտի չհամարձակինք արտայայտելու մեր հաւատքը զոր ստացած ենք մկրտութեան խորհուրդով եւ որ աճած է մեր մէջ քրիստոնէականի ուսուցումով։ Չենք կրնար ապահով ըլլալ թէ համարձակօրէն վկայութիւն պիտի կարենանք տալ մեր հաւատքին։

Այսօրուայ խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ մուտք գործելու Քրիստոսի հետ` եկեղեցի եւ հոն` անդրադարձ մը կատարելու մեր հաւատքին շուրջ, քննելով թէ որքա՜ն հաւատարիմ եղած ենք մեր մկրտութեան խոստումին։

Այս օրերուն մտածելու ենք մասնաւոր կերպով Հայաստանի մէջ բնակող ու ապրող մեր հայ մանուկներու մասին, որպէսզի անոնք աճին ու զարգանան առողջ մթնոլորտի մէջ, նկատի առած միշտ որ մեր պապերու հաւատքը կարելի չէ խախտել մեր սրտերուն մէջէն եւ անով միայն կրնանք ըլլալ կատարեալ հայեր եւ քրիստոնեաներ շխարհի վրայ:





Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+