​Շունը հաւատարիմ է, ո՛չ թէ ժողովուրդը - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

15 Şubat 2018  

​Շունը հաւատարիմ է, ո՛չ թէ ժողովուրդը -

​Շունը հաւատարիմ է, ո՛չ թէ ժողովուրդը ​Շունը հաւատարիմ է, ո՛չ թէ ժողովուրդը

Եկած է պահը որ անգամ մը եւս վերյիշենք այս սիւ­նա­կի վրայ նա­խապէս քննար­կուած խնդի­րը։

Չես գի­տեր պատ­մութեան որ շրջա­նին, Օս­մա­նեան կայսրու­թեան քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը երկրի ժո­ղովուրդնե­րու յատ­կութիւննե­րը գնա­հատած եւ հա­յոց հա­մար գոր­ծա­ծած են «Միլ­լէ­թի սա­տըքա» այ­սինքն հա­ւատա­րիմ ազգ կո­չու­մը։ Դար­ձեալ չես գի­տեր ինչ տրա­մադ­րութիւննե­րու մէջ այդ կո­չու­մը մեծ պա­տիւ մը ըլ­լա­լով ըն­դունած են կարգ մը հա­յեր, եւ մին­չեւ օրս կ՚ու­զեն այդ պա­տիւը բարձր պա­հել։ Կը հրճուին, երբ պե­տական աւա­գանին շո­յէ իրենց հա­կած գլուխնե­րը եւ գնա­հատէ իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ հա­յուն որ­դեգրած հնա­զան­դութիւ­նը եւ հա­ւատար­մութիւ­նը։

Շու­նե­րուն նուիրեալ հա­ւատար­մութիւ­նը գնա­հատե­լի է, բայց ժո­ղովուրդնե­րու­նը մե­ղադ­րե­լի։

Թուրքիա ժա­ռան­գորդն էր աշ­խարհա­կուլ կայսրու­թեան մը մտա­ծելա­կեր­պին։ Կայսրու­թիւննե­րը եր­կիրներ նուաճե­լով, այդ եր­կիրնե­րու ժո­ղովուրդը ստրկաց­նե­լով է որ կը գո­յատե­ւեն։ Բա­ցառու­թիւն չէր Օս­մա­նեան կայսրու­թիւնը, որ ԺԶ դա­րէն ետք դադ­րե­ցաւ օտար եր­կիրներ ար­շա­ւելու, նուաճե­լու կա­րողու­թիւնէն, հետզհե­տէ սկսաւ կորսնցնել իր տի­րապե­տած եր­կիրնե­րը ու հա­սաւ քայ­քայման ու կոր­ծանման փու­լին։

Այդ հանգրուանին է որ, դա­րեր շա­րու­նակ թուրքի լու­ծին տակ տքնող ժո­ղովուրդնե­րը՝ յոյ­ներ, հունգա­րացի, պուլղա­րացի­ներ, սեր­պեր, հիւ­սի­սային ափ­րի­կեցի­ներ, եգիպ­տա­ցիներ եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի արաբ­ներ սկսան մի առ մի տա­նիլ ազա­տու­թեան պայ­քար եւ յա­ջողե­ցան իրենց եր­կի­րը ար­շա­ւած բռնա­կալ պե­տու­թիւնը ետ շպրտել դէ­պի իր եկած տե­ղը։ Եթէ այդ շրջա­նին հա­յեր, ասո­րիներ կամ քիւրտեր եւս ու­նե­նայինք մեր եր­կի­րը բռնա­կալէն մաք­րե­լու կամքն ու միտ­քը, Օս­մանցու նա­հան­ջը կը շա­րու­նա­կուէր մին­չեւ Ճին­կիզ խա­նի կամ Լենկ Թի­մու­րի եկած հո­ղերը։ Եկուր տես որ այդ տա­րինե­րուն ասո­րիներ ու քիւրտեր շատ հե­ռու էին ազ­գա­յին միաս­նութիւն մը ներ­կա­յաց­նե­լէ, իսկ հա­յերս ամե­նայն հա­ւատար­մութեամբ լծուած էինք կայսրու­թեան ան­սա­սանու­թիւնը ապա­հովե­լու նուիրեալ ուխտին։

Հե­տեւան­քը ծա­նօթ է բո­լորիս։ Մենք զո­հուե­ցանք Օս­մա­նեան պե­տու­թիւնը փրկե­լու ճամ­բուն վրայ, բայց թուրք ազ­գա­յին միտ­քը ամե­նայն հեշ­տութեամբ վերջ տուաւ հո­գեվարք կայսրու­թեան տա­ռապան­քին, փո­խարէ­նը կեր­տե­լով Թուրքիոյ ազ­գա­յին պե­տու­թիւնը։

Այս բո­լորը կա­րելի է իր բնա­կանու­թեան մէջ դի­տել։ Բայց ան­դին կայ հի­ւան­դա­գին հո­գեբա­նու­թիւն մը որ ժա­ռան­գուած է կայսրու­թե­նէն։ Թուրքը չէ կրցած հա­մակեր­պիլ երեք ցա­մաքա­մասեր տա­րածուած կայսրու­թիւնը այժմու սահ­մաննե­րուն մէջ հան­րա­պետու­թիւն մը ըլ­լա­լով ըն­դունե­լու։ Չէ հան­դուրժած նա­խապէս իրեն են­թա­կայ եր­կիրնե­րու ան­կա­խու­թեան։ Մա­նաւանդ արա­բական եր­կիրնե­րու ազա­տագ­րումը դի­տած է իբ­րեւ դա­ւադ­րութիւն կամ ապե­րախ­տութիւն։ Ձե­ւաւո­րուած մտայ­նութեան հա­մաձայն արաբ­նե­րը իբ­րեւ մահ­մե­տական ժո­ղովուրդ պէտք էր երախ­տա­պարտ ըլ­լա­յին թուրքին, որ եկած ար­շա­ւած է իրենց եր­կի­րը։ Կայսրա­կան յի­շողու­թիւնը կը թե­լադ­րէ վեր կե­նալ եւ կրկին ընդլայ­նել երկրի տա­րած­քը, իշ­խե­լով մի­ջին արե­ւել­քին եւ կով­կա­սեան տա­րած­քէն մին­չեւ կեդ­րո­նական ասիա։ Այս ալ բնա­կան երե­ւոյթ է, քա­նի հա­յերս ալ աւե­լի քան եր­կու հա­զարա­մեակ­ներ կը հո­լովենք «Ծո­վից ծով Հա­յաս­տան» երա­զը։

Սա­կայն ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու պար­տադրած անհրա­ժեշ­տութիւ­նը բո­լորո­վին տար­բեր է։ Կամ պի­տի մաս կազ­մես հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան ըն­տա­նիքին, կամ ալ աշ­խարհա­կուլ միտ­քե­րովդ, թէ փոր­ձանք պի­տի դառ­նաս նոյն մարդկու­թեան եւ թէ պի­տի ճզմուիս անոր ոտ­քե­րուն տակ։ Ու­րեմն երկկող­մա­նի ձա­խողու­թիւն մըն է սխալ ու­ղիով ըն­թա­նալու հե­տեւան­քը։ Մաղ­թենք բազ­մա­միլիոն մարդկանց կեան­քի ու ճա­կատագ­րի վրայ իշ­խե­լու զօ­րու­թիւն ու­նե­ցող­ներ շու­տով կը սթա­փին այս պարզ իրո­ղու­թեան եւ սե­փական անու­նը չեն մրո­տեր պատ­մութեան մէջ յա­ճախ երե­ւացող իրենց նախ­կին բնորդնե­րու նման։

Իսկ սո­վորա­կան մար­դը պէտք է իմա­նայ, թէ հայ­րե­նի երկրի հա­ւատար­մութիւ­նը կապ չու­նի այդ նոյն երկրի իշ­խա­նու­թիւնը յափշտա­կած չա­րագոր­ծի մը հնա­զան­դե­լու հետ։ Փաս­տա­ցի փոր­ձով կը տես­նենք, թէ բռնա­կալին հնա­զան­դո­ղը չա­րերն են միայն, կամ ալ այդ հնա­զան­դութե­նէն ակնկա­լու­թիւն ու­նե­ցող չա­րամիտ­նե­րը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ


,




Bu haber Agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+