​Մեկնութիւն զեկոյցի - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

15 Şubat 2018  

​Մեկնութիւն զեկոյցի -

​Մեկնութիւն զեկոյցի ​Մեկնութիւն զեկոյցի

Հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մը ամ­­­բողջ դէմ­­­քը երե­­­ւելի կը դառ­­­նայ այն զե­­­կոյցնե­­­րուն կամ գրու­­­թիւննե­­­րուն մէջ, զորս կը հրա­­­տարա­­­կէ ան պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս կամ ան­­­պաշտօն կեր­­­պով։ «Ոճը մարդն է», ինչպէս ըսած է Ի դա­­­րու յայտնի մտա­­­ծող­­­նե­­­­­­­րէն Պերկսըն։ Պոլ­­­սոյ հա­­­յոց պատ­­­րիար­­­քութեան կրօ­­­նական ժո­­­ղովն ալ ան­­­ցեալ ուրբաթ հրա­­­պարա­­­կեց իր ամօ­­­թալի զե­­­կոյցնե­­­րէն մէ­­­կը. ամօ­­­թալի նաեւ այն առու­­­մով, որ ամէն մէկ տո­­­ղէն թափթփա­­­ծու­­­թիւն ու կեղ­­­ծա­­­­­­­ւորու­­­թիւն կը կա­­­թի։ Յայտնա­­­պէս կը յայ­­­տա­­­­­­­րարեն բա­­­նի մը մա­­­սին, որուն իրենք ալ չեն հա­­­ւատար, կը զե­­­կու­­­ցեն դէպք մը, որ չէ կրցած զի­­­րենք ալ հա­­­մոզել։

ԶԵ­­­ԿՈՅՑ

Ստան­­­պուլի Կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թե­­­­­­­նէն 05 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 2018 թո­­­ւակա­­­նին Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանիս հա­­­սած պաշ­­­տօ­­­­­­­նական նա­­­մակով հա­­­ղոր­­­դո­­­­­­­ւած էր Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն հա­­­սած պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը։

Ու­­­րեմն սկսինք ամե­­­նածայ­­­րէն։ Բան մը կամ այս պա­­­րագա­­­յին՝ նա­­­մակ մը, չի հաս­­­նիր պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին, այլ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րան։ Ո՛չ թէ անձ, այլ վայր մը ըլ­­­լա­­­­­­­լուն՝ պա­­­րագան պէտք է գոր­­­ծա­­­­­­­ծել հայ­­­ցա­­­­­­­կանով։

Կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թիւն, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րան, ներ­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարա­­­րու­­­թիւն հա­­­սարակ անուններ են՝ գլխա­­­գիրի պէտք չկայ։

Նոյն նա­­­խադա­­­սու­­­թեան մէջ նոյն դեր­­­բա­­­­­­­յը եր­­­կու ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծել գե­­­ղեցիկ չէ (հա­­­սած), կա­­­րելի էր դնել այլ բա­­­յեր։

Սոյն պաշ­­­տօ­­­­­­­նագի­­­րը ար­­­ժե­­­­­­­ւորե­­­լու հա­­­մար Աթո­­­ռիս Պատ­­­կա­­­­­­­ռելի Կրօն. Ժո­­­ղովի Ատե­­­նապետ Գերշ. Տ. Սա­­­հակ Եպիս­­­կո­­­­­­­պոս Մա­­­շալեանի հրա­­­ւէրով՝ ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­ցան նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանի շուրջ, գլխա­­­ւորու­­­թեամբ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէ­­­շեանի։ Գե­­­րաշ­­­նորհ Տ. Գա­­­րեգին Արք. Պէք­­­ճեան, որ նա­­­խաճա­­­շէն առաջ Սա­­­հակ Սրբա­­­զանին բա­­­նաւոր յայտնած լի­­­նելով հրա­­­ժարե­­­լու իր մտադ­­­րութիւ­­­նը, չփա­­­փաքե­­­ցաւ մաս­­­նակցիլ սե­­­ղանին։

Հոս­­­կէ կը հասկնանք որ ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը աղո­­­ւոր մը կշտա­­­ցու­­­ցած են իրենց փո­­­րերը, բայց թէ ին­­­չո՞ւ Արամ Աթէ­­­շեանի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ՝ կը մնայ մեծ հար­­­ցա­­­­­­­կան մը։ Արամ Աթէ­­­շեան չէ՞ որ նոյն այդ կրօ­­­նական­­­նե­­­­­­­րուն կող­­­մէ ան­­­ցեալ տա­­­րուան յու­­­նիս 28-ին հե­­­ռացո­­­ւած էր իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն։ Ար­­­դեօք նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րը շա՞տ սի­­­րելուն հա­­­մար ինք գլխա­­­ւորած է։ Զե­­­կոյ­­­ցը կը լռէ։

Եղ­­­բայրա­­­կան սի­­­րոյ մթնո­­­լոր­­­տի մէջ կա­­­յացած հան­­­դիպման աւար­­­տին պաշ­­­տօ­­­­­­­նական նիստ գու­­­մա­­­­­­­րուե­­­ցաւ նա­­­խագա­­­հու­­­թեամբ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Ընդհա­­­նուր Փո­­­խանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէ­­­շեանի։ Յետ խորհրդակ­­­ցութեան յստա­­­կացան հե­­­տեւեալ կէ­­­տերը.

Եղ­­­բայրա­­­կա՞ն։ Թռչուննե­­­րը այդպէս չեն ըսեր… Տա­­­րօրի­­­նա՛կ։ Կրօ­­­նական­­­նե­­­­­­­րուն կը վայ­­­լէ՞ սուտ խօ­­­սիլ, մա­­­նաւանդ գրել։

Յստակ չէ, թէ Արամ Աթէ­­­շեան ե՞րբ փո­­­խանորդ հռչա­­­կուե­­­ցաւ։ Իր այնքան սի­­­րած նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանի՞ն վրայ։ Թէ­­­յերով ու ձի­­­թապ­­­տուղնե­­­րով, անուշնե­­­րով ու ձո­­­ւածե­­­ղերով ծած­­­կո­­­­­­­ւած սե­­­ղանին վրայ, երբ այ­­­րած հա­­­ցի անուշ հո­­­տեր կը բարձրա­­­նային առ աս­­­տո­­­­­­­ւած, ո՛չ միայն քա­­­նի մը ամիս առաջ ջնջո­­­ւած պատ­­­րիարքական ընդհա­­­նուր փո­­­խանոր­­­դի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը վե­­­րահաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ, այլ փո­­­խանորդ մըն ալ նշա­­­նակո­­­ւեցաւ ան­­­մի­­­­­­­ջապէս։ Կրօ­­­նական­­­նե­­­­­­­րու լո­­­լիկով ու վա­­­րունգով, ազատ­­­քե­­­­­­­ղով ու եր­­­շի­­­­­­­կով օրհնեալ շրթունքնե­­­րը բա­­­ցուե­­­ցան եւ օրհնանք եր­­­գե­­­­­­­ցին Աթէ­­­շեանին։

Ա. Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թիւնը կը կա­­­տարո­­­ւի եւ կը վեր­­­ջա­­­­­­­նայ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ եւ Պե­­­տու­­­թեան հա­­­մակամ ըն­­­թացքով։ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյ պատ­­­մութեան մէջ միշտ յայտնո­­­ւած է այս իրո­­­ղու­­­թիւնը։ Հե­­­տեւա­­­բար սոյն պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը ըն­­­կա­­­­­­­լուե­­­ցաւ այս իրո­­­ղու­­­թեան լոյ­­­սին տակ։ Պե­­­տու­­­թեան կամ­­­քը յայտնո­­­ւած է այն շեշ­­­տադրու­­­թեամբ թէ 85.րդ Պատ­­­րիար­­­քը ընտրե­­­լու պայ­­­մաննե­­­րը գո­­­յացած չէ եւ հե­­­տեւա­­­բար տե­­­ղապա­­­հի մը ընտրու­­­թիւնը ան­­­հիմն կը նկա­­­տուի։ Հե­­­տեւա­­­բար Մես­­­րոպ Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը կա­­­րելի չէ հանգստեան կո­­­չելով Աթո­­­ռը թա­­­փուր հռչա­­­կել ըստ օրի­­­նաց։

Հա­­­մակա՞մ։ Դուք այստեղ «հա­­­մակամ ըն­­­թացք» մը կը տես­­­նէ՞ք, սի­­­րելի ըն­­­թերցող­­­ներ։ Եր­­­կու տող վա­­­րը Կրօ­­­նական ժո­­­ղովի դի­­­ւանը պե­­­տու­­­թեան կամ­­­քին շեշ­­­տադրու­­­մէն կը խօ­­­սի. պե­­­տու­­­թեան կամ­­­քը, կ՚ըսէ, պատ­­­րիարք ընտրե­­­լու պայ­­­մաննե­­­րը գո­­­յացած չի նկա­­­տեր, կ՚ըսէ ու կ՚աւելցնէ, թէ տե­­­ղապա­­­հի ընտրու­­­թիւնը ան­­­հիմն կը նկա­­­տէ։ Խոր­­­հե­­­­­­­ցէք որ աշ­­­խարհա­­­կան գոր­­­ծիչնե­­­րէ (մեծ մա­­­սամբ սիւննի-իս­­­լամ) բաղ­­­կա­­­­­­­ցած պե­­­տու­­­թիւնը Հայ եկե­­­ղեց­­­ւոյ կար­­­գուսար­­­քին վե­­­րաբե­­­րեալ հե­­­ղինա­­­կաւոր կար­­­ծիք ու­­­նե­­­­­­­նայ, երբ մեր Վա­­­տիփի հայ-քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ թա­­­ղական­­­նե­­­­­­­րը ան­­­գամ հա­­­զիւ կը հասկնան ան­­­ցած-դար­­­ձա­­­­­­­ծը։ Չըլ­­­լա՞յ ասի­­­կա կա­­­մազրկում է։ Կամ՝ կա­­­մազեր­­­ծո՞ւմ։ Պի­­­տի չու­­­զէի գոր­­­ծա­­­­­­­ծել չկամ, ան­­­կամ կամ թու­­­լա­­­­­­­կամ ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը, ինչքան ալ անոնք պատ­­­շա­­­­­­­ճին այս վի­­­ճակին։

Նա՛եւ… Հա­­­յերէ­­­նը չու­­­նի դա­­­սական թո­ւակա­­­նի նման ուղղագ­­­րութիւն մը՝ 85.րդ։ Ճիշ­­­դը պէտք է ըլ­­­լայ՝ 85-րդ։

Բ. Սոյն նա­­­մակը կը պա­­­հան­­­ջէր վե­­­րադառ­­­նալ 26 Հոկ­­­տեմբեր 2016 թո­­­ւակա­­­նին գու­­­մա­­­­­­­րուած Եկե­­­ղեցա­­­կան Ընդհա­­­նուր Հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րէն առա­­­ջուայ իրա­­­վիճա­­­կին, որուն ըն­­­թացքին Ն.Ա.Տ. Մես­­­րոպ Սրբա­­­զան Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը հանգստեան կո­­­չուած էր։ Ու­­­րեմն նոյն նա­­­մակով կը հաս­­­տա­­­­­­­տուէր թէ 1 Յու­­­լիս 2010 թո­­­ւակա­­­նին Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Ընդհա­­­նուր Փո­­­խանորդ ընտրո­­­ւած Բարձր. Արամ Սրբա­­­զան Հայ­­­րը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նը Նա­­­խարա­­­րաց Խոր­­­հուրդի 18 Օգոս­­­տոս 2010 թո­­­ւակիր պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի զօ­­­րու­­­թեամբ։

Գի­­­տէինք որ եկե­­­ղեցին մար­­­գա­­­­­­­րէու­­­թիւններ կ՚ըն­­­դունի, ու­­­նե­­­­­­­ցած է ապա­­­գայա­­­տեսիլ սուրբեր ալ, բայց յայտնու­­­թիւն մը եղաւ յե­­­տաշրջու­­­մի, յե­­­տադի­­­մու­­­թեան այս պա­­­րագան։ Այ­­­սինքն՝ «դա՞րձ ի շրջանս իւր»։ Ութ տա­­­րի մը ե՞տ եր­­­թալ։ Ութ տա­­­րի առաջ նոյնպէս կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան մի­­­ջամտութեամբ չէ՞ր կա­­­յացած նո­­­րաթուխ փո­­­խանոր­­­դութեան այդ պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։ Հի­­­մա այդ նոյն կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թիւնը դար­­­ձեալ իր ու­­­զա­­­­­­­ծը կը թե­­­լադ­­­րէ։ Կրօ­­­նական ժո­­­ղովն ալ կա­­­թը թա­­­փած կա­­­տուի նման, նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանի մը վրայ (կա­­­թը բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանին վրայ թա­­­փած չէ), ի գործ կ՚ածէ այդ թե­­­լադ­­­րանքը։ Նե­­­րողու­­­թիւն ալ խնդրե­­­ցէք գո­­­նէ, ատ է որ կը վա­­­յելէ ձե­­­զի։

Գ. Ժո­­­ղավա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը հար­­­կա­­­­­­­ւոր նկա­­­տեցին ըն­­­դա­­­­­­­ռաջել պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թեան վասն բար­­­ւօք ըն­­­թացման ապա­­­գայի մէջ ցան­­­կա­­­­­­­լի Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թեան հա­­­մար։

Ու­­­րեմն դուք դեռ յո՞յս ու­­­նիք պատ­­­րիարա­­­քական ընտրու­­­թիւն կա­­­տարե­­­լու։ «ապա­­­գայի մէջ»։ Այդ ապա­­­գան Պոլ­­­սոյ թա­­­ղերէն մէ՞կն է, թէ Քաֆ լե­­­րան ետին գիւղ մը։ Ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը նա­­­խաճա­­­շին թէ­­­յը քիչ մը շատ խմած ըլ­­­լա­­­­­­­լու են կար­­­ծեմ։ Իսկ ին­­­չո՞ւ անոնք «հար­­­կա­­­­­­­ւոր նկա­­­տեցին ըն­­­դա­­­­­­­ռաջել պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թեան»։ Այդ մա­­­սին ոչինչ ըսո­­­ւած է։ Սանկ բա­­­նայիք ու կար­­­դա­­­­­­­յիք գո­­­նէ թէ ինչ ըրած է նոյն այդ Կրօ­­­նական ժո­­­ղովը 1998-ին։ Թէ ձեր այնքան սի­­­րած ու յար­­­գած Մես­­­րոպ սրբա­­­զանը ինչպէս պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նած է կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան այդ թո­­­ւակա­­­նին կա­­­տարել փոր­­­ձած մի­­­ջամ­­­տութեան։ Թե­­­րեւս նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանին վրայ կա­­­թը շատ խմե­­­ցիք ու մոռ­­­ցա՞ք։ Եւ կե­­­ցուածք ու­­­նե­­­­­­­ցող նոյ­­­նիսկ մէ՛կ հո­­­գեւո­­­րական չե­­­ղաւ որ հրա­­­ժարէր այդ Կրօ­­­նական ժո­­­ղովէն։ Ո՛չ թէ նա­­­խաճա­­­շի, այլ չի­­­լին­­­կի­­­­­­­րի սե­­­ղան պէտք էր յի­­­շողու­­­թիւն մթագ­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Դուք ի՞նչ կը խմէիք նա­­­խաճա­­­շին, սի­­­րելի­­­ներ։

Ի դէպ, ո՛չ թէ բար­­­ւօք, այլ՝ բար­­­ւոք։

Դ. Ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը շեշ­­­տե­­­­­­­ցին նաեւ ի պա­­­տեհ ժա­­­մանա­­­կի Պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թիւն կա­­­տարե­­­լու անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը։

Մեր հա­­­մայնքի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը կը հրա­­­ւիրենք, որ հա­­­մայնքա­­­յին մեր խա­­­ղաղու­­­թիւնը գե­­­րադա­­­սեն ամէն տե­­­սակի անձնա­­­կան նկա­­­տառումնե­­­րէ եւ մտա­­­ծումնե­­­րէ։ Հե­­­ռու կե­­­նան վի­­­րաւո­­­րիչ, պա­­­ռակ­­­տիչ եւ ար­­­դէն բխրուն վի­­­ճակի մէջ գտնո­­­ւող հա­­­մայնքա­­­յին խա­­­ղաղու­­­թիւնը խան­­­գա­­­­­­­րող նա­­­խաձեռ­­­նութիւննե­­­րէ եւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րէ։

ԴԻ­­­ՒԱՆ ԿՐՕ­­­ՆԱԿԱՆ ԺՈ­­­ՂՈՎԻ

Շատ լաւ։ Հոն ուր հա­­­մայնքի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը կը հրա­­­ւիրէք՝ դուք հա­­­սա՞ծ էք ար­­­դեօք։ Երբ գանք՝ չենք ու­­­զեր տու­­­նը պա­­­րապ գտնել։ «Ան­­­կիրթ»ը «վի­­­րաւո­­­րի՞չ» «ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն» մըն է ար­­­դեօք։ Չե­­­ղեալ հռչա­­­կուած պաշ­­­տօ­­­­­­­նի մը կառ­­­չիլ ու հրա­­­ժարա­­­կան տալ խոս­­­տա­­­­­­­նալով հան­­­դերձ չհրա­­­ժարի­­­լը «անձնա­­­կան նկա­­­տառո՞ւմ» մըն է։ Չհրա­­­ժարիլ ու ամէն կերպ օրի­­­նաւո­­­րապէս ընտրեալ պաշ­­­տօ­­­­­­­նեայի գլխուն դեմոկ­­­լեան սու­­­րի մը պէս կա­­­խուիլն ու նեն­­­գութեամբ անոր իյ­­­նա­­­­­­­լուն հա­­­մար աշ­­­խա­­­­­­­տիլը «անձնա­­­կան մտա­­­ծո՞ւմ» է։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէ՛ս ըսէք որ գիտ­­­նանք մեր սահ­­­մաննե­­­րը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ անոնք բա­­­ւական ըն­­­դարձակ են եթէ ձեր օրի­­­նակին հե­­­տեւե­­­լու ըլ­­­լանք։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ





Bu haber Agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+