​Պաքուի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը Կառուցուած է Հայազգի Մայիլով Եղբայրներու Նուիրատուութեամբ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Գիզկան

Հայերէն :

16 Kasım 2017  

​Պաքուի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը Կառուցուած է Հայազգի Մայիլով Եղբայրներու Նուիրատուութեամբ -

​Պաքուի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը Կառուցուած է Հայազգի Մայիլով Եղբայրներու Նուիրատուութեամբ ​Պաքուի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը Կառուցուած է Հայազգի Մայիլով Եղբայրներու Նուիրատուութեամբ

20-րդ դարու սկիզբը, հայաշատ Պաքուն, ըլլալով Ռուսական Կայսրութեան ամենամեծ արդիւնաբերական կեդրոններէն մէկը, նշանաւոր եղած է նաեւ հայկական հարուստ քաղաքակրթութեամբ:

Այդ շէնքերէն մէկը Մայիլով եղբայրներուն կառուցած Օփերայի շէնքն է՝ այժմ Ատրպէյճանի պետական ​​ակադեմական օփերայի եւ պալէի թատրոնը: Շէնքը կառուցուած է հայազգի միլիոնատէր Մայիլով եղբայրներուն նիւթական ներդրումով: Կրտսեր եղբայրը՝ Իլիա Լազարեւիչ, բարձրորակ բժիշկ եղած է, իսկ աւագ եղբայրը` Դանիէլը` գործարար, հաշուապահութեան եւ առեւտրա-արդիւնաբերական կոմիտէի անդամ: Մայիլով եղբայրները խաւիարի յաջող առեւտուր ունէին՝ սեփական ձկնաբուծարաններով ու արտադրամասերով: Ռուսաստանի մէջ ալ անոնք նշանաւոր էին որպէս «Խաւիարային թագաւորներ»:Հայերը, ռուս եւ բազմազգ մահմետական բնակչութենէն ետք, քաղաքի երրորդ մեծագոյն ցեղային խումբը կը կազմէին: Քաղաքի ընկերային, մշակութային եւ գործարար կեանքին մէջ հայերը առաջնակարգ դիրք կը գրաւէին: Հայ ձեռնարկատէրներու շնորհիւ էր, որ Պաքուի մէջ քարիւղի արդիւնաբերութիւնը սկսած էր զարգանալ: Հայ գործարարներու եւ ճարտարապետներու յատակագիծերով կառուցուած շէնքերը Պաքուն կը զարդարեն մինչեւ օրս:

Բաւական հետաքրքրական է իմանալ, թէ անոնք ինչո՛ւ յանկարծ որոշեցին թատրոն կառուցել:

«Մայիլով եղբայրներու օփերային տուն»ին հետ կապուած գեղեցիկ, բայց չհաստատուած առասպել մը գոյութիւն ունի:

Առասպելին համաձայն, 1910-ին Պաքու ժամանած է հանրածանօթ երգչուհի մը, որուն գեղեցկութիւնն ու հրաշալի ձայնը հմայած են աւագ Մայիլովը: Գեղեցիկ երգչուհին համերգներ տուած է Բիրժա փողոցին մէջ, կրկէսի փայտեայ շէնքին մէջ, ապա ձմեռնային ակումբներուն մէջ: Պաքու կատարած իր այցելութեան աւարտին խաղատուներէն մէկուն մէջ երգչուհիին պատւոյն յատուկ հրաժեշտի երեկոյ մը կազմակերպուած է, որուն ընթացքին անոր հարցուցած են, թէ յաջորդ անգամ ե՞րբ կը վերադառնայ Պաքու:

«Հաւանաբար երբե՛ք, որովհետեւ ես վարժ չեմ կրկէսներու եւ խաղատուներու մէջ երգելու», պատասխանած է երգչուհին: «Ձեր հրաշալի քաղաքին մէջ չկա՞ն արդեօք հարուստ մարդիկ, որոնք միջոցներ կը տրամադրեն կառուցելու օփերայի տուն մը, ուր երաժիշտները կրնան ցոյց տալ իրենց հմտութիւնները», հարցուցած է երգչուհին:

Մայիլով ճիշդ տարի մը ետք, կրկին հրաւիրած է զինք Պաքու` մասնակցելու բացման արարողութեան օփերայի այն թատրոնին, որ պիտի կառուցուէր ի պատիւ երգչուհիին:

«Վերածնունդի» ոճով թատրոնին նախագիծը մշակած է քաղաքացիական ճարտարագէտ Բաեւ: Հայազգի Նիքոլայ Գէորգիեւիչ Բաեւ ծնած է 1875-ին Աստրախան: 1911-էն աշխատած է որպէս Պաքուի քաղաքային կառավարութեան գլխաւոր ճարտարապետ: Այս միջոցին, ան կառուցած է մէկէ աւելի շէնքեր Պաքուի մէջ, օրինակ, Ատրպէյճանի օփերայի եւ պալէի թատրոնը, Սափունչու կայանը, Հայկաշէնի բնակելի թաղամասը (Արմէնիքէնթ) եւ այլ կառոյցներ:

Դրամատիրական դարաշրջանին կառուցուած թատերական շէնքերու շինարարութեան պատմութեան մէջ Մայիլովներու թատրոնը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ ան կառուցուած է կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Շուրջ 1800 մարդ ընդունող այս շէնքը կառուցուած է ընդամէնը 10 ամսուան ընթացքին:

28 Փետրուար 1911-ին տեղի ունեցած է Պաքուի օփերայի եւ պալէի թատրոնին բացումը: Աւագ Մայիլով եղբօր հրաւէրով Պաքու ժամանած է վերոյիշեալ երգչուհին: Բացման մասնակցած են նաեւ քաղաքի մեծահարուստ մարդիկ, երաժիշտներ ու դերասաններ:

Թատրոնի բացման առիթով, երգչուհին, որուն շնորհիւ Պաքուի մէջ յայտնուեցաւ այս հիանալի թատրոնը, յատուկ համերգ տուած է: Երբ ան համերգը աւարտած է, փողը անձրեւի նման տեղացած է վրան: Մայիլով իր կարգին անոր նուիրած է ծաղկեփունջեր, որոնք հաւաքուած են 25, 50 եւ 100 մանաթ թղթադրամներէ, կը գրէ «Աւիթաս.ռու»ն:

Հայ առեւտրականներու գումարներով եւ հայ տաղանդաւոր ճարտարապետներու նախաձեռնութիւններով Պաքուի մէջ կառուցուած են նաեւ հիւանդանոցներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ այլն: Ցաւօք, դրացի մայրաքաղաքի ձեւաւորման ու զարգացման գործընթացին հայերու մասնակցութիւնը վկայող փաստաթուղթերու մեծ մասը այժմ պահուած է կամ նոյնիսկ ոչնչացուած է ատրպէյճանական արխիւներէն…:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+