Պիթլիսի Կարմրակ Սուրբ Նշան Եկեղեցին Ձգուած է Բախտի Քմահաճոյքին -
Պիթլիսի Կարմրակ Սուրբ Նշան Եկեղեցին Ձգուած է Բախտի Քմահաճոյքին
Կարմրակ Սուրբ Նշան հայկական եկեղեցին մատնուած է անուշադրութեան, որու հետեւանքով քանդուած են եկեղեցւոյ գմբէթն ու ներսի սիւները: Կիսատ մնացած են Ժողովրդավար շրջաններ կուսակցութեան կողմէ քաղաքապետարանին ներկայացուած եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատաքներն ու հոգաբարձուի նշանակման գործը, կը հաղորդէ «Ակունք»-ը՝ վկայակոչելով mezopotamyaajansi.com-ը:
Պիթլիսի կեդրոնական Հէրսան թաղամասի Քուրուպուլաք փողոցին մէջ գտնուող Կարմրակ Սուրբ Նշան հայկական եկեղեցւոյ տարածքի սեփականատէրը փոխուած է, սակայն եկեղեցւոյ վիճակը մնացած է նոյնը: 1921-ին եկեղեցիին պատկանող տարածքը յանձնուած է տեղի ծխախոտի գործարանին: Մինչեւ 1990-ականները կանգուն մնացած են թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ անոր գմբէթը, սակայն յետագային, անուշադրութեան մատնուելու հետեւանքով, ներսի սիւները սկսած են քանդուելու: 6 տարի առաջ ալ փլած են 4 մեթր բարձրութիւն ունեցող ուղղանկիւնաձեւ եկեղեցւոյ որմնանկարներով սիւները:
Ժողովրդավար շրջաններ կուսակցութենէն (ԴՇԿ) Պիթլիսի փոխքաղաքապետ նշանակուած Յուսէին Օլանը ըսած է, որ եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները սկսած են, սակայն հոգաբարձու չնշանակուելու հետ մէկտեղ կիսատ մնացած են նաեւ վերականգնման աշխատանքները:
ԴՇԿ-ի կողմէ քաղաքապետարանին ներկայացուած նախաձեռնութիւնները արդիւնք չեն տուած
Օլանը նշած է, որ դիմած է Արեւելեան Անաթոլիոյ զարգացման գործակալութեան (DAKA) (ան պէտք է եկեղեցւոյ վերականգնման համար նախագիծ պատրաստէր)` եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներն արագացնելու պահանջով: Բացի այդ` Օլանը այցելած է Թուրքիոյ Հայոց պատրարքութիւն ու հանդիպում ունեցած արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանի հետ: Բայց երբ հոգաբարձու նշանակելու գործը կիսատ մնաց, իսկ Օլանը ձերբակալուեցաւ, վերականգնման աշխատանքներու ուղղութեամբ ներդրուած ջանքները ապարդիւն անցան: Օլանը կը ձգտէր եկեղեցին վերածելու քաղաքային թանգարանի, սակայն դիմումի պատասխանը չստանալու պատճառով եկեղեցին դեռ կը մնայ որպէս աղօթատեղի:
Աշխատանքային մեքենաները կը կայանեն եկեղեցւոյ շրջակայքը
Եկեղեցւոյ շրջակայքը քաղաքապետարանի աշխատակիցներու մեքենաներու կայանատեղին դարձած է, քաղաքապետարանին պատկանող տարբեր աշխատանքներ կատարելու համար նախատեսուած մեծ մեքենաները եւս կը կայանուին եկեղեցւոյ մօտ, որուն պատերը ճաքած են ու կը գտնուին աւերուած վիճակի մէջ: Եկեղեցւոյ բոլոր պատերը կառուցուած են հարթ քարերով: Անոր երկու դռները գանձ որոնողներու ու քանդումներու պատճառով ջարդուած են, իսկ կանգուն մնացած դուռն ալ այնպիսի վիճակի մէջ է, որ վաղ թէ ուշ պիտի ջարդուի: Եկեղեցւոյ մուտքի դրան ձախ կողմը գտնուող պատը մէկ կողմ թեքուած է եւ ամէն վայրկեան կրնայ փուլ գալ: Եկեղեցւոյ պատերուն խփուած բազմաթիւ մեխերն ալ ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կը ջնջուի եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Թարգմանեց Անի Մելքոնեանը
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com