Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եազիժի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը -
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եազիժի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը
14 նոյեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Եազիժի պատրիարքին կողմէ պատգամ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com