​Քաղաքականութեան մասին գրէ՝ ըսին. գրեցի. ահաւասի՛կ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

09 Kasım 2017  

​Քաղաքականութեան մասին գրէ՝ ըսին. գրեցի. ահաւասի՛կ -

​Քաղաքականութեան մասին գրէ՝ ըսին. գրեցի. ահաւասի՛կ ​Քաղաքականութեան մասին գրէ՝ ըսին. գրեցի. ահաւասի՛կ

Նախ­կին պոլ­սա­հայ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան Սե­ւան Ն­շա­նեան, որ ­Յու­լի­սին թրքա­կան բան­տէն փախ­չե­լէ ետք ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած էր, եր­կար ժա­մա­նակ ետք՝ Նո­յեմ­բեր 2ին, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծու­մի նո­ւի­րուած գրու­թիւն մը ստո­րագ­րած է իր ցան­ցա­տետ­րին (blog) մէջ, ինչ­պէս իր յօ­դո­ւա­ծին խո­րա­գիրն ալ կը վկա­յէ այդ մա­սին։
Ա­տի­կա ըլ­լա­լով թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­մատ­նե­րը ան­ցեա­լին եր­կա­րող եւ այ­սօ­րո­ւան ի­րա­վի­ճա­կին տուն տո­ւած պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին իւ­րա­յա­տուկ, խոր եւ խիստ շա­հե­կան վեր­լու­ծում մը, ո­րո­շե­ցինք մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել ամ­բող­ջու­թեամբ, թրքե­րէ­նէ թարգ­մա­նա­բար։
Յի­շեց­նենք նաեւ, որ Ն­շա­նեա­նի ցան­ցա­տետ­րը թուրք կայ­քա­հէն­նե­րու յար­ձակ­ման են­թար­կո­ւած էր։ Այս մա­սին իր է­ջին վրայ կը կար­դանք.- «ՆՈԹ. Այս ցան­ցա­տետ­րը 2017ի ­Յու­լիս 27ին խա­փա­նո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րուն կող­մէ, հին կա­պե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ ջնջո­ւե­ցան։ Հա­կա­ռակ ա­տոր, ձեր փնտռած գրու­թիւն­նե­րուն մեծ մա­սը ստո­րեւ կրնաք գտնել պատ­ճէ­նի ձե­ւով։ Իսկ ե­թէ ա­ւե­լին ու­զէք՝ 2017 Օ­գոս­տոս 5ի բո­վան­դակ ար­խի­ւին կա­պը կայ»։ Ն­շա­նեա­նի ցան­ցա­տետ­րին հաս­ցէն է. nisanyan1.blogspot.co.uk


«­Նոր ­Յա­ռաջ»

ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ
Պն­դու­մով կ­՚ը­սեմ, որ փոր­ձան­քին գլու­խը ­Թա­յի­փը չէ, թրքա­կան պե­տու­թեան քաղց­կե­ղա­յին կա­ռու­ցո­ւածքն է: ­Թա­յիփ ը­րաւ, ինչ որ պի­տի ը­նէր պա­տի­ւի եւ խղճի տէր ոե­ւէ մէ­կը. փոր­ձեց պայ­քա­րիլ այդ կա­ռոյ­ցին դէմ: ­Ձա­խո­ղե­ցաւ: Երբ հասկցաւ, թէ պի­տի չյա­ջո­ղի, ձեռ­քը թօ­թո­ւեց իր թշնա­միին եւ հա­մա­կեր­պե­ցաւ ա­նոր, այն­պի­սի ճկու­նու­թեամբ մը, որ­մէ պի­տի ամչ­նար պա­տո­ւար­ժան ոե­ւէ անձ (…որ, բայց թե­րեւս ալ, ճա­րա­հատ մնա­լու պա­րա­գա­յին՝ պի­տի ցու­ցա­բե­րէր նման կե­ցո­ւածք):
Ե­րե­ւու­թա­պէս, ան նոյ­նիսկ իր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պար­տադ­րեց ա­նոր:
Թէ իս­կա­պէս յա­ջո­ղե­ցա՞ւ պար­տադ­րել, վստահ չեմ:
Մի­թէ ե­նի­չէ­րի­նե­րը իր կամ­քին հպա­տա­կեց­նել կա­րե­նա­լո՞ւ աս­տի­ճան հմուտ դե­րա­սան մըն է:
Թէ ոչ՝ քա­ղա­քա­կան ա­նել դիր­քի մէջ յայտ­նո­ւած է եւ կը սպա­սեն, որ սպա­ռէ ինք­զինք, եւ օ­ձին իր հին մոր­թէն ձեր­բա­զա­տե­լուն օ­րի­նա­կով՝ պի­տի ճմռթկեն ու շպրտեն մէկ կողմ:
Ա­պա­գան ցոյց պի­տի տայ:

Յե­ղաշր­ջա­կան կա­ռոյ­ցը

1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն մին­չեւ 2009-2010 թո­ւա­կա­նը, ­Թուր­քիա ապ­րե­ցաւ յե­ղաշրջ­ման սպառ­նա­լի­քի շու­քին տակ:
«­Յե­ղաշր­ջում» ը­սե­լով՝ խնդրեմ մի՛ հասկ­նաք ­Յու­լիս 15ի նման օ­փե­րէ­թա­յին յե­ղաշր­ջում մը (գի­շե­րով թռա­նէն տա­սը հո­գի կ­՚իջ­նէ, ձայն-հե­ռա­տե­սի­լի TRT կա­յա­նը կը գրա­ւէ, հա­ղոր­դա­վա­րու­հին գե­րի կ­՚առ­նէ, ­Մա­լա­թիոյ հրա­մա­նա­տա­րը սխալ ան­ձե­րէ հրա­հանգ­ներ կը ստա­նայ եւ այլն):
Մ­տա­ծե­ցէք իշ­խա­նու­թիւ­նը մնա­յուն կեր­պով ձեռք ան­ցը­նե­լու մտա­դիր կազ­մա­կեր­պեալ կա­ռոյ­ցի մը մա­սին, որ այդ նպա­տա­կին հա­մար ուժ գոր­ծադ­րե­լու եւ ա­կօս-ա­կօս ա­րիւն հո­սեց­նե­լու չի վա­րա­նիր:
Յու­լիս 15ի փոր­ձին հե­ղի­նակ­նե­րը պե­տա­կան ա­պա­հո­վու­թեան մար­մին­նե­րուն մէջ բոյն դրած, «հայ­րե­նիք-ազգ»ի եւ «Ա­թա­թիւրք՝ դուն կանգ­նէ, ես մեռ­նիմ»ի նման բնա­բան­նե­րով ու­ղեղ­նե­րը թանձ­րա­ցուած­նե­րու խմբակ մըն էր: Ի­րենց իշ­խա­նու­թիւնն ու ըն­կե­րա­յին մե­նաշնորհ­նե­րը կորսնց­նե­լու մտա­վա­խու­թիւնն ու­նէին փո­փո­խո­ւող աշ­խար­հին մէջ:
Ա­նար­դար ալ չէր այդ վա­խը:
Ի­րենց գո­յու­թեան ա­մե­նա­մեծ սպառ­նա­լիք­նե­րը Ա­րեւ­մուտ­քէն կու գա­յին: Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ծրա­գի­րը ի­րենց հա­մար մա­հա­ցու վտանգ կը ներ­կա­յաց­նէր. ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յատ­կա­պէս Գ­լին­թը­նի եւ Օ­պա­մա­յի ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն իւ­րա­ցու­ցած ա­զա­տա­կան խօ­սոյ­թը (discours) ի­րենց իշ­խա­նու­թեան սպառ­նա­ցող հիւ­ծող թթու էր: Այս պատ­ճա­ռով ալ, ո­րոշ ժա­մա­նակ Ա­րեւ­մուտ­քի տե­ղա­կան դաշ­նա­կի­ցի եւ բան­բե­րի դե­րը ստանձ­նած Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ըն­կա­լե­ցին որ­պէս սա­տա­նա­յին՝ աշ­խար­հա­յին մարմ­նա­ցու­մը:
Ե­րա­զե­ցին ի­րենց ղե­կա­վար­նե­րը կա­խել, ցի­ցե­րու վրայ նստեց­նել եւ ի­րենց դիակ­նե­րը շու­նե­րուն նե­տել իբ­րեւ կեր: Ը­րին հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ, խո­չըն­դո­տե­լու հա­մար Քր­տա­կան, ­Հայ­կա­կան, Կիպ­րա­կան հար­ցե­րուն մէջ «բաց­ման» փոր­ձե­րը:
Թե­րեւս Ա.Մ.Ն. ղե­կա­վա­րու­թեան մէկ թե­ւին ա­նըմբռ­նե­լի ան­հե­ռա­տե­սու­թեամբ՝ ­Թուր­քիոյ մէջ կա­ռու­ցա­յին վե­րա­փոխ­ման գոր­ծա­կա­տա­րի դե­րը ան­հե­թեթ ա­ղան­դի մը վստա­հե­լու փոր­ձը, Ա.Մ.Ն.ի նկատ­մամբ յե­ղաշր­ջու­մի կողմ­նա­կից­նե­րուն տա­ծած ա­տե­լու­թեան գէթ փսոր մը ար­դա­րաց­ման նպաս­տեց:
Ա­րեւ­մուտ­քին թի­կունք դարձ­նե­լու ի­րենց դիր­քո­րոշ­ման մէջ ար­դեօք դեր խա­ղա­ցա՞ծ են նաեւ Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին յե­տա­դի­մու­թեան կամ փլուզ­ման մա­սին բա­նա­կան կամ մա­սամբ բա­նա­կան կարգ մը հա­շիւ­ներ ալ: ­Չեմ գի­տեր: Ե­թէ կ­՚ակն­կա­լես, որ 1945էն յե­տոյ հաս­տա­տո­ւած հա­մաշ­խար­հա­յին ա­մե­րի­կա­կեդ­րոն կար­գը 20 տա­րո­ւան մէջ տակ­նուվրայ պի­տի ըլ­լայ՝ Թուր­քիոյ նա­ւուն ու­ղե­գի­ծը դէ­պի ո՞ր ուղ­ղու­թեամբ կը ճշդես: Կ­՚ար­ժէ խորհր­դա­ծել:
Յա­մե­նայն դէպս, ա­նոնց նպա­տակն էր վերջ տալ ­Թուր­քիոյ 180ա­մեայ ա­րեւմ­տեան ար­կա­ծախնդ­րու­թեան: Ա­տոր սի­րոյն, չվա­րա­նե­ցան դառ­նա­լու դէ­պի այս­քան տա­րո­ւան թշնա­մին՝ ­Ռու­սաս­տա­նը:
Չի­նաս­տա­նի, Ի­րա­նի մա­սին քմայք­ներ յօ­րի­նե­ցին: Ի­րենք ի­րենց հա­ւա­տա­ցու­ցին, որ ա­ռան­ձինն աշ­խար­հին աս­պա­րէզ կրնայ կար­դալ ի­րենց եր­կի­րը, որ նշո­ւե­լու ար­ժա­նի ո­րե­ւէ ար­տադ­րու­թե­նէ եւ բնա­կան պա­շա­րէ զուրկ է, ո­րուն ո­րա­կեալ տար­րե­րը պատ­րաստ են ա­ռա­ջին ա­ռի­թով ար­տա­սահ­ման փախ­չե­լու, ո­րու բա­նա­կը վեր­ջին ե­րեք հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կորսն­ցու­ցած է իր մղած գրե­թէ բո­լոր մար­տե­րը:
Բա­ցի պիւ­րոք­րա­թա­կան (դի­ւա­նա­կա­լա­կան) հա­մա­կար­գի ա­ժան հե­րո­սու­թե­նէն եւ բա­րո­յա­կան այ­լա­սե­րու­մէն, մտա­ւո­րա­կան ոչ մէկ հան­դեր­ձանք ու­նէին ա­նոնք: ­Կը հա­ւա­տա­յին, որ ե­թէ խնդրոյ ա­ռար­կան հայ­րե­նիքն է՝ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ի­մա­ցու­թիւ­նը, յա­րակ­ցու­թիւ­նը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ են:
Շատ տգէտ էին:
Երկ­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ա­րեւմ­տա­կա­նու­թեան բո­լոր հիմ­քե­րը քան­դե­լու հա­մար, թուրք ազ­գին ծի­նե­րուն մէջ ներ­գոր­ծո­ւած «կեա­ւուր»ի ա­տե­լու­թիւ­նը վար­պե­տօ­րէն քե­րե­ցին: ­Կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ յա­ջո­ղե­ցան ­Թուր­քիան վե­րա­ծե­լու այն երկ­րին, ուր Ա.Մ.Ն.ի եւ Եւ­րո­պա­յի նկատ­մամբ թշնա­մու­թիւ­նը ա­մէ­նէն խիտ ձե­ւով կը ցո­լա­նայ հան­րա­յին կար­ծի­քին մէջ: Ա­րեւ­մուտ­քը թշնա­մի էր, մութ դա­ւե­րու եւ թա­քուն նպա­տակ­նե­րու օր­րանն էր ի­րենց հա­մար:
Սա­տա­նան վա­նե­լու հա­մար՝ հսկայ դրօ­շակ­ներ տնկե­ցին լեռ­նե­րու, գա­գաթ­նե­րու եւ հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ:
Խե՜ղճ Ա­թա­թիւր­քը գոր­ծա­ծե­ցին իբ­րեւ սրբա­պատ­կեր եւ հա­մա­յիլ՝ ան­հա­ւատ Եւ­րո­պա­յի դէմ ի­րենց հռչա­կած ճի­հա­տին մէջ:
Ըստ ձե­զի՝ այս­քա­նէն ետք դեռ զար­մա­նա­լի՞ է, որ այս ճի­հա­տի հու­րին մէջ, ա­րիւ­նի թաթ­խո­ւած եւ գորշ գայ­լե­րով օժ­տո­ւած տե­սակ մը իս­լա­մա­կան հե­րո­սու­թիւ­նը ձեռք ան­ցու­ցած ըլ­լայ երկ­րին հա­սա­րա­կաց հի­ւանդ տես­լա­կա­նը:

Չ­բա­ւեց, բայց ա­յո՛

Ես կը հա­ւա­տամ, որ իր մղած պայ­քա­րին մէջ Էր­տո­ղան գո­նէ մին­չեւ ո­րոշ կէտ մը ան­կեղծ էր: Ս­կիզ­բէն ի վեր ա­նո՞նց մարդն էր: Այն­պի­սի շրջա­դարձ մը կա­տա­րեց, որ եր­բեք չէի՞ք ե­րե­ւա­կա­յեր:
Չեմ կար­ծեր:
Ի­րա­կան աշ­խար­հին մէջ ոչ ոք կրնայ այս աս­տի­ճան սա­տա­նա­յա­կան ծրագ­րեր մշա­կել, եւ նոյ­նիսկ ե­թէ ծրագ­րէ ալ՝ չի կրնար ա­ւար­տին հասց­նել:
Յա­մե­նայն դէպս, ճիշդ եւ անհրա­ժեշտ էր ի­րեն զօ­րակ­ցիլ, այն­քան ա­տեն որ ան կը հան­դի­սա­նար ա­րեւմ­տեան դա­շին­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընդ­դէմ այդ չա­րա­միտ­նե­րուն: Ես ա­ջակ­ցե­ցայ, քո­ւէս ալ տո­ւի: Ե­թէ ժա­մա­ցոյ­ցը վե­րա­դարձ­նէք 2007 կամ 2009 թո­ւա­կան­նե­րուն, կրկին նոյ­նը կ­՚ը­նեմ:
Թուր­քիոյ մէջ, քա­ղա­քակր­թու­թեան (=ա­րեւմ­տա­կա­նու­թեան) դա­տին լրջու­թեամբ մօ­տե­ցող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնն ալ ին­ծի նման մտա­ծեց:
Կ­՚ան­գի­տա­նա­յի՞նք վտանգ­նե­րը: Ան­շուշտ՝ ո՛չ: Էր­տո­ղա­նի մտա­յին պա­շա­րը ան­բա­ւա­րար էր. միւս­նե­րուն ազ­գա­յին եւ կու­րօ­րէն հե­րո­սա­կան նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէն չէր մաք­րազտո­ւած: Յա­ջող ռազ­մա­վար էր, սա­կայն հե­ռա­տես չէր: Իր խում­բը կը բաղ­կա­նար եր­րորդ դա­սա­կար­գի գիւ­ղա­քա­ղա­քա­յին քա­ղա­քա­գէտ­նե­րէ եւ ա­ռաւ-փա­խաւ բո­րե­նի­նե­րէ (եւ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի նման գլու­խը պա­րապ փչան­նե­րէ/զէվ­զէկ­նե­րէ):
Թէ ար­դեօ՞ք ան­կեղծ էր Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ՝ չեմ գի­տեր: Սա­կայն, վստահ եմ որ ան­կեղծ ջանք ներդ­րաւ Քր­տա­կան, ­Հայ­կա­կան եւ ­Կիպ­րա­կան հար­ցե­րը լու­ծե­լու հա­մար: ­Գի­տեմ, որ մին­չեւ 2014ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րը ան փայ­փա­յեց Քր­տա­կան երկ­րին խա­ղա­ղու­թիւն պար­գե­ւող ա­ռա­ջին ան­ձը ըլ­լա­լու ե­րա­զը: Ափ­սո՜ս, որ չու­նէր այդ ե­րա­զը ի­րա­գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշտ մտա­հո­րի­զո­նը, հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը, պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու խում­բը եւ ու­ժը:

Պատ­մա­կան շրջա­դարձ

Պե­տու­թեան մէջ բոյն դրած քաղց­կե­ղա­յին կա­ռոյ­ցը քան­դե­լու հա­մար 2007էն սկսեալ ձեռ­նար­կեց հսկայ պայ­քա­րի: Չկր­ցա՛ւ: Ին­չո՞ւ չկրցաւ: ­Թե­րեւս կամ­քը ան­բա­ւա­րար էր: ­Թե­րեւս հասկ­ցաւ, որ քաղց­կե­ղա­յին կա­ռոյ­ցը, վի­րա­հա­տու­թեան չհան­դուր­ժե­լու աս­տի­ճան, պա­տած է մար­մի­նը: ­Թե­րեւս չկրցաւ վստա­հիլ իր դաշ­նա­կից­նե­րուն եւ տե­սաւ, որ պի­տի դա­ւա­ճա­նեն ի­րեն:
Ըստ իս՝ շրջա­դար­ձա­յին կէ­տը հան­դի­սա­ցաւ 2010 ­Սեպ­տեմ­բե­րի հան­րա­քո­ւէին ան­մի­ջա­կան վա­ղոր­դայ­նը:
Մօ­տա­ւո­րա­պէս այդ օ­րե­րուն սկսաւ Էր­տո­ղա­նի մա­հո­ւան թռիչ­քը:
Մինչ յե­ղաշր­ջու­մը կը սպա­սո­ւէր ­Քե­մա­լի հա­մա­յի­լը կրող­նե­րէն, յե­ղաշրջ­ման ա­ռա­ջին փոր­ձը ե­կաւ 2012 ­Փետրո­ւա­րին իր դաշ­նա­կից­նե­րէն: 2013 ­Մա­յիս-­Յու­նի­սին ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ինք­նա­բուխ կեր­պով ծնունդ ա­ռած, սա­կայն կա­ռա­վա­րա­կան ճա­կա­տին մեծ ի­րա­րան­ցում պատ­ճա­ռած եւ կա­ռա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յին բուր­դի բա­րակ դեր­ձա­նէ մը կա­խո­ւած ըլ­լա­լու հա­ւատ­քը սնու­ցա­նող ապս­տամ­բու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ: 2013ին, ա­նոր հե­տե­ւած տե­սե­րիզ­նե­րու պա­տե­րազ­մին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ այն­պի­սի հրա­ցա­նաձ­գու­թիւն մը, որ­մէ բնա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ ժո­ղովր­դա­վար ոչ մէկ կա­ռա­վա­րու­թիւն կրնար ողջ դուրս ել­լել:
Խել­քը գլու­խը իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի «այս խա­ղը հոս կը վեր­ջա­նայ» ը­սած պահն էր ա­տի­կա:
Ես անձ­նա­պէս քա­նի-քա­նի­նե­րո՜ւ հետ գրա­ւի մտայ, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ե­րեք ա­մի­սէն կ­՚իյ­նայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: Եւ կորսն­ցու­ցի: Էր­տո­ղան չընկր­կե­ցաւ: ­Ֆութ­պո­լի պատ­մու­թեան մէջ իր նմա­նը քիչ ու­նե­ցող շրջա­դար­ձա­յին հա­րո­ւա­ծով մը գնդա­կը 180 աս­տի­ճան դար­ձուց, դեռ մին­չեւ ե­րէկ զինք եւ իր ըն­տա­նի­քը իւ­ղոտ ցի­ցե­րու վրայ նստեց­նել մտա­ծող­նե­րուն կող­մը ան­ցաւ եւ ա­նոնց միա­ցաւ: Էր­կէ­նէ­քո­նի հար­ցին մէջ թաթ­խո­ւած հրա­մա­նա­տար­ներ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան:
Քր­տա­կան ծրա­գի­րը, որ իր կեան­քի գլխա­ւոր ծրա­գիրն էր, մէկ­դի դրո­ւե­ցաւ: ­Նա­հա­տա­կի եւ ազ­գի դա­ւա­ճան­նե­րու ար­տադ­րու­թեան թափ տրուե­ցաւ, ամ­բողջ եր­կի­րը ա­րիւ­նով եւ դրօ­շով օժ­տո­ւե­ցաւ: ­Կիպ­րո­սի խա­ղա­ղու­թեան հար­ցը, որ կը հան­դի­սա­նար Եւ­րո­պա­յի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան բա­նա­լին՝ յե­տաձ­գո­ւե­ցաւ մին­չեւ Ծ­րա­զա­տիկ: ­Նախ Եւ­րո­պան, ա­պա Ա­մե­րի­կան թշնա­մի հռչա­կո­ւե­ցան: Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, ֆէթ­հուլ­լա­հա­կան­նե­րը ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լու զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու ծրա­գի­րին կա­նաչ ազ­դան­շան վա­ռո­ւե­ցաւ: Իսկ ա­տոր փո­խա­րէ՞ն: Ա­տոր փո­խա­րէն, ար­տօ­նու­թիւն տրո­ւե­ցաւ, որ ­Թա­յիփ շա­րու­նա­կէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը — հա­ւա­նա­բար նաեւ շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ -:
Կա­տա­րո­ւա­ծը խայ­տա­ռա­կու­թիւն է: ­Բա­րո­յա­կան գայ­թակ­ղու­թիւն է: ­Քա­ղա­քա­կան անձ­նաս­պա­նու­թեան քայլ մըն է: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ քա­ղա­քա­կան հան­ճա­րի մը գոր­ծը: ­Կը հե­տե­ւինք մեր շուն­չը բռնած:
Յե­ղաշր­ջու­մը, ո­րուն մա­սին կը խօ­սէինք գրու­թեան սկիզ­բը, այ­սօր ի­րա­գոր­ծո­ւած է: Ա­նոր (յե­ղաշրջ­ման — «Ն.Յ.») բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը այ­սօր իշ­խա­նու­թեան հա­սած են: ­Տա­րի­նե­րէ ի վեր ծրագ­րո­ւած ա­րիւ­նա­լի մաք­րա­գոր­ծու­մը քայլ առ քայլ գոր­ծադ­րո­ւած է եւ ներ­կա­յիս դեռ կը գոր­ծադ­րո­ւի: ­Քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին հետ Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը փճա­ցո­ւած են՝ դեռ բազ­մա­թիւ սե­րունդ­ներ ան­վե­րա­կանգ­նե­լի ըլ­լա­լու ձե­ւով: ­Քա­ռա­սուն տա­րիէ ի վեր ­Թուր­քիոյ մէջ քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ ա­րեւմ­տա­կա­նու­թեան բան­բե­րը հան­դի­սա­ցող իւ­րա­քան­չիւր անձ վախց­նե­լով՝ փախ­չե­լու մղած կամ ալ բանտ նե­տած են (եւ դժբախ­տա­բար չեմ կար­ծեր, որ այս­քա­նով ալ պի­տի գո­հա­նան):
2007-2008-2009ին յե­ղաշր­ջու­մի վտա-ն­գին դէմ ժո­ղո­վուր­դը եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ազ­դա­րա­րած գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու բո­լո՛­րը այ­սօր ցկեանս բան­տար­կու­թեան պա­հան­ջով կը դա­տո­ւին: ­Պե­տա­կան հրո­սա­կին ձեռ­քե­րը կա­պե­լով՝ գէթ դոյզն սան­ձող օ­րի­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան կա­պե­րը քա­կո­ւած են. ան­սահ­ման թա­լա­նի եւ ջար­դի դռնե­րը բա­ցո­ւած են մին­չեւ վերջ:
Միայն մէկ բան կայ, որ անս­պա­սե­լի էր. այն ան­ձը, որ այդ յե­ղաշր­ջու­մին թի­րա­խը եւ զո­հը ըլ­լա­լու կո­չո­ւած էր սկիզ­բը, այ­սօր կը յայտ­նո­ւի յե­ղաշրջու­մը գլխա­ւո­րո­ղի դիր­քին վրայ:
Ու Ա­թա­թիւրք… եւ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան (եւ Օս­ման օղ­լու ­Մեհ­մէտ Բ.) կողք-կող­քի կը զար­դա­րեն հա­մա­ցան­ցի վրայ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­ջոց­նե­րու բազ­մա­թիւ կայ­քե­րու պաս­տառ­նե­րը:

Հո­րի­զո­նին՝ 1918

Լաւ չ­՚ե­րե­ւիր այս ըն­թաց­քին վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը: ­Պատ­մու­թեան մէջ, նման ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու մէջ մտած բռնա­կալ­նե­րու գրե­թէ բո­լորն ալ, վաղ թէ ուշ, պա­տե­րազ­մի մէջ ներ­քա­շո­ւած են: Ան­խու­սա­փե­լի է, որ ա­սոնք եւս ի վեր­ջոյ այդ կէ­տին յան­գին:
Թուր­քիա չի կրնար շա­հիլ այդ պա­տե­րազ­մը: ­Հիթ­լէր ալ չէր կրնար շա­հիլ: Ոչ ալ ­Սատ­տամ: Ոչ ալ Էն­վէր: 1683ին ո­գի ի բռին ­Վիեն­նա­յի վրայ յար­ձա­կած ­Քէօփ­րիւ­լիւ­նե­րու վար­չա­կարգն ալ չէր կրնար շա­հիլ: Փ­լուզ­ման սե­մին հա­սած ըլ­լա­լով՝ Բ­րու­սիոյ վրայ յար­ձա­կած ­Նա­փո­լէոն Գ. ալ չէր կրնար շա­հիլ: ­Բո­լորն ալ ա­ղիո­ղորմ վեր­ջին յոյ­սով մը պա­տե­րազ­մի դի­մե­ցին, երբ անդ­րա­դար­ձան, որ այ­լեւս պի­տի չկա­րե­նան ղե­կա­վա­րել եր­կի­րը: Ի­րենց հետ միա­սին, ի­րենց եր­կիր­ներն ալ փլուզ­ման ա­ռաջ­նոր­դե­ցին:
Դժ­բախ­տա­բար նոյն բա­նե­րը կ­՚ե­րե­ւին հո­րի­զո­նին:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+