Զապէլ Եսայեան -
Զապէլ Եսայեան
20րդ դարասկիզբի լրագրող, բանաստեղծ եւ գրող Զապէլ Եսայեան ճանչցուած է աշխարհի ամէնէն անվախ 5 կիներէն մէկը՝ ամերիկեան Refinery29ի լրատուամիջոցի վարկածով:
Ըստ պարբերականին՝ «Եսայեան կնոջ անթերի օրինակ է, որ ապրած է այն ժամանակներուն, երբ շատ վտանգաւոր էր ցոյց տալ սեփական խելքն ու ուժը»:
2017ի Մարտին Զապէլ Եսայեանի անունով անուանակոչուեցաւ Փարիզի փողոցներէն մէկը,- կը գրէ «Sputnik Արմենիա»ն:
Զապէլ Եսայեան իր ժամանակներու ամենակրթուած հայուհիներէն եղած է: Ծնած է 1878ին Կ.Պոլիս: Սկզբնական կրթութիւնը ստանալով Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրոցին մէջ` ան տեղափոխուած է Փարիզ եւ շարունակած ուսումը Սորպոնի համալսարանին մէջ: 1900ին ան ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ 2 երեխայ ունեցած: 1908ին վերադարձած է Կ.Պոլիս` դառնալով հայերու հանդէպ թրքական իշխանութիւններու բռնութեանց ականատեսը: Ատանայի ջարդերու ատեն ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ 1909ին Եսայեան մեկնած է Կիլիկիա, «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ՝ աղէտին մասին: Կիլիկիոյ հայութեան ողբերգութիւնը նկարագրած է «Աւերակներու մէջ» (1911) պատմուածքներու գիրքով:
1915ին, խոյս տալով ձերբակալութենէն` ապաստանած է Պուլկարիա, ապա՝ Թիֆլիս, ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւններ հրատարակած է Պաքուի «Գործ» ամսագիրին մէջ: 1918 թուականին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու եւ ողբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը: Այդ տարիներուն գրած է «Վերջին բաժակը» (1916), «Հոգիս աքսորեալ» (1919) վիպակները, բողոքած է քաղաքական եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ:
1933ին Եսայեան հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան: Ան հրատարակած է յօդուածներ` նուիրուած գրականութեան ու արուեստի հարցերուն, կատարած թարգմանութիւններ: 1936ին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին կը յաջորդէ անոր ձերբակալութիւնը: Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները խօսուն են` նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքով: Անոր կեանքի ողբերգական աւարտը` ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչ այժմ անյայտ են:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com